ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Վերջերս, Լոս Անճելոսի մէջ, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ-ի) Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ անոր զինակիցներու՝ «ՀԲԸՄ Մանուկեան» երկրորդական վարժարանը փակելու որոշումին դէմ աղաղակող բողոքները արդարացի են։
Այն օրէն, երբ պարոն Սեդրակեան ստանձնեց ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը, կազմակերպութիւնը սկսեցաւ շեղուիլ հայկական կրթութիւն ապահովելու իր տասնամեակներու առաքելութենէն:
1991 թուականէն ասդին, ՀԲԸՄ փակած է բազմաթիւ ամենօրեայ վարժարաններ.

  • 1991-ին՝ «ՀԲԸՄ Ալեք եւ Մարի Մանուկեան»ը Տիթրոյթի մէջ։
  • 2005-ին]– Կիպրոսի Մելքոնեան Կրթական Հաստատութիւնը։
  • 2018-ին]– ՀԲԸՄ Թօրոնթոյի Արմեն մասնաճիւղը:
    Իսկ Էտմոն Եդուարդ Ազատեանի գլխավորությամբ՝ Թէքէյեան Մշակութային Միութիւն-ԹՄՄ-ը փակեց Լոս Անջելեսի Արշակ Տիգրանեան ամենօրեայ վարժարանը:
    Իսկապէս քովելի է, որ «Արշակ Տիգրանեան»ի խոշոր բարերաներէն Պր. Պետրոս Տաղլեան, վարժարանի բազմաթիւ ծնողներու հետ պայքարեցաւ որպէսզի չի փակուի։ Ան նոյնիսկ առաջարկեց որ ԹՄՄ-ի ղեկավարները գլխաւորութեամբ՝ Էտմոն Ազատեանի, դպրոցի շէնքը սրտացաւ ծնողներու խմբաւորութեան մը վաճառեն որպէսզի հայ դպրոցը չի փակուի։ Սակայն Ազատեան եւ իր մեղսակիցները փորձեցին ամենաբարձր գումարով հեռանալ եւ մերժեցին որ դրպոցն ու կալուածը Հոլիվուտի հայութեան հովանիին տակ մնան։ Ագահութիւնը զիրենք կուրցուցած էր։
    Վաճառելէ ետք, «խնճոյքով» մը անամօթաբար «տօնեցին» վաճառքը եւ այդ վաճառքէն ձեռք բերուած շահոյթը, իրարու պատւոյ փայտեր նուիրելով։
    Խոստացան որ նոր դպրոց մը պիտի բանան Լոս Անճելոսի մէջ։ Տարիներ անցան եւ ոչ մէկ հայ դպրոց բացուեցաւ։ Մինչեւ հիւմա, ո՛չ դպրոցին, ոչ ալ բազմամիլիոն գումարին հետքն անգամ չի կայ։
    Ներկայիս, Հոլիվուտի մէջ, հայկական ամենաօրեայ վարժարան յաճախել փափաքող այնք՜ան հայ ուսանողներ կան որոնք հերթի կը սպասեն որպէսզի տեղաւորուին գոյութիւն ունեցող մէկ այլ հայկական վարժարանի մը մէջ։
    Հիմա, ըստ երեւոյթին մեր ազգին գոյութեան վտանգ ներկայացնողները ոչ թէ միայն ծայրայեղ-ցեղապաշտական թուրքերն են այլ նաեւ մեր ներքին հայախօս, սակայն էութեամբ հակահայ թշնամիները յանձինս՝ Պերճ Սեդրակեանի, Սինան Սիանեանի, Վիգէն Յովսէփեանի, Արք. Յովնան Տէրտէրեանի, Թուքիա որպէս «տուրիստ» այցելող Նօրա Յովսէփեանի, Էտմոն Ազատեանի եւ իրենց ետին կանգնած՝ Սորոսի եւ թրքական «գորշ գայլերու» նման հակահայ մութ ուժերու։ Երեւի հայաքանդման «ակումբ» մը բացած են։
  • Մի հաւատաք կոկորդիլոսի արցունք թափող, նեխած «ղեկավարներ»ու պատճառաբանութիւններուն եւ դատարկ խոստումներուն։ Արդեն ներկայիս փաստ է, որ անոնք կանխամտածուած ձեւով գոյութիւն ունեցող հայ վարժարաններու որակը ցած կը տանին, որպէսզի աշակերտներու թիւը նուազի, ու յետոյ իրենք պատրուակեն, որ աշակերտներու թիւը պակսած է եւ ֆինանսական «խոշոր» վնասներ կան։ Եթէ իրենց ըսածը իրականութիւն ըլլար ինչու՞ բազմաթիւ հայկական այլ վարժարաններ կը գոյատեւեն։ Այո դրամկան շահոյթ չեն ապահովեր իրենց պատկանած կազմակերպութիւններուն համար բայց շատ յաճախ վնաս ալ չեն տար եւ հայեցի դաստիարակութեան ու հայակերտման առաքելութիւնը լաւագոյնս կþիրականացուի։
    Ինչու՞ կարգ մը կազմակերպութիւններ յաջողակ են եւ ՀԲԸՄ-ի, ԹՄՄ-ի, Արեւմտեան Թեմի նման ուրշներ ձախողութեան եւ աւերուածութեան ճամբան բռնած են։ Պարզ է։ Յաջողած կազմակերպութիւնները դեռեւս անդամներու կողմէ թափանցիկութեամբ եւ հաշուետւութեամբ կþառաջնորդուին։ Իսկ ձախողածները առեւանգուած են մէնատիրական տարրերու կողմէ եւ պարզ անդամները կա՛մ դուրս շպրտուած են կա՛մ սիստեմատիկ կերպով տկարացուած են եւ կը շարունակուին չարաշահուիլ։
    Եթէ ազգադաւ Սեդրակեան, Սիանեան, Արք. Տէրտէրեան, Ազատեան եւ իրենց նմանները առաջին անգամէն պատժուած ըլլային, այսքան աներես եւ հանդուգն պիտի չի դառնային։
    Հայ եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Արք. Յովնան Տէրտէրեան նորերը կառուցելու կեղծ պատրուակի տակ փակած է հայկական եկեղեցիներ:
    Այս կազմակերպութիւնները միլիոնաւոր տոլարներով վաճառած են դպրոցի կամ եկեղեցւոյ անշարժ կալուածները եւ յայտնի չէ թէ որտեղ կը գտնուին այդ գումարները:
    Եթէ այս չարագործները պատասխանատւութեան ենթարկուէին եւ ստուգուէին, ապա անոնք այսքան չէին խրախուսուիլ ու համառօրէն շարունակել իրենց ազգաքանդ արշաւը ոչնչացնելու հայկական ժառանգականութիւնը, քանդելու հաւատքի եւ կրթութեան ամրապնդման եւ պահպանման նուիրուած հաստատութիւնները:
    Հիմա ուշ չէ։ Տօքթ. Յարութ Մեսրոպեանի ըսածին նման, «ասոնք պէտք է բոլորն ալ մէկ տոպրակի մէջ դրուին» ու մեր սիրելի կազմակերպութիւններէ հեռացուին իրենց մանկլաւիկներով եւ կամակատարներով։ Միայն այն ժամանակն է որ մեր ժողովուրդը կրնայ լիակատարօրէն պաշտպանուիլ եւ զարգանալ ու հզօրանալ։ (էջ 4-5ի մէջ տեսէք պատճենը օրուան հրատապ խնդրին հետ առնչուող այն հեռուստային զրոյցին, որ կատարուեցաւ Աբօ Չափարեանի կողմէ երկու գիտակից զրուցակիցներու հետ. Տօքթ. Յարութ Մեսրոպեան եւ Արսինէ Շիրվանեան: Երկուքն ալ Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան շրջանաւարտներէն են։)
    Ուրախալի եւ գովելի է, որ մեծ թիւով ամերիկահայեր զօրաշարժի ենթարկուած են իրենց ինքնութիւնը, մշակույթն ու ժառանգութիւնը ներքին թշնամիներէն փրկելու համար:
    Կենսական է որ բոլորս մասնակցինք եւ միասնաբար մեր ցասումն ու արդար պահանջները արտայայտենք ու ակտիվօրէն հետապնդենք։
    Ի՞նչ օգուտ ունի «Հայ Դատ»ի համար պայքարիլ եւ յաղթանակներ ապահովել երբ մեր երիտասարդութեան թեւ-դիկունք չենք կանգնիր։
    Հարկաւոր է որ մեր հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդը որակաւոր սերունդափոխում իրականացնէ ամենուրեք։
    Հարկաւոր է ոչ միայն վերաբանալ փակուածները, այլ կենսական է որ իւրաքանչիւր 10, 20, 25 հազար հայու համար ամենօրեայ հայկական վարժարան մը բանալ։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *