Աբօ Չափարեան. Բարի երեկո սիրելի հայրենակից-ներ, այսօր կը գտնուինք AMGA TV հեռուստակա-յանի մէջ եւ մեր այսօրուայ հիւրերն են Տօքթ. Յարութ Մեսրոպեան եւ Արսինէ Շիրվանեան: Տօքթ.ը եւ տիկին Շիրվանեանը Մել-քոնեան Կրթական Հաստա-տութեան շրջանաւարտ-ներէն են, որոնք տարիներէ ի վեր կը պայքարին Մելքո-նեան Հաստատութեան վե-րաբացման համար, իսկ թէ ի՞նչ կը վերաբերի մեր այսօրուայ զրոյցին, գլխա-ւոր նիւթը այն է, որ մի քանի օր առաջ, մեր ազգը աշ-խարհով մէկ, հայրենիքի մէջ եւ Սփիւռքի մէջ տօնեց նորագոյն յաղթանակը ԱՄՆ Քոնգրեսէն ներս երբ Հայոց Ցեղա-ըսպանութեան նուիրուած բանաձեւ մը շռնդալից եւ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վաւերացուեցաւ Քոնգրեսէն ներս, բայց այդ ուրախութիւնը կարծէք թէ պղտորեցաւ, երբ գրեթէ նոյն ժամանակը AGBU-ն տխուր լուր մը յայտարարեց, որ Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան բարձրագոյն վարժարանը պիտի փակուի եւ փակման տխուր լուրը զայրոյթի զօրաւոր ալիք բարձրացուց ամերիկահայե-րու մօտ, եւ անշուշտ, այդ ուղղութեամբ պայքարը կը շարունակուի, որպէսզի եւս մէկ հայկական վարժարան մը չի փակուի: Ուրեմն այս նիւթի վերաբերեալ, խօսքը ուղղելով հիւրերուն) Շնորհակալ ենք, որ տօքթ. Մեսրոպեան եւ Արսինէ, մեր հիւրը ընդունե-ցիք ըլլալ եւ ներկայ գտնուիլ: Շատ կենսական է, որ դուք ալ ձեր տեսակէտը յայտնէք այս եղելութեան մասին:
Արսինէ Շիրվանեան. Առա-ջին հերթին շնորհակալ եմ, որ հոս մեզի այսօր հրաւիրած էք: Ցաւալի է այս լուրը. նախ ոչ միայն իբր մելքոնեանցի, բայց իբր հայ, որ տարիներէ ի վեր կը պայքարիմ հայ լեզուի համար, հայ կրթութեան համար, եւ կը կարեւորեմ անոր պահպանումը մեր զաւակներու մէջ, մեր երիտասարդներու մէջ։ Այսպիսի ցաւալի լուր մը ստանալը իրապէս շատ ծանր սրտի խոց կը յառաջացնէ եւ ամօթ է ըլլալ Սփիւռքի ամենէն մեծ հայկական գաղութը ուր դպրոց կը գոցուի: Նայեցէք, ասիկա միայն AGBU Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանի հարցը չէ այլեւս։ Մելքոնեանին գոցուիլը միայն Մելքոնեանի սանուց հարցը չէ, ասիկա համահայկական հարց մըն է: Դուք սկիզբը ըսիք, որ մենք որքան մեծ ձեւով տօնեցինք այդ լուրը, որ Քոնգրէս ընդունած է ցեղասպանու-թիւնը, բայց նոյն օրը դպրոց գոցուելու լուրն ալ ստացանք: Ասիկա ուղղակի «Ճերմակ ջարդ» է:
Աբօ Չափարեան. Հետաքրքրական է, որ վերջերս մեծ ցոյց իրականացաւ AGBU-ի վարժարանի առջեւ:
Արսինէ Շիրվանեան. Այո, անցեալ ամսու 4ին, ուրբաթ օրը ունսանողները, ծնողները եւ զօրակիցները ցոյց ըրին եւ անշուշտ հոն ներկայ գտնուեցին քանի մը AGBU-ի կեդրոնական մամրնի անդամներ՝ Երուանդ Տէմիրճեան, կարծեմ, թէ Էրիկ Իսրայէլեան: Գիտէք, իրենք որոշումը կատարած են եւ շատ դժուար կացութեան մէջ ձգած են աշակերտներուն, ծնողներուն. նոյն վերապրումն է 15 տարի առաջուայ, ինչ որ պատահեց Մելքոնեանին՝ (իբրեւ թէ՝) դրամի պակասութիւն կայ։ Բայց հոս, մի կողմ դրած դրամի պակասութիւնը, նախ չեն ձգած, որ ծնողները որեւէ ձեւով դրամահաւաք ընեն, եւ մէկ անգամէն ալ այս լուրը Ուրբաթ օրը ե-նամակով ուղարկած են ծնողներուն, որ «գալիք տարի դպրոցը պիտի գոցուի»: Ասիկա միայն մէկ դպրոց գոցել, միւս դպրոց գոցելը չէ, պէտք է, որ այլեւս իրականութիւն բացէ իբաց AGBU-ն յայատարարութիւն մը ընէ, որ իրենք այլեւս հետաքրքրուած չեն ուսումնական որեւէ գործունէութեամբ Սփիւռքի մէջ։
Իրենց յառաջիկայ 10 տարուայ ծրագիրը այնպիսին է, որ ամբողջուին հայկական դպրոցները գոցուին Սփիւռքին մէջ: Նայեցէք մէնատէր, 22 հոգինոց յանփնախումբ մը ունին եւ ոչ մէկին զաւակը հայկական դպրոց յաճախած չէ։ Չեն հաւատար անոր: Եւ այդ անհատներու խումբը չեն հաւատար (հայկական ուսումին), եւ մէկ առ մէկ Սփիւռքի դպրոցները կը ծախեն:
Տօքթ. Մեսրոպեան. Շնորհակալ եմ Աբօ, ես քանի մը առիթով հետդ խօսացած եմ անշուշտ այս նիւթին շուրջը, ընդհանրապէս Մելքոնեանի մասին: Բարեգործականը, երբ որ «Մելքոնեան»ի ուսանող էի, մեր ամենակարեւոր կազմակերպութիւնն էր, եւ մեզմէ 15 «շիլինկ» կառնէին այն ատէն, որպէսզի անդամ ըլլանք: Այդ փոքրութեանս օրէս, որ ինծի համար 15 «շիլինկ»ով կրնայի սինեմա երթալ կամ պաղպաղակ ուտել: Մեզի, այն ժամանակ կորգապահութիւն կը սորվցնէին: Եւ Բարեգործականը եղած է մեր տունը, ուր Ալեք Մանուկեանի ղեկավարութեամբ եղած է իրական բարեգործական կազմակերպութիւն:
Ոչ թէ հիմա՝ Սեդրակեանի, կամ միւս անունները չտամ, չեմ ուզեր կոշտ բառեր գործածել, ասոնք Բեյրութէն կամ Հալեպէն եկած մարդիկ են, որոնք այս կազմակերպութեան մէջ մտած են կամ իրենց հայրը կամ մայրը հարուստ եղած է, ասոնք ոչ Շիրազ կարդացած են, ոչ Պարոյր Սեւակ, որ ալ՝ Չարենց: Ասոնց միակ նպատակը Էրիկ Իզրայելեան կամ չեմ գիտեր ով է, կարծեմ բժիշկ է: Եթէ չեմ սխալուիր: Եթէ որպէս բժիշկ, այդ տղան չի հասկնար հայ պահելու կարեւորութիւնը, եթէ ինքը բուժող է եւ անձ կը բուժէ, սակայն այս ընթացքով մենք հայ զաւակներու հոգիները կը կտրտենք, կը թափենք, որ հայ չմնան: Եւ ինծի համար Բարեգործականը այս նոր կազմակերպութիւնը ակումբի դարձած է, հարուստներու ակումբ է, որոնք եկած, նստած են իրար ցոյց տալու համար, թէ ո՞վ աւելի հարուստ է, ո՞ր մէկը աւելի շէնքեր ունի կամ սուղնոց մեքենայ կը քշէ։ Ասոնց պէտք է ասանկ պարկի մէջ դնես, կապես եւ… թող հեռանան այս կազմակեր-պութենէն։ Իրենք չեն պատկանիր այս կազմակերպութեան: Այս կազմակերպութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, եւ կþուզեմ ասոցմէ մէկը, որ ամենախելացին է, թող գայ առջեւս թող նստի կամ իմ ընկերներուս առջեւ, ինծի թող բացատրէ՝ իրենց նպատակը ի՞նչ է: Ես չեմ գիտեր իրենց անձնապէս. այն օրը կը դիտէի, որ այդ քաջ տղաքը Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանի, 14, 15, 18 տարեկան, դեռ աշխարհէն լուր չունին, բայց կը կռուին հայ մնալու համար:
Երբ իրենք ցոյց կ՛ընէին, Բարեգործականի կեդրոնական յանփնախումբի անդամներէն մէկը եկաւ, անունը Տէմիրճեան: Եթէ ինքը այդ խելքով հոն հասեր է, կը զարմանամ, որ այս տղան իր անձնական կեանքը ինչպէս կը կազմակերպէ: Խօսածը ոչ նպատակ ունէր, ոչ ուղղութիւն ունէր, պարզապէս դրամի համար Մելքոնեանը գոցեցին:
Բարեգործականի նպատակը եղած է միշտ հայակերտում։ Բարեգոր-ծականը հիմնած են Գահիրէի մէջ՝ Պօղոս Նուպար փաշան եւ Մելքոնեան եղբայրները այդ ժամանակ դեռ ջարդը նոր եղած էր եւ այդ ժամանակուայ ամբողջ հարուստներուն նպատակն էր որ ժողովուրդը զօրաւոր ըլլայ, միջին դասակարգը պիտի զօրաւոր ըլլայ, ոչ թէ այսօրուան պէս քանի մը հարուստներ ուրախ կը նստին ու կը պատմեն թէ ո՛ր ճաշարանը գացեր են կամ օդանաւով ու՛ր գացեր են, «բիզնես քլաս» թռեր են, ամենը ֆեյսպուքի վրայ կը դնեն:
Միջին դասակարգդ զօրացնելու համր, պէտք է Սփիւռքի կամ Հայաստանի ժողովուրդիդ ուսում տաս: Մէկը կրնայ բժիշկ ըլլալ, մէկը ատաղձագործ ըլլալ, եւ այդ միջին դասակարգը երբ որ շատնայ, աղքատութիւնը կը պակսի: Ա՛յդ է բարեգործականի առաքելութիւնը:
Եթէ հրեաներէն կþուզենք սորվիլ, հրեաները իրարու որոշ չափով կþօգնեն, որպէսզի միջին դասակարգը զօրանայ, իսկ մենք եթէ ասանք հարուստներ ունինք, որ խելքով հարուստներ չեն ինծի համար, եթէ ես առիթ ունենամ ասոնց հետ խօսելու, ասոնց տրամաբանութիւնը երկու քայլ առջեւ չի կրնայրերթալ, իրենց համար եղած է եւ պիտի ըլլայ իրենց անձնական շահը, իրենց փառասիրոթիւնը: Եթէ դուն ազգային պաշտօն մը կ՛առնես, որպէս ղեկավար, պիտի ղեկավարես կամ պիտի լաւ օրինակ ըլլաս։
Մենք այս մարդոց պէտք է հանենք, մենք ասոնց դէմ ոչ թէ ցոյց պէտք է ընենք, ասոնց դէմ պէտք է ագրեսիվ կերպով… թող գան մեզի բացատրեն, 2 միլիոն դոլար չունին, բայց այդ մարդը՝ Տէմիրճեան, իր տրամաբա-նութեամբ 500,000 պիտի վճարեն ուսանողներուն մէկ դպրոցէն միւսը պիտի տանին, որտեղ որ 750 հոգի կան, եւ հոն 1000 կþըլլայ։ Այս դպրոցը պիտի գոցեն եւ այս տրամաբանութեամբ հոն պիտի տանին եւ իր գրպանէն 100,000 տոլար պիտի դնէ… Իրենք 500,000 կրնան հանել, մէկ հատ թող ցոյց տան այդ ծախսերը ո՞ւր կերթան, ի՞նչ են այդ ծախսերը։
Եթէ դպրոցը իրենք գոցեն, իրենք ոչ թէ Էրտօղանի ամենամեծ ընկերը կ՛ըլլան, այլ բոլորն ալ պիտի փոխեն իրենց անունները, որովհետեւ իրենց մտայնութեամբ դպրոցները պէտք է գոցուին ասանք-անանք, հիմա՞ գոցեր ես, թէ տարի մը յետո՞յ գոցեր ես, տարբերութիւն չըներ:
Եթէ իրենց ծնողները՝ Տէմիրճեանի, Սեդրակեանի կամ ով որ կայ այդտեղ, եթէ այդպէս կը մտածէին, ապա իրենց հայրերը Լիբանանի կամ Սիրոյ մէջ պէտք չէր երբէք դպրոց բանային։ Իրենք պէտք է անուններն ալ փոխէին «Տէմիրօղլու» ընէին կամ «Սեդրակօղլու» ընէին: Եւ իրենց այդ թուրքական ջարդի շարունակութեան համար կուգային Պէյրութ։ Իրենց տրամաբանութիւնը այնքան անտրամաբանական է, որովհետեւ ասոնք հայկական ոգի չունին, եւ ասոցմէ ոչ մէկը Չարենցէն կամ Շիրազէն կամ Սեւակէն մէկ հատ բանաստեղծութիւն չեն կրնար ըսել… Ասոնց պէտք է ազգային գործէն հանենք:
Աբօ Չափարեան. Ինչ որ մենք կը տեսնէինք տարիներու ընթացքին, ըստ երեւոյթին, ինչ որ նաեւ ձեզմէ իմացած ենք տարիներու ընթացքին, որ AGBU-ն իր իսկական առաքելութենէն շեղած է, եւ Պերճ Սեդրակեանին նման անհատներ, եւ իր շուրջ հաւաքած իր նման մարդիկ հայկական ոգի չունին: Ստուդիոյէն պիտի խնդրէի, որ 1-2 րոպէանոց տեսաերիզ մը ցոյց տրուի, որպէսզի մեր հեռուսադիտողները ծանօթանան, թէ ինչպէս Պերճ Սեդրակեանին պէս անհատները ոչ միայն AGBU առաքելութիւնը կը շեղեցնեն հայեցի դաստիարակութեան առաքելութենէն, այլ՝ առեւանգած են արդեն ամբողջ կազմակերպութիւնը, եւ ինչ, որ հասկցայ Արսինէէն այն օրը, իրենց իսկական ուղղութիւնը կորցնցուցած են եւ դարձած են դրամատիրական խմբաւորում մը, եւ իրենց համար ուսումը առանց հայեցի դաստիարակութեան ընդունելի է: (Տեսաերիզի մէջ կը հետեւինք Հայ Պարթեւ Կիւլիւմեանին ՀԲԸՄ-ի վարժարանին առջեւ երբ ան կը քննադատէ Պերճ Սեդրակեանի անհասկնալի կեցուածքը։ Սեդրակեան՝ ի տես ՀԲԸՄ-ի վարժարանի ուսանողներու կողմէ մէկ ժամնոց հայկական մշակութային յայտագրի ներկայացումի, ան բեմ կը բարձանայ եւ «չափազանց հայկականութեան» համար կը քննադատէ ուսանողներուն։)
Տօքթ. Մեսրոպեան. Ես մէկ բան կրնամ ըսել. Սեդրակեանը կամ աս «խունթան», ասոնք «խունթա» են, իրենք ոչ թէ հայ չեն, անունով հայ են, իրենց նպատակը «Բարեգործական»ի անունի ծխածածկոյթին տակ հայութիւնն ու Սփիւռքը ջնջելն է:
AGBU անունը թաղ հանեն եւ իրենց համար Տէմիրճեան ակումբ կամ Սեդրակեան ակումբթող դնեն անունը, այդ դրամը, որ ժողովուրդին կը պատկանի, ժողովուրդին թող յանձնեն: Իրենք «Մելքոնեան»ը գոցեցին ստախօսութեամբ, եւ հիմա, իրենք երեւի խելք չունէին, որ ապագան ալ կռահէին: Ինչո՞ւ համար. Սուրիոյ ուսանողները ուր պիտի երթային։ Եթէ «Մելքոնեան»ը բաց ըլլար, հոն պիտի գային: Որովհետեւ իրենք մոռցաց են, թէ իրենք ուրտեղէն կուգան: Ասոնք ամեննը զերոյէն սկսած մարդիկ են եւ մեծամասնութիւնը, որ զերոյէն կը սկսին եւ մէկ անգամէն կը հարստանան գլխուն կը զառնէ, աչքերն ալ չեն տեսներ, ապա ինչպէ՞ս կþուզես որ ապագան տեսնեն:
Աբօ Չափարեան. Ամենագեշը այն է, որ այսպիսի մարդիկ կը դառնան ուշադրութեան եւ փառասիրութեան մուրացկաններ, փոխանակ, որ ազգին առաքելութիւնը յառաջ տանելու: Ի՞նչ օգուտ ունի , որ ԱՄՆ Քոնգրեսը Հայ Դատի հաղթանակը ապահովող բանաձեւը ընդունի, երբ որ մենք սերնդափոխում չենք կազմակերպեր, յաջորդ սերունդները չենք պատրաստեր: Ես փոքր տարիքէս, վստահ եմ դուք ալ, եւ մեր նման մտածողներէն շատերը, կը հաւատանք, որ մանաւանդ սփիւռքեան պայմաններու մէջ, հայկական ինքնութեան տոկունութեան միջնաբերդը դպրոցն է՝ հայկական դպրոցն է:
Իսկ ինչ կը վերաբերուի «Մելքոնեան»ի փակման առթիւ իրենց ստախօսութեան մասին, նոյն ստախօսութեամբ եւ մտածելակերպով կ՛առաջնորդուի նոյն ինքը Թէքէյեան Մշակութային կեդրոնը, որ մի քանի տարի առաջ Արշակ Տիգրանեան վարժարանը փակեց, խոստում տուին, որ նոր դպրոց պիտի բանան։ Վաճառեցին դպրոցի շէնքը սակայն գումարին ճակատագրին մասին տեղեկութիւն ալ չիկայ եւ շահոյթը գրպանուեցաւ չենք գիտեր ինչ ձեւով: Մէկ խօսքով, ամբողջ գումարները կը շոգիանան այս ձեւով։
Ըստ երեւոյթին այս հիւանդութիւնը վարակած է որոշ կազմակերպութիւն-ներուն: Ուրեմն, շատ լաւ է, որ մեր ժողովուրդը հիմայ արթնցած է եւ կը պայքարի: Իսկապէս, որ պէտք է գնահատենք այդ երիտասրդութիւնը, որ փասատինայի AGBU-ի դպրոցի առջեւը ցոյց կազմակերպեցին:
Տօքթ. Մեսրոպեան. Երբ 15 տարի առաջ, մենք այս գործընթացէն անցանք, մեզի ոչ մեկ կազմակերպութիւն, նոյնիսկ թերթերը մեզի դէմ կը գրէին, որովհետեւ Սեդրակեանի պէս մարդիկ ուրիշներ թերթերուն կը վախցնէին, եւ չէին տպեր: Ամեն մէկ կուսակցութիւն չէր տպեր: Հիմա, կուսակցութիւնները, եթէ իսկական հայրենասեր են, եթէ իսկական ապագան կþուզեն տեսնել, պէտք է, թէ՛ Դաշնակցական, թէ՛ Ռամկավար, թէ՛ Հնչակեանները, երբ որ Սեդրակեանը կամ միւսները գան, ոչ թէ երթան իրար հետ նկարուին, քծնուին, այդ բոլորը պէտք է կեցնեն:
Ես գլխարկս կը հանեմ քանի մը հոգի այնտեղ այն օրը որ կը խօսէին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանի դպրոցին ուսանողներուն, որոնք իսկապէս ինծի կը հիշեցնեն, որ «Մելքոնեան»ի հայկական աւիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ նորէն առողջ է, եւ ես վստահ եմ, որ մենք պիտի յաղթենք: Բայց երբէք այս Սեդրակեանին կամ Տէմիրճեանին կամ այլ մարդոց համար դպրոցը պէտք չէ: Ասոնք դուրս պէտք է հանել եւ ձեւով մը բոլոր հայերս ամբողջութեամբ պէտք է պայքարինք անոնց դէմ, որպէզսի կամ իրենք ձգեն, կամ ալ իրենց ակումբին անունը փոխեն, AGBU անունը չիդնեն, որովհետեւ իրենք այդ անունը կը մսխեն: Մսխելը զօրաւոր բառ է։ Երբ որ դուն ինքզինքդ խաբեբայ կþընես օգնելու անուան տակ, բայց ոչ մէկ բան չես ըներ, այլ վնաս կը հասցնես, ինծի համար եւ բոլոր մելքոնեանցիներու յստակ կը դառնայ ու մեր անունէն կ՛ըսեմ, մենք իրենց հետ ենք, իրենց հետ կը պայքարինք եւ պիտի պայքարինք: Իսկ «Մելքոնեան»ին ալ իրենք երբէք ոչ մի բան չեն կրնար ընել։ Հիմա կալուածին առջեւի ծառերն սկսած են չորցնել, որ կտրտեն որպէսզի աւերեն, պէտք իրենց դէմ դատ բանալ տանք:
Աբօ Չափարեան. Ատիկա շատ կենսական է:
Արսինէ Շիրվանեան. Նայեցէք, շատ ցաւալի հարց մըն է ասիկա: Ես խօսք մը, որ ունիմ այս երիտասարդներուն եւ ծնողներուն Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանի, այն է, որ յուսախաբ թող չ՛ըլլան եւ թող մտիկ չընեն այն անձերուն, որ կþըսեն հաճեցէք ցոյց մի ընէք, social media-ի մէջ որեւէ մէկ բան մի գրէք: Ասիկա այն դարն է, որ աշխարհով մէկ ամեն մարդ պէտք է գիտնայ, եւ ինչպէս որ, Տօքթ. Մեսրոպեանը ըսաւ, պէտք է, որ ըսենք, ասիկա միայն սանուց միութեան հարցը չէ, կամ աշակերտներուն հարցը չէ, ասիկա համահայկական հարց մըն է: Եւ իմ պայքարս վերջին երեք տարիններուն եղած է, որ ամեն մէկ անձին բացատրեմ, որ դուք պէտք է մեզի հետ պայքարիք, որովհետեւ եթէ դպրոցը գոցուի, այլեւս մենք չունինք տեղ մը, որ մեր սերունդին մեր լեզուն սորվեցնենք, մեր կենցաղը սորվեցնենք, պէտք է, որ ձուլուի միւսներու հետ ու վերջանանք: Եւ այդ պատճառով է, որ ամեն մէկ հայի պարտականութիւնն է, եթէ որ իրենք իրապէս տակաւին կը մտածեն ջարդի մասին, պէտք է հիմա մտածեն ճերմակ ջարդի մասին, որովհետեւ մենք հիմա աւելի վտանգի մէջ ենք: Այն ատենը գիտէինք, որ թշնամին թուրքն է, հիմա թշնամին մեր մէջ է, եւ մենք չենք տեսներ: Եւ մանաւանդ «Բարեգործական»ի անդամները, որ դաստիարակուած են Ալեք Մանուկեանի ատեն եւ կը հաւատան տակաւին, որ AGBU-ին ատենապետը իրենց համար լաւագոյնը կը մտածէ եւ լաւագոյնը պիտի ընէ իրենց համար, այլեւս ատիկա իրականութիւն չէ: Իրենք ոտքի պիտի ելլեն: Նայեցէք, 1998ին Լոս Անճելոսի մէջ ժողով մը եղաւ: Ամեն մարդ Ալեք Մանուկեանին վարժուած ըլլալով, վստահ ըլլալով, որ Ալեք Մանուկեանը միշտ լաւագոյնը կը մտածէր անդամներուն համար, ինքը հետազօտութիւն կþընէր, յետոյ կþըսէր «ասիկա շատ լաւ բան մըն է, որ մենք բոլոր կը քուէարկենք վրան եւ ընդունինք այս հարցը»: Այդ ձեւով, առանց բացատրելու, որ ինչ ստորագրեն, ամեն մարդ վստահելով ստորագրեց, եւ փոխեցին ամբողջ AGBU-ին կանոնադրութիւնը …
Աբօ Չափարեան. Եւ այդ ձեւով AGBU դարձաւ մի քանի անդամներու ձեռքին գործիք, փոխանակ ըլլալու համահայկական կազմակերպութիւն, որ ունէր իր հազարաւոր անդամները:
Տօքթ. Մեսրոպեան. Եթէ դուն կամ պապադ հարուստ է, հարիւր տոկոս մէջը մտած կþըլլար՝ առանց հարցնելու՝ ի՞նչ է կարողութիւնդ:
Աբօ Չափարեան. Հարուստներ կան, որ իրօք ազգա-սէր մարդիկ են, բայց այս պարագային, այս խմբա-ւորումը ինչ որ կը տեսնենք, ինչ որ կը կատարուի, Լիբանանի մէջ, Սիրիոյ մէջ, տարբեր-տարբեր երկիրներու երկիրներու մէջ դպրոցներ կը փակեն: Ուրեմն այս տիպի մեծահարուստները ինծի կը յիշեցնեն ցեղասպանութենէն առաջ Պոլսոյ հարուստներու վիճակը, որ իրենց կռնակը դարցուցած էին սեփական ժողովուրդին, գաւառներու մէջ ժողովուրդը կը տուայտէր դժուարութիւններու մէջ, եւ իրենց հոգը չէր, իրենք իրենց պարահանդեսները կը յաճախէին: Քիչ առաջ շատ հետաքրքրական բան մը լսեցի, որ Փասատինայի ակտիվիստներուն ըսած է, որ ցոյց մի կազմակերպէք, եւ ինչ, որ հասկցայ, Արեւմտեան Առաջ-նորդարանէն Յովնան Արք. Տէրտէրեանը ըսած է, որ ցոյց չկազմակերպեն, բայց բարեբախտաբար, մեր հայ ակտիվիստները, երիտասարդութիւնը իսկապէս, որ մեզի պատիւ կը բերեն, հայ ակտիւիստները ոգի դնելով՝ պայքարի սկսած են, փողոցները իջած են, որպէսզի հայկական ինքնութիւնը պաշտպանեն ի գին ամեն ինչի: Եւ, անշուշտ, քիչ առաջ ուրիշ ընթերցող մը հեռաձայնեց խմբագրութիւն՝ ըսելով, որ մանաւանդ Արք. Յովնան Տէրտէրեանի նման մարդոց երբէք պէտք չէ հաւատանք, որովհետեւ այս մարդիկը հաւատքի մեր տաճարը կը քանդեն, եւ հիմա ալ կը փորձեն իրենք իրենց փրկարար ձեւացնել հայկական դպրոցի: Ուրեմն, երբ որ հաւատքի տաճարը կը քանդուի ներքին ժխտական ուժերու ձեռքով, հիմա ալ իրե՞նց պիտի վստահինք հայկական դպրոցի փրկութի՞ւնը: Ինչպէ՞ս կարելի է:
Իսկապէս, որ ամօթալի երեւոյթ մըն է, բայց ատիկա մեզի պէտք է արթնցնէ, զարթօնք պէտք է ստեղծէ մեր մտքին մէջը, որ մենք ի՞նչ տիպի մարդոց ձեռքը յանձնած ենք մեր գեղեցիկ զօրաւոր կազմակեր-պութիւններուն ճակատագիրը: Քիչ առաջ, ինչպէս լսեցիք, Պերճ Սեդրակեանի եւ իր նման մտածողներու մասին, այս մարդոց երբէք հոգը չէ այլեւս։
Ինչ որ հասկցայ նաեւ Արսինէէն մի քանի օր առաջ, ճի՞շտ է արդեօք, որ այս կազմակերպութիւնը, որուն մենք կը ճանչնանք որպէս իսկապէս հայեցի դաստիա-րակութեան նուիրուած առաքելութիւն առաջ տանող կազմակերպութիւն AGBU-ն՝ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը այլեւս հեռացած է իր առաքելութիւնէն, այլեւս հետաքրքրուած չէ:
Արսինէ Շիրվանեան. Բացարձակապէս: Իրենց նպատակը, իմ հասկացողութեամբ անիկա է, որ կþուզեն տարուայ ընթացքին ամբողջ Սփիւռքին դպրոցները ծախել, վաճառել, եւ այլեւս ուսումով չզբաղուին Սփիւռքի մէջ։ Նայեցէք ինչ պատահեցաւ Թօրոնթոյի մէջ. Սրբազան Աբգարը որքան պայքարեցաւ, 8 միլիոնի դրած էին եւ կը ծախէին այդտեղի դպրոցը, հատ-հատ սիստեմատիկ ձեւով դպրոցները կը ծախուի։ Մանուկ-եան-Տէմիրճեան վարժարանի ծնողներն ալ թող գիտնան, որ իրենք ալ հեռու չեն այս ճակատագիրէն եթէ որ ոտքի չելնեն եւ չի պայքարեն այս մեծ մարտահրաւէրի դէմ:
Տօքթ. Մեսրոպեան. Կուզեմ ըսել, որ երբէք մի կորսնցուցէք յաջողելու ձեր նպատակը, երբէք այս տեսակ մարդոց չհաւատաք եւ ինձմէ ձեզի խրատ՝ որպէս մելքոնեանցի. Իրենք չկրցան դպրոցը ծախել, դպրոցը անանք կեցած է։ Բայց մենք դեռ կþաշխատինք, որպէսզի դպրոցը ետ բանանք, դուք ալ նոյնը կրնաք ընել, առանց կասկածի:
Արսինէ Շիրվանեան. Եւ իմ խնդրանքս ամեն մէկ հայի անիկա է, որ դուք պէտք է ձեռք-ձեռքի տուած պայքարիք ասոնց դէմ: Որեւէ մէկ հայ՝ անկախ թէ ո՛ր մէկ կուսակցութեան կը պատկանի կամ անկախ է, պէտք է ոտքի ելլէք։ Միասնաբար պէտք է օգնենք Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան դպրոցի աշակերտներուն եւ ծնողներուն, որպէսզի մէյ մըն ալ չտեսնենք որեւէ մէկ հայկական դպրոցի փակումը:
Աբօ Չափարեան. Սիրելի հայրե-նակիցներ, նոյն հաւատքով պէտք է շարունակենք պայքարիլ եւ պէտք է համազգային մասշտաբով աշխա-տանք տանինք, էներգիա չխնայենք եւ միջոցներ չխնայենք, որպէսզի ոչ միայն արդեն իսկ գոյութիւն ունեցող վարժարաններու ըն-թացքը ուժեղացնենք, պահպանենք, այլ նաեւ փակուած դպրոցները վերաբանանք աշխարհով մէկ: Եւ իմ կարծիքով, իւրաքանչիւր 10, 15, 20 հազար հաշուող փոքր հայ համայնք արժանի է, որ ունենայ իր ամենօրեայ վարժարանը: Հետեւա-բար, մենք պէտք է օրինակ վեր-ցընենք։ Տեսէք, Ամերիկայի մէջ թուրքերը 92 դպրոց բացած են, մենք կրնանք, եթէ իսկապէս որոշումի գանք եւ այդ ուղղութեամբ պայքար սկսինք, մենք ալ կրնանք 100 դպրոց բանալ ամբողջ Ամերի-կայի տարածքին՝ որպէսզի մեր Սփիւռքի ազգային գիտակցութ-եան, հայեցի դաստիարակութեան եւ հայու ինքնութեան միջնաբերդը՝ հայկական վարժարանը ուժեղա-ցընենք եւ մեր գալիք սերունդները ապահովենք; Ի՞նչ օգուտ ունի Հայ Դատի համար պայքար տանիլ, սակայն մեր երիտասարդութիւնը կորցնցնենք; Այնպէս որ սիրելի հայրենակիցներ, բոլորս ալ ժամա-դըրւած ենք հիմիկուան, վաղուան եւ ապագային հետ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *