Ամերիկայի Հայ դատի միացեալ յանձնախումբը աշխուժ աշխատանք կը ծրագրէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 150 բանաձեւը Ծերակոյտին մէջ շուտափոյթ ներկայացնելու եւ քուէարկելու ուղղութեամբ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Ամերիկայի Հայ դատի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի տնօրէն Արմէն Սահակեան:
«Ծերակոյտին մէջ 150-րդ բանաձեւը ներկայացուած է այս տարուան ապրիլին: Այս պահու դրութեամբ բանաձեւը ունի 21 ծերակուտականի աջակցութիւն: Աշխատանքներ կը կատարուին այս թիւը մեծցնելու ուղղութեամբ եւ շուտափոյթ ձեւով ներկայացնելու Ծերակոյտի լիագումար նիստին քուէարկութեան համար: Գործընթացային տեսանկիւնէն Ծերակոյտը կը տարբերի Ներկայացուցիչներու տունէն եւ ժամկէտներու բաժինով ալ տակաւին անորոշ է. դժուար է ըսել, թէ ե՛րբ անիկա պիտի ներկայացուի քուէարկութեան», նշեց Արմէն Սահակեան:
Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի դիմատետրի էջէն կը տեղեկանանք, որ սկսած են համակարգել տարբեր հանդիպումներու փուլ մը եւս այն ծերակուտականներու գրասենեակներուն հետ, որոնք կը պայքարին Ամերիկայի Ծերակոյտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
