Ամերիկայի Հայ դատի յանձնա-խումբը ողջունեց Հայաստանի Հան-րապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգ-ներու դեսպանա-տան այն յայտարա-րութիւնը, թէ դես-պանատան` երկրին տրամադրած օժան-դակութիւնը 2019-ին 60 միլիոն տոլար պիտի ըլլայ:
«Մենք կ՛ողջունենք դեսպան Թրէյսիի յայտարարութիւնը, թէ 2019-ի ելեւմտական տարուան ընթացքին Հայաստանին տրամադրուած օգնութիւնը պիտի գերազանցէ 60 միլիոն տոլարը, անոր համաձայն, 40 առ հարիւրով աւելի քան նախորդ տարի», նշած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած էր, թէ 2019-ին Միացեալ Նահանգներու ելեւմտական օժանդակութեան չափը աւելցած է 40 առ հարիւրով:
«Միացեալ Նահանգները վերջին 27 տարիներուն աջակցած են Հայաստանի ժողովրդավարական հոլովոյթներու եւ հաստատութիւններու զարգացման, եւ մենք մտադիր չենք փոխել զայն յատկապէս հիմա, երբ ժողովրդավարութիւնը, առաւել քան երբեւէ, ամուր է Հայաստանի մէջ: Ճիշդ այս պատճառով ալ հպարտութեամբ կը հաստատենք, որ այս տարի աջակցութիւնը կը կազմէ աւելի քան 60 միլիոն տոլար», նշած էր Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի:
