Հայաստանի մէջ Միացեալ Նա-հանգներու դեսպանատունը կը հաղորդէ, որ 2019-ի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կառա-վարութեան Հայաստանին տրա-մադրած աջակցութիւնը շարունա-կած է աւելնալ:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն «Երկիր» կայքին յայտնած են, որ այս տարի այդ աջակցութիւնը կազմած է 60 միլիոն տոլար, որ նախորդ տարուան համեմատ 40 առ հարիւրով աւելի է:
Այս ֆինանսաւորումը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ տնօրինուող ծրագիրներէն զատ, կը ներառէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութեան, Միացեալ Նահանգներու անտառային ծառայութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան ծրագիրները:
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այս միջոցներով աջակցած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական զարգացման խթանումին բազմաթիւ ուղղութիւններով, մասնաւորաբարփտածութեան դէմ պայքար, անվտանգութիւն, ուժանիւթ, կրթութիւն, անգլերէնի ուսուցում, անտառային ծառայութիւններ, մարդու իրաւունքներ, քաղաքացիական հասարակութիւն եւ պետական կառավարման թափանցիկ ու հաշուետու հաստատութիւններու ամրապնդում, ներառեալ
իրաւապահ, արդարադատութեան եւ դատաիրաւական ոլորտները:
«Միացեալ Նահանգները վերջին 27 տարիներուն աջակցած են Հայաստանի ժողովրդավարական հոլովոյթներու եւ հաստատութիւններու զարգացման, եւ մենք մտադիր չենք փոխել զայն յատկապէս հիմա, երբ ժողովրդավարութիւնը, առաւել քան երբեւէ, ամուր է Հայաստանի մէջ: Ճիշդ այս պատճառով ալ հպարտութեամբ կը հաստատենք, որ այս տարի աջակցութիւնը կը կազմէ աւելի քան 60 միլիոն տոլար», կը նշէ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի:
1992-էն սկսեալՄիացեալ Նահանգներ Հայաստանին յատկացուցած են աւելի քան 2 միլիառ տոլարի աջակցութիւն
բարելաւելու ժողովուրդի կենսապայմանները եւ աջակցելու ժողովրդավարական, տնտեսական եւ ընկերային կառավարման ամրապնդման ուղղուած ջանքերուն:
