ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի
2011-ին, զգալով, որ Լոս Անջելոսի Թ.Մ.Մ. Արշակ Տիգրանեան հայկական դպրոցը դիտաւորեալ կերպով սխալ կը զեկավարուի դպրոցի խնամակալներուն կողմէ Թէքէյեան Մշակութային Միութեան (Թ.Մ.Մ.) ղեկավար-ներու, յատկապէս՝ Ճօրճ Մանտոսեանի եւ անոր խումբի մեղսակցութեամբ, դպրոցի գլխաւոր բարերար Պր. Պետրոս Տաղլեան նախազգու-շուց. Թ.Մ.Մ.- ի ղեկավարներուն ըսելով, թէ, «ղեկավարելու ձեր ներկայ ընթացքով, դուք կը վտանգէք դպրոցի ապագան»:
Պր. Տաղլեան, դպրոցի սխալ կառավարման վերաբերեալ, իր մտահոգութիւնները բարձրա-ձայնեց Թ.Մ.Մ.-ի բարձրագոյն ղեկավար՝‘ Էտմոն Ազատեանին:
Մինչ այդ, տարիներու ընթացքին, Պր. Տաղլեան շարք մը նուիրա-տըւութիւններ կատարած էր Թ.Մ.Մ.- ի Տիգրանեան վարժարանի մէջ՝ որոնց ընդհանուր գումարը հասած էր մօտ էր 1,5 միլիոն տոլարի:
2015-ին, փաստօրէն, Պր. Տաղլեանի տագնապալի կանխա-տեսումները ճշմարիտ դուրս եկան, երբ լուրեր տարածուեցան, որ Թ.Մ.Մ. կանխամտածուածօրէն բազմաթիւ ուսանողներ կþարտաքսէ եւ առանց որեւէ արդարացման աշխատանքէ կը հեռացնէր որակաւորուած, սիրուած եւ յարգուած ուսուցիչներուն: Լաւ ուսուցիչները սիստեմատիկօրէն կը կացինահարուէին փոխարինուելու համար անմաակարդակ տարրերով, որոնք կը դառնային ուսանողական թիւին արհեստականօրէն պակսեցման գործիքներ:
Այն դպրոցը, որ շահութաբեր էր, հանկարծ սկսեցաւ դրամ կորսնցնել՝ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ:
Մինչեւ արձանագրութիւններու անկումը, մի քանի զօրա-կիցներ արդեն գիտէին, որ դպրոցը սխալ կը ղեկավարուի: Թ.Մ.Մ.-ի ղեկավարները համակարգուած կերպով պաշտօնի կը կոչոէին ոչ-որակաւորուած եւ անփորձ անհատներ՝ որպէս դպրոցի տնօրէն: Անոնք շատ լաւ գիտէին, որ անորմով իսկ իրենց նպատակին կրնային հասնիլ կրթութեան որակը եւ մակարդակը ցած տանելով որ իր կարգին ուսանողներու զանգուածային արտահոսքի պատճառ կրնար դառնալ:
Դպրոցը փակելէն յետոյ Թ.Մ.Մ. շքեղ երեկոյթ տուաւ «պատուելով» Թ.Մ.Մ.-ի մեղաւոր եռեակ՝‘ Էտմոն Ազատեանին, Յարութիւն Արզու-մանեանին եւ Ճօրճ Մանտոսեանին, «լաւ» աշխատանք կատարելու համար — այսինքն‘ դպրոցը յաջողութեամբ փակելու անշարժ կալուածները վաճառելով: Աւելի ուշ անոնց պաշտօնական կուսակցական թերթը գրեց, որ «Թ.Մ.Մ.-ի առաքելութիւնը աւարտած է»: Ի՞նչ «առաքելութիւն»: Փակել աշխոյժ դպրոցը եւ լուծարել անոր հարստութիւնները եւ անտուն թողել հարիւրաւոր աշակերտնե՞ր:
Իրականութեան մէջ անոնք կը տօնէին 15 միլիոն տոլար կանխիկ գումարներու ձեռբերումը, որոնք իրականութեան մէջ ի սկզբանէ նուիրաբերուած էին բարեմիտ բարերարներու կողմէն‘ Հոլիվուդի մէջ հայկական դպրոց հիմնելու եւ պահպանելու բացառիկ նպատակի համար: Համախոհները ոչ մէկ գումար չէին տուած Թ.Մ.Մ.-ին, որպէսզի վերջը իւրացուի կամ չարաշահուի Ազատեանի եւ անոր համախոհ կլանակիցներու կողմէն: Ինչ որ մնացած կայ այդ գումարներէն, եթէ այդպիսիք կան, եւ նախքան անոնց ամբողջովին անյայտանալը, Թ.Մ.Մ.-ի ղեկավարները պէտք է զանոնք վերադարձնեն բոլոր բարերարներուն, քանի որ ֆոնդերը այլեւս չեն ծառայեր Տիգրանեան դպրոցը պահպանելու բուն նպատակին:
Թ.Մ.Մ. Տիգրանեան դպրոցը բաւականաչափ դասարաններ ունէր ընդունելու շուրջ 400-500 աշակերտ: Բայց Մանտոսեանի ղեկավարած վարժարանի հոգաբարձուներու խորհուրդը աշակերտներու արձանագրութիւններու քանակը ցած պահեց որպէսզի պատրուակէ «քիչ աշակերտներու թիւը» ու դպրոցը փակէ:
Թ.Մ.Մ. Տիգրանեան դպրոցի փակումը կանխելու համար, Պր. Տաղլեան առաջադրած էր յատուկ ծրագիր՝ վերակազմելու համար նոր եւ կարող ղեկավարութիւն մը: Բացի այդ, ան խոստացած էր տարեկան նոր նուիրատւութիւններ կատարել՝ դպրոցին օգնելու համար կատարելու ֆինանսական պարտաւորութիւնները եւ շարունակելու իր վեհ առաքելութիւնը առանց ընդհատումներու:
Պր. Տաղլեանի, Պարոն Ազատեանի եւ Թ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական Խորհուրդի այլ ղեկավարներու միջեւ հանդիպման ընթացքին Ազատեան «զարմացաւ» եւ ըսաւ թէ «տեղեակ չէր վատ ղեկավարութեան մասին» ու խոստացաւ «լուծել խնդիրը»՝ նշանակելով «կառավարող նոր կազմ մը Պոստոնի Թ.Մ.Մ.-ի կեդրոնը վերադառնալուն պէս»: Բայց ան երբեք չի պահեց իր խոստումը։
Այդ հանգրուանին պարզ դարձաւ, որ Թ.Մ.Մ.-ի ղեկավարութիւնը ուժեղ կերպով կեդրոնացած դպրոցը փակելու վրայ, որպէսզի դպրոցի անշարժ կալուածները ամեն գնով վաճառէր մօտ 15 միլիոն տոլարի:
Երբ Պր. Տաղլեան պատ-րաստակամութիւն յայտնեց միլիոնաւոր տոլարներ ներդնել՝ Արեւմտեան Թեմին օգնելու համար ձեռք բերելու դպրոցի շէնքը, որպէսզի դպրոցը վերա-բացուի իր իսկական անուան տակ՝ «Թ.Մ.Մ. Արեշակ Տիգ-րանեան դպրոց», հավերժա-կան պատեհապաշտ եւ ինքնա-հըռչակ, այսպէս կոչուած, «Հայերու փրկիչը», Արեւմըտ-եան Թեմի Արք. Յովնան Տէր-տէրեան անմիջապէս առիթին վրայ ցատկեցաւ: Այդ պահին Պր. Տաղլեան չէր գիտեր Տէր-տէրեանին իսկական էութիւնը:
Տէրտէրեան կը պարծենար, որ կրնայ «փրկել դպրոցը», բայց իրականութեան մէջ ան ախքատիկ առաջարկութիւն մը կատարեց Արեւմտեան Թեմի անունէն: Այդ խիստ անբաւա-րար առաջարկը հասկնալիօրէն մերժուեցաւ Թ.Մ.Մ.-ի կողմէն:
Տէրտէրեանի առաջարկի մասին իմանալէ ետք եւ անոր մերժումէն յետոյ, Պր. Տաղլեան առաջարկեց կալուածներու գնումը Թ.Մ.Մ.-ի պահանջած 15 միլիոն տոլարի գնով, որպէսզի դպրոցը բաց մնար: Ըստ անոր առաջարկին, Թ.Մ.Մ.-ն պէտք չունէր վար-ձելու անշարժ կալուածի միջ-նորդ մը, որպէսզի անպէտք տեղ չմսխէ այլ՝ խնայէ 1 միլիոն տոլար որպէս միջնորդի շա-հաբաժին։ Ըստ Պր. Տաղլեանի առաջարկին, Պր. Տաղլեանի 1,5 միլիոն տոլարի նախորդ տա-րիներուն նուիրաբերած գու-մարները կը պակսեցուէին ընդ-հանուր գումարէն թողնելով մնացորդ գումար՝ 12.5 միլիոն տոլար, որ Թ.Մ.Մ.-ին կը վճարուէր Պր. Տաղլեանի կողմէ:
Մինչ Թ.Մ.Մ.-ի առաջատար երկու անդամներ՝ Վարդան Նազիրեան եւ դպրոցի խորհուրդի անդամ որ միաժամանակ անշարժ կալուածի առեւտրական էր Փանոս Քեշիշեան, իբրեւ թէ կոչուած էին կառուցողական բանակցութիւններ վարելու Պր. Տաղլեանի հետ՝ դպրոցի փակումը կանխելու համար, մինչ Թ.Մ.Մ.-ի Քեշիշեանը եւ Մանտոսեանը արդեն գաղտնի կերպով պր. Տաղլեանի թիկունքէն «էսքրօ» բացած էին շէնքերը վաճառելու համար՝ ոչ-հայկական խմբաւորումի մը: Անհիմն պատճառաբանութիւններով, Թ.Մ.Մ.-ի ղեկավարներ Նազիրեան եւ Քեշիշեան հապճեպով Պր. Տաղլեանի հետ բանակցութիւնները խզեցին: Երկու օր ետք անոնք յայտարարեցին, որ դպրոցը արդեն ծախուած է ոչ-հայկական կողմի մը: Սա ոչ-պակաս է քան դաւադիր կեղծաւորութիւն մը:
Հետաքրքրականն այն է, որ Թ.Մ.Մ.-ի ղեկավարները կը պնդէին, որ Քեշիշեան դառնայ վաճառման միջնորդ ու անոնք շարունակեցին մերժել բարեմիտ այլ մասնագէտ Անգինէ Ղարիպեանի բարենպաստ առաջարկը: Ան ալ դպրոցական խորհրդի անդամ՝ Ղարիպեան յայտարարած էր, որ «եթէ խորհուրդի վաճառքի որոշումը վերջնական դառնայ, ան ապայ կամաւորօրէն կը վաճառէ շէնքերը՝ առանց որեւէ շահաբաժին գանձելու» խնայելով մօտ միլիոն տոլար Թ.Մ.Մ.-ի համար։ Զարմանալիօրէն Քէշիշեանի վաճառքի միջնորդութենէն մօտ մէկ տարի առաջ զինք նշանակեցին դպրոցի խորհուրդի անդամ: Այդ ի՜նչ զուգադիպութ՜իւն:
Ըստ երեւոյթին, Ազատեան եւ իր «գործակից» ընկերները կը նախընտրին Քէշիշեանին, քանի որ անոնք, հնարաւորութիւն կþունենային, միջնորդի ծխածածկոյթի տակ շատ հաւանաբար 1 միլիոն տոլար անձնական շահոյթ ստանալ:
Օտարներուն վաճառելով Թ.Մ.Մ.-ի ղեկավարները նաեւ Տաղլեանէն ստացուած 1,5 միլիոն տոլարի նուիրատւութեան սահմանափակուած օգտագործման պարտաւորութիւններէն կրնային փախուստ տալ։ Այդ նուիրատւութիւնները խստօրէն նախատեսուած էին օգտա-գործել միայն ու միայն Տիգրանեան դպրոցի մէջ հայեցի կրթութեան ուժեղացման համար:
Մինչեւ օրս, վերջնական արդիւնքը աղիտալի կը մնայ Հոլիվուտի ամերիկահայ համայնքին համար, որտեղ հարիւր-աւոր հայ ուսանողներ՝ առանց հայ դպրոցի մնացած են, իսկ շրջանի մէջ գործող հայկական դպրոցներ կը գտնուին որոնք լեցուն ըլլալով, ի վիճակի չեն ընդունիլ նոր աշակերտներ: Ներկայիս փակուած Տիգրանեան դպրոցի վայրէն մօտ մէկ մայլ հեռաւորութեան վրայ գործող հայկական դպրոցը ունի աւելի քան հազար աշակերտ եւ նոր աշակերտներու սպասման երկար ցանկ:
Համայնքի բազմաթիւ անդամներ կը պնդեն, որ Տիգրանեանի անուան դպրոցի սխալ ղեկավարումը դիտաւորեալ եղած է, եւ այսպէս կոչուած ցած թիւ կազմող ուսանողական արձա-նագրութիւնները օգտագործուած են Թ.Մ.Մ.-ի նեխած ղեկավարներու կողմէ, անոնց նենգ նպատակը քողարկելու համար եւ որպէսզի դպրոցի շէնքերը վաճառեն ու գումարները կամ գրպանելով կամ մսխելով չարաշահեն համայնքի միլիոնաւոր տոլարներու հասնող գումարները:
Ի՜նչ իմաստ ունի զօրաւոր համայնքէ ներս արդեն գործող դպրոց մը փակել եւ նոյն անճարակ կառավարողներու գլխաւորութեամբ զերոյէն նոր դպրոց կառուցելու երկար գործընթաց մը սկսիլ: Անոնք յոյս ունէին նոր շինարարութեան ընթացքին ապօրինի գումարներ իւրացնել իրէնց սերտ «գործակից» Արք. Տէրտէրեան եւ անոր կլանակիցներու «գործելաձեւի» օրինակով, որոնք հակում ունին նոր եկեղեցիներու կառուցման նոր ծրագիրներու միջոցով գումարներ իւրացնելու: (Արեւմտեան Թեմի Սբ. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի շինարարութիւնը պէտք է արժէր մօտ 12-14 միլիոն տոլար, բայց անհասկնալի պատճառներով ծախսերը հասան աւելի քան 25 միլիոն տոլարի շինարար Սինան Սինանեանի «վերահսկողութեան» ներքոյ, որ միաժամանակ Արեւմտեան Թեմի առաջատար անդամ է, ՀԲԸՄ-ի ղեկավար եւ անդամ՝ շարք մը այլ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու):
Եվ այժմ ոչ ոք չի գիտեր, թէ Տիգրանեան դպրոցի բազմամիլիոնանոց գումարը որտեղ կը գտնուի: Վէրքը աւելի խարացնողը՝ մեղաւորներէն ոչ մէկու պատասխանատւութեան չենթարկուիլն է ու ոչ ոքի՝ անձամբ պատասխանատւութեան ոչ-ենթարկուածութիւնը:
Այժմ, 2019-ին, նոր կþանդադառնանք որ ՀԲԸՄ Մանուկեան վարժարանի ղեկավարները, զանազան պատճառա-բանութիւններով, ուսանողներու թիւը կը պահէին 150-ի մօտ: Ինչո՞ւ նման խոշոր շէնք ունեցող դպրոց մը որ հեշտութեամբ կրնայ ընդունիլ հարիւրներով շատ աւելի ուսանողներ, պիտի սահամնափակուէր150-ով:
Հոկտեմբեր ամսուայ վերջերուն, ՀԲԸՄ-ի մէնատէրեր՝ Պերճ Սեդրակեանի եւ Սինան Սինանեանի միակողմանի որոշումով դպրոցը փակելու որոշումին մասին իմանալէ յետոյ, հարիւրաւոր ուսանողներ, ծնողներ եւ համայնքի անդամներ բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին՝ պահանջելով յետս կոչել իրենց վատ որոշումը:
Ծնողներն ու համախոհները կը պնդեն, որ ՀԲԸՄ ղեկավարներու որոշումը անակնկալի բերած էր զիրենք, եւ անոնց հնարաւորութիւն չէ տրուած փրկելու դպրոցը: Բացի այդ, անոնց արգիլած են դրամահաւաք կատարել՝ օգնելու դպրոցը բաց պահել, հակառակ այն փաստին որ ծնողներն ու համայնքը պատրաստ էին:
Տեւականապէս պատեհապաշտ եւ կեղծաւոր միջնորդ՝ Արեւմտեան Թեմի Արք. Տէրտէրեան կրկին ցատկեց բողոքողներու ալիքին վրայ եւ սկսեցաւ ձեւանալ ըլլալ մէկ մը որ իբրեւ թէ «աջակցութիւն» կþուզէ ցուցաբերել ՀԲԸՄ-ի վարժարանի փրկութեան շարժման:
Կիրակի օրը՝ Նոյեմբեր 3-ին, երբ բողոքի ցոյցի մասնակիցները հաւաքուած էին Արեւմտեան Թեմի դիմաց, Տէրտէրեանի վստահուած անձինք փորձեցին զայն վերածել քաղաքական շահադիտական կրկեսի՝ յօգուտ լայնօրէն վարկաբեկուած Տէրտէրեանին:
Դպրոցը «փրկելու» անոր խոստումները ոչ միայն դատարկ դուրս եկան, այլեւ Տէրտէրեան եւ անոր զիյնակիցները նոյնիսկ չի դատապարտեցին ՀԲԸՄ-ի դպրոցի ոչ-արդարացի փակումը: Անոր լռութիւնը խլացուցիչ է եւ՝ դաւաճանական:
Բացի այդ, Արք. Տէրտէրեան լայօրէն մեղադրուած է Արեւմտեան Թեմի աւերման գործընթացը գլխաւորելու համար: Թեմական եկեղեցիները այժմ համակարգուածօրէն կը տկարացուին Տէրտէրեանի կողմէն տարիներ շարունակ կատարուած չարագործութիւններու հետեւանքով։ Եկեղեցի յաճախողներու թիւը խիստ կրճատատած է: Եւ համայնքը պէտք չէ զարմանայ, եթէ Տէրտէրեան եւ կլանակիցները սկսին փակել հայ եկեղեցիները,‘ անշարժ անշարժ կալուածները վաճառքի հանելու եւ համայնքին պատկանող ֆոնտերը կուլ տալու համար:
Այժմ Տէրտէրեան եւ անոր հրոսակին մաս կազմող կեղծ հոգեւորականները եկեղեցիները վերածած են թաղման տուներու, որտեղ անոնք անընդհատ նուիրատւութիւններ կը մուրան: Եւ, իհարկէ, անոնք կþիրականացնեն իրէնց արարքները՝ թափանցիկ-ութեան եւ հաշուետւողականութեան ամբողջական բացակայութեան ստուերի ներքոյ:
Ի գին ամեն ինչի Արեւմտեան Թեմը պէտք է փրկուի Տէրտէրեանէն եւ անոր կլանակաիցներէն: Աւանդա-բար, հայկական սփիւռքը շարունակաբար իրականա-ցուցած է եռանկիւն հայկական ամրոցներ կառուցելու եւ պահպանելու չգրուած առողջ քաղաքակա-նութիւնը սփիւռքի ողջ տարածքին. Անոնք կերտած են եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ համայնքային կենտրոններ:
Այժմ, կարծես թէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը եւ Թ.Մ.Մ.-ը կþօգտա-գործեն նոյն դասագիրքը՝‘ ուսանողներու թիւը ցած պահելու, որպէսզի այդ պատրուակի տակ հայկական դպրոցներ փակեն‘ անշարժ կալուածներու վաճառքը հեշտացնելու համար:
Քանոկայի Փարքի մէջ գնտուող ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տէմիրճեան դպրոցի սաներ եւ ծնողներ, զգուշացէ՛ք: Դուք կրնաք անարդարօրէն փակուող դպրոցի յաջորդ զոհերը դառնալ:
Եթէ Թէքէյեան Մշակութային Միութեան նեխած ղեկավարներ՝ Էտմոն Ազատեան, Ճօրճ Մանտոսեան եւ ուրիշներ ճիշտ ժամանակին արագօրէն եւ խստօրէն պատասխանատուութեան ենթարկուէին, այսօր Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նեխած ղեկավարները, ինչպիսիք են Սինան Սինանեանը եւ անոր մերձաւոր զինակիցները, պիտի տատամսէին եւ երկու անգամ պիտի խորհէին, նախքան փորձել լուծարել Փասատինայի մէջ աշխոյժ հայկական դպրոց‘ մը յանձինս Հ.Բ.Ը.Մ. Մանուկեան բարձրակարգ վարժարանի: Անոնք այդքան հան-դուգն եւ լկտիացած պիտի չի կրնային ըլլալ դիւրաւ այդքան հոգեկան խռովութիւն, մտալլկութիւն ու անհանգստութիւն պատճառելու բազմաթիւ հայ ուսանողներու, անոնց ընտանիքներուն եւ շրջանի հայութեան:
Հ.Բ.Ը.Մ. Սեդրակեանի եւ Սինանեանի գլխաւորութեամբ կայացած է խղճուկ վիճակացոյց՝ սփիւռքի մէջ հայեցի կրթութեան խթանման բնագաւառէն ներս, զանգուա-ծաբար փակելով Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հայկական դպրոցները, ներառեալ Կիպրոսի Մելքոնեան Կրթական Հաստատութիւնը որ կը հանդի-սանար Սփիւռքի հայեցի ուսման գոհարներէն մին:
Այդպէս վարուելով, անոնք վտանգած եղան սփիւռքի բարեկեցութիւնը։ Անոնք վտանգած են այսօրուայ եւ գալիք սերունդ-ներու շարքերէ ներս հայկական ժառանգ-ութեան եւ ինքնութեան հավերժացումը: Եւ ատիկա կրնայ դառնալ ազգային անվտանգ-ութեան թիւ սպառնալիք ողջ հայ ազգի համար:
Արդարացի է ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան բար-ձըրակարգ վարժարանի հարիւրաւոր հիասթափուած ուսանողներու, ծնողներու եւ ընդհանուր առմամբ հայութեան զայրոյթը։ Կենսական է որ անոնք պահպանեն իրենց վճռականութիւնը ու իրենց բարոյական կորովը ուժեղ պահեն եւ տեղի չի տան ու զգոն մնան:
Աւելի շատ հայկական դպրոցներու մօտալուտ կորուստը կանխելու սիրոյն, աշխարհի հայկական համայնքները պէտք է դրամահաւաք կազմակերպեն եւ թիրախաւորուած դպրոցներու շէնքերը գնեն Հայկական Ընդհանուր «Բիզնեսային» Միութիւնէն ( նոր «Հ.Բ.Ը.Մ.»-էն որ իր «Բարեգործական» առաքելութենէ շեղած է), որպէսզի ապահովեն հայկական դպրոցներու հայակերտման բարձր առաքելութեան յարատեւումը:
ԱՄՆ-ի մէջ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս հարիւր թրքական «չարթըր» դպրոցներ: Հայերը պէտք է ընեն նոյնը՝ օգտուելով դաշնային եւ նահանգային դրամաշնորհումներէն բանալով եւ պահպանելով տասնեակներով հայկական «չարթըր» դպրոցներ: