ԳՐԵՑ՝ Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան
Համազգային հմայքի եւ յարգանքի տէր Ալեք Մանուկեանի երբեմնի ՀԲԸՄ-ը, որ դպրոցաշինութեան եւ համայնքային կեդրոններու բացումով հայապահպանպան գործին մէջ առաջատար դեր կատարած էր ամբողջ կէս դար, շատ-շատերու կարծիքով կորսնցուցած ըլլալ կը թուի անցեալի իր հմայքին փայլքն ու արժանաւորի յարգանքը սփիւռքահայերու լայն խաւերուն մէջ։ 2002 թուականէն սկսեալ եւ Ալեք Մանուկեանի մահէն ետք, Լուիզ Սիմոնի ու Պերճ Սեդրակեանի ՀԲԸՄ-ը նոր վարչամեքենայ մը որդեգրելով, հոս ու հոն իր «գործակալները» նշանակելով եւ անդամական ընդհանուր ժողովներով ընտրութիւններ շրջանցելով՝ ստեղծեց անհանդուրժելի մթնոլորտ մը Բարեգործականի գործունեայ ու վեթերան աշխատակազմի շարքերէն ներս, որու պատճառու աստիճանական դասալքութիւն տեղի ունեցաւ եւ անդամակցութիւնը նօսրացաւ աշխարհի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ։
ՀԲԸՄ-ի համացանցի կայքին մէջ կ’ըսուի, թէ «ՀԲԸ Միութիւնը աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ կազմակերպութիւնն է, որ նուիրուած է հայկական ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին ու զարգացումին՝ կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական յայտագրերու միջոցով…»։
Մեր դպրոցական օրերէն ՀԲԸՄ-ի նպաստով տրուած կաթը խմողի հաւատարմութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կրնանք հաստատել, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը անցեալին իսկապէս եղած է գործադրողը իր կայքին մէջ յիշուած առաքելութեան։ Սակայն տասնամեակէ մը աւելի սփիւռքահայ կեանքին մէջ տեղի ունեցող երեւոյթներուն նայողը պիտի տեսնէ, թէ ՀԲԸՄ-ը դադրած է ժողովուրդին ձայնն ու պէտքը նկատի առնող կազմակերպութիւն մը ըլլալէ եւ դարձած է վերնախաւային խմբակ մը, որ ոչ-շահամէտ ըլլալու տրամադրութեամբ չի գործեր։ Ատենօք ժողովրդային շա՜տ ձայն բարձրացաւ Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան փակման դէմ եւ լսող չեղաւ։ Թորոնթոյի մէջ ՀԲԸՄ-ի վարժարանը փակուեցաւ եւ կեդրոնը ծախուեցաւ՝ առանց գաղութին ձայնը նկատի առնելու։ Այժմ ալ կը յայտարարուի, որ Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան դպրոցը պիտի փակուի։ Այս փակումներու շարքը որոշող ՀԲԸՄ-ի «մեծերը» արդեօք ի՞նչ դրդապատճառներով կը շարժին։ Հայապահպանումի՞, որ գրուած է իրենց առաքելութեան կարգախօսին մէջ որպէս «հայկական ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանում», թէ՞ ամերիկեան մեծ ընկերութիւններու օրինակին հետեւելով՝ շահախնդրութիւն կը կիրարկեն։ Դպրոց փակելու պատճառը յաճախ անոնց կողմէ կը բացատրուի որպէս արդիւնք տարեկան պիւտճէի բացի կամ աշակերտութեան թիւի պակասի։ Այստեղ կարելի չէ հիացումով չարձանագրել Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանին հայապահպանման ուղիով կատարած օրինակելի գործը։ Ամէն տարի իր աշակերտներու թիւը բազմացնող այս սքանչելի դպրոցը այժմ մօտաւորապէս 650 աշակերտ՝ իր տարեկան պիւտճէի բացը, որ մօտաւորապէս կէս միլիոնի կը հասնի, կը գոցէ նուիրատւութեան արշաւով մը, որ ունի լոկ ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄը որպէս կարգախօս եւ նշանաբան։ Հազար համբոյր եւ գնահատանք անոնց, որոնք Թորոնթոյի մէջ կը կատարեն այն ինչ, որ ՀԲԸՄ-ը թերացաւ ընելու՝ իր դպրոցները գոցել տալով հոս եւ այլուր։
Թէ ինչո՞ւ ՀԲԸՄ-ի համակիր շրջանակները չեն կրնար ընել այն ինչ, որ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժ արանին շրջանակը կրցած է յաջողութեամբ կատարել՝ առանց դուրսէն ստացուող նիւթական օգնութեան եւ առանց գաղութային այն թիւին, որ Փասատինայի հայահոծ գաղութը ունի. պատասխանը գուցէ պէտք է գտնել ՀԲԸՄ-ի «մեծերուն» կողմէ հեռուէն նշանակուած, անոնց կողմէ հաճելի նկատուած եւ անոնցմով դարձող մարդոց գործելակերպի ու ազգային ոգիի ոլորտներուն մէջ։ Կայ տակաւին աւելին.համացանցի վրայ տարածուած է տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէ Փասատինայի փակուելիք դպրոցին մէջ դասաւանդող սրտցաւ ուսուցիչի մը խօսքը՝ ուղղուած աշակերտութեան ու անոնց ծնողներուն, որուն մէջ ՀԲԸՄ-ի ներկայ նախագահին կը վերագրէ անգլերէնով ըսուած հետեւեալ խօսքը, երբ անոր ներկայութեան հանդէս եկած է աշակերտութիւնը ազգային ու հայրենասիրական կատարումով. “Too much Armenianness”, որ թարգմանի՝ «շա՜տ հայկակա-նութիւն»։
«Աւա՜ղ փառացս անցաւորի» պիտի ըսէր ամէն սրտցաւ հայ՝ խոնարհելով ՀԲԸՄ-ի արքայ եւ Հայաստանի ազգային հերոսի կոչումին արժանացած բարերար Ալեք Մանուկեանի շիրիմին առջեւ։ Այսօր ո՞ւր կարելի է գտնել բարեգործութիւնը Բարեգործականին, երբ Սփիւռքի կարիքին եւ պէտքին համար ծնած Բարեգործականը պալատական երդիքներու տակ ու քոքթէյլի սեղաններու շուրջ հաւաքուած՝ վերնախաւի հոգեբանութեամբ վճիռներ կ’արձակէ սփիւռքահայ դպրութեան ու աշակերտութեան օգտին դէմ՝ հոս ու հոն դպրոցներ փակելով։ Հայաստանի մէջ գտնուեցան խիզախ մարդիկ, որոնք քայլ առին՝ խորտակելու պալատները այդ վերնախաւին… Սփիւռքի մէջ ո՞վ պիտի քալէ, որպէսզի այստե՛ղ խորտակէ վերնախաւային հոգեբանութեամբ գործող այս պալատականները։