Մաքուր ժպտուն երեսը հաճոյ է մարդկանց, իսկ մուրոտ երեսը պէտք ունի ջուրի ու լուացուելու: Բայց մարդկանց երեսը երբեմն այնքան կը մուրոտի, կարծես կուպրով է ծեփուած, զոր ջուրով չի մաքրուիր:
Ինչո՞ւ լուսադէմք հայու երեսը վերջին տասնամեակներուն այնքան մուրոտեցաւ, որ բարի մարդկանց ճիգը նոյնիսկ մաքրիլ չ՛յաջողեցաւ:
Սկսինք երրորդ անկախութեան առաջին օրերէն հասնելու մինչեւ օրերս: Ունեցանք երեք իրարայաջորդ նախագահներ, որ մուրոտեցին Հայու երեսը: Վերջերս ունեցանք նաեւ վարչապետ մը, որ հակարակ իր բարի կամեցողութեան ու ճիգին չ՛կարողացաւ մաքրել մուրոտ երեսը. մինչ այդ մուրոտում կատարուեցաւ նաեւ հայ կղերի կողմանէ:
Առաջին նախագահի օրերուն տեղի ունեցած մուրոտումէն կը յիշեմ հետեւեալները. Երբ սեւծովեան երկիրներու ժողովը կը գումարուէր Պոլսոյ մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մէկ յիշեցումը Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատճառ դարձաւ նախագահի կողմանէ պաշտօնազրկումի. Նոյնպէս այդ օրերու թուրքիոյ նախագահին թուրկուտ Էօզալի սպարնալիքին, որ Հայոց ակռայ ցոյց տալ կ՛առաջարկէր, իր մահուան սնարին խոնարհող Հայոց նախագահն ունէր:
Այդ ժամանակաշրջանին ազերիներու բարբարոսութեամբ մօտ կէս միլիոն հայեր ջարդուեցան կամ երկրէն դուրս քշուեցան Պաքուի եւ Սումկայիթի շրջաններէն, այսպէս հրահարուած էր Ղարաբաղեան անջատողական շարժումը:
Վերջապէս Հայ անհատը որսի հրացանով կռուող ու նահանջող, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ունեցաւ միջոցը զինուելու արդիական զէնքերով՝ հրթիռ, թանկ ու ինքնաթիռ, ու երբ հայկական բանակը կը յառաջանար, ջախջախելով թշնամին ու վերագրաւելով իր հայապատկան հողերը, պարտեալի պահանջով զինադադարի առաջարկ ներկայացուեցաւ ու ստորագրուեցաւ այդ ամենայ անցանկաի ձեւով, կարծես մենք ըլլայինք տեղի տուողը, այլ ոչ յաղթանակողը: Նաեւ մեր աքսորեալ ատրպէյճա-նաբնակ ազգակիցները ազատագրուած հողերու վրայ ցիր ու ցան եղան օտարութեան մէջ՝ փոխանակ ազատագրուած հողերու վրայ բնակեցուելու:
Ափսոս. Ու ի՞նչ ըսել սփիւռքահայերու եւ օտար շրջանակներէ ստացուած իրեղէն կամ նիւթական օժանդակութեանց, որոնք մութի մէջ կորան ու լաբուեցան:
Ահա այն օրերու երեակը, որ մուրոտեց հայուն դէմքը՝ Լեւոն Տէր-Պէտրոսեան, Վանօ Սիրադեղեան եւ Պլէեան, որոնց օրինակին հետեւեցան իրենց յաջորդող ղեկավարութիւնները:
Երկրորդ նախագահի օրով Հայոց երկրորդ պետութիւնը՝ Արցախը, սկսաւ արագօրէն բարգաւաճել, հզօրանալ ու յառաջդիմել, հակարակ բազմաթիւ խոչնդոտներու, նոյնպէս մայր Հայաստանը, բայց նախագահի լաւ կռուող մարտիկի համբաւը մթագնեց, երբ յետագային իր շրջապատի զինուորականներէ հրամանատարներէ ու նախարարներէ իւրացուած, գողցուած ու հափշտակուած դրամի ու ինչքի հարցեր արծարծուցան, ինքն ալ անմաս չ՛մնաց նման հարցապնդումներէ իր ընտանեկան պարագաներով՝ յետ պաշտօնաւարութեան:
Սա երկրորդ մուրոտումն էր, որ աւելցաւ առաջինին:
Երրորդ նախագահը նման էր իր նախորդներուն ժողովուրդի կամքը բոլորովին անտեսուած, անգործութիւնը ժողովուրդի ծանր կը կշրէր մարդկային կենսամակարդակի վրայ:
Վերնախաւը ինչքի ու արդարութեան, իշխող, տէրն ու տիրականն էր, իսկ կաշարակերութիւնն ու գողութիւնը հասած էր իր գագաթնակէտին, միջին խաւ չէր մնացած երկրին մէջ, փոքր ժամանակ մը կուլ էր տուած երկրի հարստութիւնը ու ժողովուրդը կ՛ապրէր չքաւորութեան անտանելիութեան մէջ:
Այս երեակ նախագահներու եւ կառավարութեանց աշխատելա-ոճը ժողովուրդը հասցուց ըմբոստութեան, որ բարեբախտաբար առանց արիւնահեղութեան վերջ գտաւ:
Այս երեք նախագահներու տիրակալութեան օրերուն երկիրը թէեւ որոշ յառաջդիմութիւն ունեցած է, բայց այլ կողմէ ան հիւծուած է «ներքին աիւնահոսու-թեամբ», ինչքազրկումը եւ անարդարութիւնըվպատճառ դարձած է մէկ միլիոնէ աւելի բնակչութեան հայրենալքումին: Այս ղեկավարութիւնը, որ անարժան են մարդ կոչուելու, իրենց գործունէութեամբ շատ աւելի վնաս են հասցուցած, քան թշնամի բանակայինները:
Ու ահա այսպէս երեք իրարայաջորդ տիրակալներ, որ մուրոտեցին Հայու երեսը: Իսկ վերջին մուրոտումը եղաւ հայ հոգեւորականութեան կողմանէ, որ կարծես կուպրով ծեփեցին հայու երեսը, ու իրենց հագած բիլոնի գոյնով ներկեցին հայու փայլուն անցեալը:
Այս մասին չեմ ցանկար աւելիով արտայայտուիլ, քանի այդ մասին բաւականին տեղեակ էք:
Սա ալ ըսիմ, որ ունինք նաեւ այնպիսի նուիրեալ հոգեւորականներ Աստուածահաճոյ, մարդասէր, ազգասէր, բայց ոչ դրամասէր ու բարասէր, որ արժանի են ամենու գնահատանքին ու յարգանքին:
Իսկ հիմայ ներկայի վարչապետի մասին արտայայտուինք. Ան թէ հայրենի հայուն, նաեւ սփիւռքահայութեան կողմանէ սիրուած անձ մըն է, որ պորթկացած էր տասնամեակ տարիներու անարդար ու անապահով կեանքէն, ան անարիւն ու գնահատելի հեղափոխութիւնը կատարեց՝ զարմանք պատճառելով համայն մարդկութեան:
Վարչապետի առաջին գործն էր նախ նսեմացնել նախկին իրող ուժերը, ապա դատի կանչել այն մարդկանց, որոնք իրենց դիրքի շահագործումով անարդարօրէն մեծ գումարներ ու ինչքեր իւրացուցած էին զանոնք վերադարձնելով իրաւատէրերուն, մանաւանդ պետական գանձէն ու ինչքէն իւրացուածները: Այս վարչապետի ամենէ փայլուն ու յաջող գործն է եղած, ան ըլլալով նաեւ ամբոխավար մը իր ամբողջ գործունէութեան կորիզը կեդրոնացուցած էր ժողովուրդին վրայ ան առանց որեւէ դժուարութեան կազմած է կառավարութիւնը իր երիտասարդ համախոհներով, ուր ոմանց փորձառութեՆ պակասը կը մշուշոտէ պետութեան գործունէութիւնը: վարչապետը ինքն ալ մէծ փորձառութիւն չ՛ունենալով, հակարակ իր արի կամեցողութեան այնպիսի սխալ արտայայտութիւններ կ՛ունենայ, որ կ՛ըսիս մուրոտ երես մաքրելու գործը իր կարողութիւնէն վեր է:
Ժամանակին մեր երեսը ոչ թէ մուրոտ էր, այլ արիւնլուայ ու ունեցանք այն մարդիկը, որ կարողացան արիւնլուայ երեսը լուալ ու փայլք տալ, այդ արդիկը անցեալին կը պատկանին այսօրերուն չենք յանդիպիր նմաններու: Արդեօ՞ք յետագային կ՛ունենանք նմանները: Թող ժամանակը պատասխանէ:
11-15-19 Արմէն կարօ Հայթայեան

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *