ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ 26րդ նախարարական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, 4 Դեկտեմբերին Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:
Այս հանդիպումին մասին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մնացականեան յայտնեց, որ հայկական կողմը ունի մէկ միասնական փաթեթ, որուն մէջ կան թէ՛ բուն կարգաւորման, եւ թէ ալ միջավայրին առնչուող հարցեր:
«Մենք ունենք մէկ միասնական փաթեթ, որի մէջ շատ կան կարեւոր հարցեր՝ բուն կարգաւորմանն առնչուող, եւ կան շատ կարեւոր հարցեր, որոնք վերաբերւում են միջավայրին, որի մէջ տեղի է ունենում խաղաղ կարգաւորման գործընթացը: Բոլորը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեն իրենց ամբողջութեան, իրենց համապարփակութեան մէջ: Բուն կարգաւորման հարցում մեր գերակայութիւններն առնչւում են Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեանը եւ կարգավիճակին: Եւ, բնականաբար, մենք շարունակելու ենք փորձարկել, մշակել այն մօտեցումները, համադրումները, որտեղ մեզ անհրաժեշտ է լինելու տեսնել, որ մեր գերակայ կարեւորագոյն հարցերը ստանում են իրենց համապատասխան արտայայտութիւնը», յայտնեց Մնացականեան:
Նախարարը հաւասարապէս կարեւոր նկատեց միջավայրին առնչուող հարցերը: «Ունեցանք որոշ համեստ արդիւնք անցեալ ամսուայ ընթացքում եւ այդ ուղղութեամբ աշխատել շարունակելն, ի հարկէ, մեզ համար կարեւոր ու հետաքրքրական է: Հաւասարաչափ կարեւորութիւն եմ տալիս, ընդգծում եմ այն նշանակութիւնը, որը տալիս ենք բոլոր այն միջոցառումներին, որոնք ուղղուած են էսկալացիայի ռիսկերի (վտանգներու-Խմբ.) նուազեցմանը», դիտել տուաւ ան:
Մնացականեան հաստատեց, որ այդ միջոցառումները իրատեսական դարձնելը, զինադադարի դրութիւնն ու բոլոր անհրաժեշտ քայլերը ամրապնդելը, յարձակման վտանգներու նուազեցումը հայկական կողմին համար եւս կը հանդիսանան չափազանց կարեւոր հարցեր:
«Մենք հաւատարիմ ենք խաղաղ կարգաւորմանը: Մենք այս մէկ ու կէս տարուայ ընթացքում ի ցոյց դրեցինք մեր կարողութիւններն ու լրջութիւնը՝ խաղաղ գործընթացի մէջ ներգրաւուելու եւ արդիւնաւէտ աշխատելու: Կայանալիք հանդիպման ուղղութեամբ մենք աշխատել ենք: Մենք գնում ենք մեր աշխատանքը կատարելու եւ մենք ունենք մեր գերակայութիւնները, եւ աշխատելու ենք դրանց շուրջ», յայտնեց նախարարը:
Ան նաեւ խօսեցաւ ընդհանրապէս Ղարաբաղի տագնապին մասին՝ դիտել տալով, որ ինք մնայուն կերպով կապի մէջ է Արցախի իր պաշտօնակիցին՝ Մասիս Մայիլեանին հետ: «Արդիւնքում բանակցային գործընթացում ենք լինում նաեւ Արցախի հետ, ինչը պրակտիկ (գործնական-Խմբ.) առումով ոչ էֆեկտիւ (ազդու-Խմբ.) է, եւ Արցախի ներգրաւումը ուղղակի պրակտիկ նշանակութիւն ունի այս գործընթացի համար: Ինքներս շատ յստակ խօսել ենք, թէ ինչ նշանակութիւն ունի Արցախի անմիջական ներգրաւումը բանակցային գործընթացում»:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով եւս յայտարարած է, որ Արցախի հարցի կարգաւորումը պէտք է ընդունելի ըլլայ
երեք ժողովուրդներուն համար՝ Մնացականեան ըսաւ. «Այն, որ Արցախի հարցի լուծումն առանց Արցախի մասնակցութեան, առանց Արցախի ձայնի անհնար է, իրողութիւն է, որը ընդունուել է եւ արտայայտուել տարբեր առիթներով»:
Լրագրող մը հարցուց, որ Հայաստանի ներկայի իշխանութեան համար արդեօք առկա՞յ են փոփոխութիւններ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ: Մնացականեան յայտնեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է իր դիրքորոշման ու պատրաստ է առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, սակայն թրքական կողմէ նկատելի է այլ ուղղութեամբ որդեգրուած քաղաքականութիւն: «Մենք ասել ենք, որ պատրաստ ենք յարաբերութիւնների՝ առանց նախապայմանների, սակայն դրա համար 2 կողմ է պահանջւում, իսկ երկրորդ կողմի քաղաքականութիւնը աշխատում է ամբողջովին այլ ուղղութեամբ: Թուրքիայի սպառնալիք լինելն արտայայտւում է իր վարած քաղաքականութեամբ, իր գործողութիւններով եւ հռետորաբանութեամբ», նշեց Մնացականեանը:
Նախարարը նկատել տուաւ. «Մեր աչքի առաջ տեղի ունեցողը, Հայաստանի՝ շարունակուող շրջափակումը, Թուրքիայի կողմից յարաբերութիւններ հաստատելու ցանկութեան կամ որեւէ քայլի բացակայութիւնը, Ադրբեջանին ռազմականքաղաքական անվերապահ աջակցութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կոնտեքստում, արտայայտում են Հայաստանի համար անվտանգային սպառնալիք: Թուրքիայի կողմից սպառնալիքը բխում է իրականացուող քաղաքականութիւնից, գործողութիւններից եւ հռետորաբանութիւնից»: Մնացականեան անգամ մը եւս վերահաստատեց՝ Հայաստան իր դիրքորոշումը արտայայտած է եւ հաւատարիմ կը մնայ անոր:
