ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՍԱՐԻՆԷ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ
Ես կը հետեւէի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան դպրոցի փակման դէմ Նոյեմբերի 4-ի Արեւմտեան Թեմի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի զարգացումներուն:
Ես զայրացայ՝ տեղեկանալով ՀԲԸՄ-ի դպրոցի ծնողներէն եւ ուսանողներէն, որ բողոքի ցոյցի ընթացքին Արեւմտեան Թեմի արք. Տէրտէրեանի օգնականները միտումնաւոր իջեցրած են բարձրախօսներու ձայնը, որպէսզի մասնակիցները չկրնան լսել հանրահաւաքի տարբեր խօսնակներու դիտողութիւնները: Անոնց նոյնիսկ հնարաւո-րութիւն չէ տրուած որ բարձր ամպիոնէ ելոյթ ունենան:
Սկզբնապէս Արք. Տէրտէրեանը համաձայնած է թոյլ տալ բողոքի ցոյցի կազմակերպիչներուն թեմի շրջափակը օգտագործել «թոզ փչելու» եւ «լաւ երեւնալու» համար ՀԲԸՄ-ի նեխած ղեկավարներուն դէմ զայրացած ուսանողներու, ծնողներու եւ համայնքի անդամներու աչքին: Սասայն անոր հիմնական նպատակը ցոյցին յաջողութիւնը չէր, այլ պարզապէս «լաւ երեւալն» էր: Ու անոր իսկական դիմակը պատռուեցաւ այն ժամանակ, երբ անոր օգնականները գլխաւորութեամբ՝ Թեմի գործադիր տնօրէն Յարութ Մարգարեանի որ դատարանի կողմէն իսկ ստախօս որակուած հովիւ Մանուկ Մարգարեանի որդին, անջատեցին ձայնային համակարգը: Խափանարական յստակ գործողութիւն:
Կազմակերպիչները ստիպուած էին իրենց կողմէ ձայնային համակարգ բերել բեռնակարքով, որպէսզի կարենան իրենց խօսքը ուղղել ցուցարարներուն: Երբ հաւաքի կազմակերպիչները օգտագործել բեռնատարի վրայ տեղադրուած իրենց սեփական ձայնային համակարգը, Սրբազան Տէրտէրեանի վստահուած անձինք Թեմի տրամադրած ձայնային համակարգի վրայ բարձր երաժշտութիւն միացուցին‘ հանրաւավաքի ելոյթները խանգարելու համար:
Այդ փուլին բողոքի ցոյցի բոլոր մասնակիցներու մօտ Սրբազանի հանդէպ զզուանք յառաջացուցած էր, եւ անոնք հասկցան, որ ան կեղծիքով լեցուն մարդ է: Անոնք նաեւ պարզեցին, որ իրականութեան մէջ արք. Տէրտէրեանը դիկունք կը կանգնի ՀԲԸՄ-ի նեխած ղեկավարութեան՝ յանձինս Պերճ Սեդրակեանի եւ Սինան Սինանեանի: