ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՔԵԹՐԻՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Չորեքշաբթի Դեկտեմբեր 11, 2019
Շերման Օքս, Քալիֆոռնիա. Մեր ժողովուրդը կրցած է հազարամեակներ շարունակ պահպանել իր գոյութիւնը գլխաւորապէս հայ մայրերու շնորհիւ, որոնք ոչ միայն կրած են մեր ժողովրդին գենը, այլեւ, ինչն ամենէ կարեւորը՝ իրենց ժառանգութեան ու ազգի հանդէպ սէրը:
Նոյնիսկ մեր ժողովրդի պատմութեան դժուարին ժամանակներուն, անոնք սերունդէ՝ սերունդ փոխանցած են Հայկականութեան հանդէպ իրենց գնահատանքը:
Այսօր մեր ժողովուրդը պէտք է բախտաւոր զգայ, որ ունի այնպիսի հայ մայրեր, որոնք հաւատարիմ են իրենց ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային արժեքներուն: Անոնք հաւատարիմ են հայ քրիստոնէական ուսմունքներուն եւ ազգային նպատակներուն: Անոնք խորաթափանցութեամբ կը տարբերեն ճիշտն ու սխալը:
Որպէս մեծ դերակատարներ մեր համայնքի մէջ՝ անոնք խորապէս հոգ կը տանին Հայ եկեղեցւոյ եւ հայկական դպրոցներու բարեկեցութեան մասին, որոնք երեխաներուն եւ թոռներուն հայեցի դաստիարակութիւնը կþապահովեն: Յատկանշական են անոնց բարոյական կարգապահութիւնն ու ազնուասրտութիւնը:
Ես իսկապէս ոգեշնչուած եմ այնպիսի նուիրուած հայ մայրերով, ծնողներով եւ ուսուցիչներով, ինչպիսիք են Արսինէ Շիրվանեանը, Մարօ ՆաՃարեան Եագուպեանը եւ Պարթեւ քհն. Կիւլիւմեանը:
Եթէ մեր ժողովուրդը ունենար բաւական թիւով քաջ, բարեսիրտ եւ ողջամիտ մայրեր, ապա մեր ընդհանուր ներկան եւ ապագան կրնար շատ աւելի խոստումնալից ըլլալ, քան այսօր:
Մելքոնեան կրթական համալիրի բազմաթիւ շրջանաւարտներու հետ, տօքթ. Յարութ Մես-րոպեան, Արսինէ Շիրվանեան եւ այլոք, հաստատուն քայլերու ձեռնարկած են յանուն Կիպրոսի մէջ ՀԲԸՄ-ի կողմէ վերահսկուող Մելքոնեան Կրթական Համալիրի վերաբացման արդար նպատակին:
Վերջերս, երբ Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու անուան աւագ դպրոցի ոչ արդարացուած փակումը յայտարարուեցաւ ՀԲԸՄ Կեդրոնական Խորհուրդի կողմէ, Մարօ Նաճարեան Եագուպեան եւ իր նման շատ մարդիկ ընդդիմացան այդ երիտասարդական եւ աշխոյժ «Փոքր Հայաս-տան» կեդրոնի փակման:
Ես անոնց անձամբ չեմ ճանչնար: Սակայն ինծի համար պատիւ կ՛ըլլար օր մը հանդիպիլ անոնց եւ աջակցիլ անոնց արդար պայքարներուն մէջ: Երանի բոլոր մայրերը Արսինէի եւ Մարոյի պէս ըլլային: Բայց, ցաւօք, ոչ բոլորը այդպիսին են:
Սակայն կան նաեւ տիկնայք որտոնք հոգ կþընեն միայն իրենք իրենց մասին: Անոնք աւելի քիչ կը մտածեն այն համայնքի մասին, որտեղ կ՛ապրին կամ այն կազմակերպութիւններու մասին, որոնց անդամ կը հանդիսանան:
Անոնք միայն կը մտածեն բեմ բարձրանալու եւ խօսափող («Մայքրօֆօն») ստանալու մասին, իրենց միջակ տաղանդները ցուցադրելու համար, ապացուցելու, թէ որքա՜ն «խելացի եւ կարեւոր» են իրենք: Իսկ արդեօ՞ք ատիկա այդպէս է:
Եթէ այս տիկնանց տրուի խօսափող եւ որեւէ կազմակերպութեան առաջնորդ ուշադրութիւն դարձնի անոնց վրայ, ապա անոնց չի հետաքրքրեր, թէ այդ մարդը «կոռումպացուած» — նեխա՞ծ է: Անոնք չեն մտածեր շարք մը խնդիրներու մասին, որ անհանգստութիւն պատճառած են Արեւմտեան Թեմին եւ այն տասնեակ չարագործութիւններու մասին, որ իրագործած է արք. Յովնան Տէրտէրեանը (ես քիչ առաջ ստացայ մի զեկոյց՝ պատրաստուած «Հայ Եկեղեցւոյ Բարե-կարգում» շարժման կողմէ): Անոնք կը նախընտրին ապրիլ կեղծ դրախտի մէջ, լսել՝ էժանագին գովեստներ: Անոնք կը վաճառեն իրենց մոլորուած եւ անարդիւնավետ հաւատարմութիւնը՝ կոռում-պացուած անձանց կողմէ տրուած չնչին փառքի դիմաց: Միայն թէ իրենք ուշադրութեան կեդրոնի մէջ ըլլան՝ ատիկա ամենակարեւորն է իրենց համար:
Երբ թեմի որեւէ ազնիւ անդամ մը համարձակի քննադատել նեխած առաջնորդին, այս եսակեդրոն տիկնայք շարունակաբար կ՛ըսեն, թէ «մի՛ քարկոծէք մեր նաւը»: Բայց իրականութեան մէջ, անոնք իսկապէս նկատի ունին «մի՛ խորտակէք մեր փոքրիկ ուրախութիւնը»: Ինչ յուզի՜չ է:
Այդ տեսակ մարդոց համար դիւրին է իրական փաստերու դիմաց «համրի» եւ «անտեղեակի» դեր խաղալը: Իմ խորհուրդը այս անուշադիր եւ իմաստազուրկ կանանց հետեւյալն է՝ սթափուեցէ՛ք տիկնայք եւ դուրս եկէք ձեր յարմարաւետութեան գօտիէն:
Այդպիսի անուշադիր տիկին-ներէն է Արաքսի Բօյամեանը: Անոր «կարծիքով» Սրբազան Տէրտէր-եանի վերաբերեալ բոլոր լուրջ փաստերը «սուտ են»: Երբ ես անոր հետ առերեսում ունեցայ Սրբազանի կատարած երկու ապօրինու-թիւններու վերաբերեալ որոշ փաս-տեր ճշգրտելու համար, ան փոխեց թեման եւ վայրկեաններ անց, փախաւ: Կը տեսնէ՞ք: Անոր համար այնպիսի անյարմարութիւն մըն է դէմ-հանդիման Արեւմտեան Թեմի Սրբազանի կեանքի ճշմարտութեան եւ իրականութիւններու հետ:
Մօտ մէկ տարի առաջ ան եւ իր նմանները համարձակուեցան պնդել, որ իրենք «տեղեակ չեն» Սրբազան Տէրտէրեանի ստախօս, խարդախ, գող, կեղծարար եւ չարաշահող ըլլալու մասին, իսկ այժմ անոնք այլեւս չեն կրնար այդպիսի յայտարարութիւններ ընել, քանի որ ամբողջ համայնքը գիտէ, թէ իրապէս ո՛վ է Սրբազան Տէրտէրեանը: Որեմն այսպէս, անոր իսկոյն բռնած էին հանցանքի պահին, երբ անոր աջ ձեռքը սուտ վկայութիւն կու տար Լոս Անճելոսի դատարանի մէջ:
Ահա Արաքսի «թանթիկ»ին դիմակալող հրատապ խնդիրը՝ ինչպէ՞ս կրնայ ինքը՝ որպէս կին, մայր եւ «նէնէ», իրեն լաւ զգալ, երբ նրա ամուսինը, ընտանիքի իքական եւ արական անդամները եւ թոռնիկները անմինջական կապի մէջ կþըլլան այնպիսի մարդու մը հետ, ինչպիսին է արք. Տէրտէրեանը, որ դրժած է կուսակրօնութեան իր ուխտը՝ ապօրինի սեռական կապեր ունեցած ըլլալով Հայ Եկեղեցիէն ներս:
Հայկական հեռուստատեսութեամբ եւ մամուլի մէջ արք. Տէրտէրեանին՝ որպէս «եկեղեցւոյ օրինակելի առաջնորդ» սուտ կերպարը ներկայացնելով՝ թեմի որոշ տիկնայք ինքնաբերաբար ներգրաւուած կþըլլան հոգէպէս եւ բարոյապէս սնանկ անձնաւորութեան անարժան անձը «պրոպականդելու» մէջ: Արդեօ՞ք կþարժէ ձեր սեփական անունը, կերպարը եւ հասարակական դիրքը հողին հաւասարեցնել‘ հեռուստատեսութեամբ, թերթերու եւ սոցիալական մետիայի մէջ ցուցադրուելու սիրոյն:
Այս ցուցամոլ մայրերը մշտապէս երեք կապիկներու դեր կը խաղան՝ խուլ, համր եւ կոյր: Երբէք մի տատամսիք։ Մեր Արեւմտեան Թեմը եւ առհասարակ Հայ Եկեղեցին կրնայ նոյն ճակատագիրն ունենալ, ինչ որ Կաթողիկէ եկեղեցին ունեցաւ — լուրջ խնդիրներ՝ ինչպիսիք են երեխաներու բռնաբարումը եւ համասեռամոլութիւնը:
Այս պահի դրութեամբ, իրավիճակը միանգամայն կը դառնայ անտանելի ինծի, իմ ընկերներուս եւ ընտանիքիս անդամներուս ու շատ հաւատարիմ այլ մարդոց համար:
Օտար եկեղեցիներ տեղափոխուելու փոխարէն՝ իմ ընտանիքիս ու իմ ընկերներուս հետ որոշած ենք մնալ եւ պայքարիլ մեր եկեղեցւոյ ապագայի համար: Եթէ Սրբազան Տէրտէրեանը եւ իր խմբաւորումները կը կարծեն, որ իրենք պիտի կրնան մենաշնորհել եկեղեցին, իւրացնելով անոր ունեցուածքը, ապա անոնք չարաչար պիտի սխալին:
Կը թուի, թէ Սրբազանը կը սիրէ ինքզինք շրջապատել ստրկամիտ խնկարկող մարդոցմով, ինչպիսին է Արաքսին, որպէսզի ստեղծէ իր սեփական կայսրութիւնը եւ հավերժացնէ իր իշխանութիւնը:
Տարիներու ընթացքին ես նկատած եմ, որ Սրբազան Տէրտէրեանը կþորսայ իր կանխամտածուած զոհերուն, հիմնականօրէն այն անհատներուն, որոնք ցած ինքնայարգանք եւ ինքնագիտակցութիւն ունին եւ կ՛ընտրէ՝ զանոնք կատարելու իր հրամանները: Որքա՜ն ամօթալի է: