ԳՐԵՑ՝ ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ
Ասկէ տարիներ առաջ, տեղեկացայ որ Բարեգործականը Փասատինայի մէջ Երկրորդական Վարժարան մը պիտի բանայ:
Առիթը չփախցուցի իմ սիրայօժար մասնակցութիւնս բերելու որպէս ճարտարապետ, որպէսզի պէտք եղած նորոգութիւնները կատարուին եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու այդ ծառայութիւնը ընեմ:
Եւ դպրոցը իր դռները բացաւ, ուսումի եւ մշակոյթի սիրահար սերունդի մը առջեւ:
Իմ ուրախութիւնս չափ ու սահման չունէր:
Կրնայի երեւակայել թէ ինչպէս հայ պատանի-պատանուհիներ այդ դպրոցի սեմէն ներս պիտի մտնէին եւ իրենց նախնիքներու հարուստ ժառանգութեան տիրանային:
Թէ՚ հոգաբարձութիւնը, թէ՚ տնօրէնն ու ուսուցչական կազմը մեծ խանդավառութեան մէջ էին:
Ճիշդ է թէ միլիոնատէր բարերար չկար այդ դպրոցի նիւթականը հոգալու համար եւ սակայն կար Հայկական Բարեգործական Կազմակերպութիւնը՝ որուն առաքելութիւնն էր հայը հայ պահել այս օտար ափերուն վրան:
Այդ դպրոցը սկսելէն առաջ, ես, չորս կողմս հաւաքեցի խումբ մը հայորդիներ որոնց հետ հիմնեցինք Սահակ Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանը:
Դպրոցը սկսելու համար պէտք եղած դրամագլուխը չունէինք: Ես, անձամբ, իմ խնայողութենէս 10,000 տոլար տրամադրեցի եւ անսահման հաւատքով դպրոցը սկսանք, յետոյ կալուածի տէր դարձանք, սրահ ու դասասենեակներ կառուցանեցինք եւ 300-է աւելի հայ մանուկ-պատանիներ տարիներով ազգային եւ քրիստոնէական կրթութիւն ստացան, մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ կարգերու մէջ:
Տարին 1980 թուականն էր:
Անցեալները լուր տարածուեցաւ որ Փասատինայի մէջ հիմնուած Վաչէ Մանուկեան Հայ Վարժարանը իր դռները կը գոցէ հայ նոր սերունդին առջեւ: Կը նշանակէ որ մեր զաւակները օտար վարժարաններ պիտի յաճախեն իրենց ինքնութիւնը կորսնցնելու համար, օտար աշակերտներու հետ բարեկամանան եւ օր մըն ալ զանազանութիւն չդնեն հայ եւ խառնուրդ ընտանիք կազմելու ատեն:
Կ՚ուզենք հարցնել Բարեգործական հարուստ Կազմակերպութեան՝ եթէ ա՚յս է իրենց ծրագիրը մեր ապագայ սերունդներուն համար, եթէ այս էր փափաքը Բարեգործականի տարիներու առաջնորդ, հրաշալի հայ Ալեք Մանուկեանի:
Այս նոյն Ալեք Մանուկեանն էր որ Բարեգործականի սահմաններէն դուրս գտնուող Սահակ Մեսրոպ Վարժարանի իր նպաստը կը ղրկէր ամէն տարի:
Միլիոնաւոր տոլարներ կը հաւաքուին առաջնորդարաններ եւ ակումբներ շինելու համար, չե՞ն կրնար այդ գումարներուն մէկ տասանորդը տրամադրել որ հայ դպրոցի մը դռները բաց մնան մեր զաւակներուն առջեւ: Դժուար որ Առաջնորդարաններ հայ նոր սերունդը հայ պահելու կարողութիւն ունին: Հայ նոր սերունդը հայ դպրոցի պէտք ունի: Հայ դպրոց ուր հայ նոր սերունդը կը ծանօթանայ իր արմատներուն, կ՚ամրանայ այդ արմատներուն վրայ:
Ա՚յս է կոչը Մեսրոպի, Շնորհալիի, Վարդանի, Կոմիտասի, որոնք ապրեցան ու մեռան ապագայի լուսաւոր ժառանգ մը ձգելով մեր ազգին: Այս է կոչը Թումանեանի, Վարուժանի եւ հազարաւոր մեր հայրերուն:
Օրhնեալ են անոնք որ հայկական վարժարաններ կը հիմնեն եւ անոնց գոյութիւնը կ՚ապահովեն:
Ի՜նչ պէտք է ըսել անո՚նց, որոնք դրամի մէջ կը լողան եւ արդէն ապրող հայ վարժարանի մը դուռը կը փակեն եւ հայ ժողովուրդը որբ կը ձգեն, գողնալով այդ ժողովուրդի հրաշալի զաւակները: Երբեք թող չջանան մեզ համոզել որ այդ գոցուող վարժարանի ուսանողները ինքնաշարժով ուրիշ քոյր վարժարաններ պիտի փոխադրուին:
Որչա՜փ տկարամիտ պէտք է ըլլայ հայ ծնողք մը որ այդ տեսակ անտրամաբանական լուծումներու հաւատայ: Համոզէ իր զաւակին որ առաւօտ կանուխ պատրաստուի մէկ ժամնոց ճամբորդութիւն մը ընելու եւ երեկոյեան, մէկ ժամ տրամադրէ յոգնած տուն հասնելու, որպէսզի իր յաջորդ օրուան դասերը պատրաստէ, պարտականութիւնները կատարէ եւայլն:
Հայ դպրոցը չի գոցուիր, ընդհակառակը անոր թիւը պէտք է բազմապատկուի սփիւռքի այս վատառողջ մթնոլորտին մէջ:
Ապագայ սերունդները պիտի օրհնեն զանոնք որ կը քաջալերեն հայ դպրոցը եւ պիտի պախարակեն զանոնք, որ իրենց շահերը հետապնդելով հայ նոր սերունդը կը զրկեն եւ կը հեռացնեն իրենց արմատներէն, այսինքն այլասերումի ճահիճին մէջ կը նետեն:
Մեր առաջարկը դպրոցի վերակա-ցուներուն ա՚յս է.
Բա՛ց պահեցէք Փասատինայի Վաչէ Մանուկեան Վարժարանի դռները հայ նոր սերունդին առջեւ:
Մտիկ ըրէք ձեր սրտերուն մէջ շրջագայող արեան ձայնին, ո՛չ թէ ձեր դրամատուներուն մէջ գումարուող հարստութեան խռպոտ ձայնին:
«Ան որ ականջ ունի թող լսէ»: