Փաշինեանի Հերթական Խուսանաւումը
ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան շարքային քաղաքացի եւ որոշ չափով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական զարգացումներուն ու իրադարձութիւններուն հետեւողպիտի ակնկալէի, որ պրն. Փաշինեան չվարակուէր իր գործընկերներու բառապաշարէն եւ երկրի բարձրագոյն պաշտօնեան աւելի պատշաճ ելոյթներով հանդէս գար, մանաւանդ
Ազգային ժողովի ամպիոնէն:
Այդ ամպիոնը կուսակցական ամպիոն չէ, այլքաղաքական եւ համազգային ամպիոն է, եւ երկրին վարչապետը պարտաւոր է հիմնաւորուած ու յստակ պատասխաններ ունենալ առանց խուսանաւելու, շրջանցելու եւ խեղաթիւրելու երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ էական խնդիրները, ըստ էութեան հարցադրումները, յատկապէս
այսօրուան հրատապ հարցերուն հետ կապուած, օրինակարցախեան բանակցութեանց օրակարգով Պրաթիսլաւայի մէջ հնչած ազրպէյճանական ծաւալապաշտական մօտեցումներուն եւ հայկական կողմը քաղաքական փակուղիի մատնող Հայաստանի Հանրապետութեան անորոշ արտաքին քաղաքականութեան, ներհայաս-տանեան քաղաքականութեան, հասարակութեան պառակտուածութեան, եւ վերջապէս
կրթական համակարգին հետ կապուած եւ ուսանողական արդար բողոքի ցոյցերուն հետ առնչուող հիմնա-խնդիրներուն կապակցաբար: Ակնարկութիւնը կը վերաբերի 3 դեկտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հարց ու պատասխանի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած ելոյթին:
Պրն. Փաշինեանը պէտք է լաւապէս ըմբռնած ըլլար մինչեւ այսօր, որ ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ հատուածներ չկան, ինչպէս հաւանաբար խաբուսիկ եւ նորելուկ այլ կուսակցութիւններու մէջ: Դաշնակցութեան մէջ արտօնուած է բազմա-կարծութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը: Սակայն Դաշնակցութեան մէջ կան Ընդհա-նուր ժողովներ, Շրջանային ժողովներ եւ Ներկայացուցչական ժողովներ, ուր որոշումներ կը տրուին յետ վերլուծումներու, ախտաճանաչումներու եւ ըստ էութեան քննարկումներու, որոնց լոյսին տակ տրուած որոշումները անյապաղ գործադրելի կը դառնան բոլոր մարմիններուն եւ կուսակցական ընկերներուն համար:
Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ դժուարութիւն կամ բարդոյթ ունի առերեսուելու իր ազգային, ընկերվարական եւ յեղափոխական արժանապատիւ ժառանգութեան ու քաղաքական անցեալի, ներկայի եւ ապագայի գործունէութեան հետ:
Դաշնակցութեան ծաւալած 130-ամեայ արժանապատիւ կենսափորձով եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումով սփիւռքը կազմակերպելու, հայեցի դիմագիծի պաշտպանութեան, Հայ դատի հետապնդման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին դիրքերը ամրապնդող նախաձեռնութիւններով, եւ յատկապէսիր վերջին երեսունամեայ ներհայաստանեան գործունէութեամբ, ան արցախեան ազատագրական սրբազան պայքարի ամբողջ տեւողութեան ամէնէն թէժ ռազմաճակատները պաշտպանող զօրամիաւորը հանդիսացաւ եւ յառաջատար առաջամարտիկը դարձաւ ամբողջ պատերազմի ընթացքին: Դաշնակցութիւնը իր շարքերէն զոհաբերեց աւելի քան չորս հարիւր կուսակցական ընկերներ եւ բազմաթիւ համակիրներ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին ամբողջական նուիրումով ներդրեց կամ համահեղինակ հանդիսացաւ ներհայաստանեան քաղաքականութեան կայունութեան, կուսակցութիւններու միջեւ յարաբերութեանց մշակոյթի զարգացման, ինչպէս նաեւ ընդդիմութիւնիշխանութիւն ներկայիս գործող սահմանադրութեան ձեւաչափին, սփիւռքի նախարարութեան կազմութեան, որ տապալուեցաւ ներկայ իշխանութեանց օրով, երկքաղաքացիութեան օրինագիծի որդեգրման, ընտրական աւելի արդիական օրինագիծի ընդունման, ինչպէս նաեւ օրին երջանկայիշատակ ընկեր Վահան Յովհաննիսեանի գլխաւորած
Ազգային ժողովի փտածութեան դէմ պայքարի պետական յանձնախումբի աշխատանքներուն, ընկերային առումով հայրենի մեր ժողովուրդի անմխիթար խաւի անհրաժեշտ պետական պաշտպանութեան, հայ-թրքական արձանագրութիւններու եւ ֆութպոլային պարտուողական դիւանագիտութեան տապալման, Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական վերականգնման, Արցախի վերաբնակեցման եւ միջազգային բանակցութեանց կապակցաբար: Յայտնի են նաեւ պետական բանակցային դիրքերը զօրացնող կուսակցութեան անզիջող դիրքորոշումները արտաքին եւ ներքին ճակատներու վրայ, առաւելհետեւողական պահանջը միջազգային հանրութենէն ազրպէյճանական իշխանութեան լուծին տակ գտնուող Շահումեանի, Մարտունաշէնի եւ Գետաշէնի ազատագրումին: Ինչպէս նաեւ սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւններու մակարդակի որակական բարեփոխումներուն ու 100-ամեակի համապետական յուշագիրին կապակցաբար եւ այսպէս բազմաթիւ այլ խնդիրներու… Իրականութիւններ, որոնք կարելի չէ խեղաթիւրել եւ ապատեղեկատուութեամբ զբաղիլ: Այսօր պէտք է արմատախիլ ընել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տիրող վախի մթնոլորտը, այլամերժութիւնը, ատելութիւնը, Ազգային ժողովի ամպիոնը կուսակցականացնելը, պետական ուժային լծակները գործածելը
ի խնդիր ներկուսակցական հաշիւներու եւ հասարակութիւնը պառակտելը:
Պրն. Փաշինեանը, մեր համեստ կարծիքով, ի՛նք խնդիր ունի առերեսուելու իր անցած քաղաքական ուղիին եւ ներկայիս իր վարած քաղաքականութեան հետ, որոնց արմատները պէտք է փնտռել 90-ական թուականներույանձին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, քաղաքականութեան մօտ: Պրն. Փաշինեանը ի՛նք պէտք է հանրութեան պատասխան տայ 90-ական թուականներէն իսկ իր քաղաքական պատկանելիութեան մասին, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարած ապազգային քաղաքականութեան, պարտուողականութեան, ատելութեան, արցախեան ազատագրական պայքարը քաղաքական շրջափակումի մատնող ձախաւեր ու ապազգային մարտավարութեան եւ այդ օրերուն երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներու առկայութեան ու 90-ական թուականներու սեփականաշնորհման անհեթեթ քաղաքականութեան պատճառով երկիրը կազմաքանդող Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարած ընդհանուր քաղաքա-կանութեանց մէջ իր դերակատարութեան մասին: Պրն. Փաշինեանը այսօր ի՛նք խնդիր ունի առերեսուելու ներկայիս վարած իր քաղաքականութեան հետ, ինչ կը վերաբերի 2018-ի միթինկային ամբոխավարական չիրականացած շռայլ խոստումներուն, երկրին մէջ տիրող վախի մթնոլորտին, անհանդուրժողականութեան, ատելութեան, ներդրումներու բացակայութեան եւ բազմաթիւ այլ խնդիրներու: Այնպէս որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ պրն. Փաշինեանը թող աւելի մտահոգ ըլլայ իր անձնական վարկանիշով եւ Հայաստանի ճակատագիրով ու ապագայով, քան
Դաշնակցութեան, եւ փոխանակ իր «թանկագին» ժամանակը փճացնելու եւ միջամուխ ըլլալու ներկուսակցական խնդիրներու եւ կուսակցութեանց որոշ «հատուածներու» վերաբերող հարցերու, աւելի օգտաշատ կ՛ըլլար, որ ան զբաղէր օրինակ` Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ կողմէ մշակուած յարձակման ծրագիրով, Պրաթիսլաւայի մէջ հայկական կողմին ունեցած ձախողութեամբ, ներհայաստանեան կայունութեամբ, ներդրումային լուրջ ծրագիրներու իրականացումով, ազգը համախմբելով, հասարակութիւնը միաւորելով եւ համազգային սուր մարտահրաւէրները դիմակայելով:
7 դեկտեմբեր 2019
ԶԱՐՄԱՆՔ
«Ի՞նչ շահ սրանից, կամ ինձ ի՞նչ օգուտ,
Որ արձակելով այսպէս շարունակ
Ողբ ու հեծութիւն՝ ինքս վհատուեմ ու
դուրս չթափեմ խօսքիս խարանով»:
Նարեկացի-Բան Զ
Խոր կսկիծով կարդացի ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի յայտա-րարութիւնը՝ ներկայ իշխանութեան միահեծանութեան ձգտող գործելաոճը խնդրոյ առարկայ դարձնելու վերաբերեալ, մի շարք այլ մեղադրանքներ կցուած, որոնց պիտի չանդրադառնամ՝ գտնելով, որ դա՛նրա կատարեալ իրաւունքն է եւ որեւէ մէկը արգելք չի կարող դնել: Ինձ զարմացնողը այն էր, որ կուսակցութիւնը իր աւելի քան հարիւրքսանամեայ հայրենա-շինութեան ու ազատագրական պայքարի ճամբաներով անցած եւ ձեռք բերած փորձառութեամբ՝ առանց վարանելու սպառնում է, Հրանտ Մար-գարեանի յայտարարութեամբ, «պարտիզանական գործողուիւններ»-ի անցնել, որ կարելի է համարել քաղաքացիական պատերազմի կոչ (եթէ՞ իրաւ է):
Թող ներող լինի ընթերցողը, քանի որ երջանիկ կը լինեմ սխալ հասկացած լինելուս պարագային:
Արդէն, ՀՅԴ երիտասարդական խմբի կողմից ոմն դեղնակտուց Արթուր Դանիէլեան սպառնալի բաց նամակ էր ուղարկել վարչապետին՝ նրան երկիրը կառավարելու դասեր տալով, որ դասադուլ անողների շարունակութիւնն էր ըստ երեւոյթին: Արդար լինելու նպատակով կ՝ուզեմ գիտենալ, թէ քանի հոգի հաւատաց, որ ուսանողների դասադուլի բուն հոգսը հայերէնի ու եկեղեցւոյ պատմութեան դասերի ոչ պարտադիր լինելն էր: Դա եւս մի էժանագին պատրուակ էր խառնաշփոթ «շանտաժ»-ի նպատակով:
Ո՞ւր էին այդ երիտասարդները եւ նրանց փողոց հանողները Ռոբ-Սաշիկ-Միշիկների քսանամեայ թալանի օրերին, երբ զինակից լինելով նրանց բարեացա-կամութեամբ՝ ճիշտ թէ սխալ, յանցագործ կառավարութեան նախարարական պաշտօններ ունեցան: Այդ շրջանին հայերէնի ու եկեղեցական պատմութեան դասերը աւելի փայլուն վիճակի չէին, քան այսօր, փա՛ստ, որ արդի դրութեամբ հայերէնին ճիշտ տիրապետում է շատ քիչ մարդ եւ հէնց համալսարանի պատերի ներսում սխալախօսութիւնն է տիրակալ:
Մէկ բան պարզ պիտի լինի բոլորի համար, որ հայերէնի ու ընդհանուր պատմութեան ուսումնառութիւնը լինում է միջնակարգ դպրոցում եւ երիցս ցաւալի է, որ այդ շրջանի մակարդակի անբաւարարութիւնն է, որ այն շարունակում են ԲՈՒՀ-երի ծրագրերում: Բազմաթիւ երկրներում, ինչպէս նաեւ հայրենի ճարտարա-գիտական, գիւղատնտեսական, բժշկական եւ այլ համալսարաններում երբեւէ լեզու եւ պատմութիւն դասաւանդելու հարց չի եղել եւ չէր կարող լինել, մինչդեռ այն պարտադիր է եղել այդ ճիւղի միայն մասնագիտացման եւ մանկավարժութեան բաժիններում:
Արդար ու անկողմնակալ լինելու համար նշեմ, որ մի տեսակով ուրախ եմ, որ երիտասարդները անտարբեր չմնան իրենց ապագային վերաբերող հարցերի նկատմամբ, բայց այդ զգացումը պիտի լինի տրամաբանօրէն լեցուն եւ ոչ ինչ-ինչ պատուէրի կատարում: Գրեթէ վստահ եմ, որ այդ հացադուլի մասնակիցների զգալի մասը տեղեակ չէ, թէ ի՛նչ տեսակ դպրոց են ցանկանում ունենալ, որ խնդրոյ հիմնական մասը պիտի լինէր: Փոխարէնը, նախարարի հրաժարականը պահանջելու դիմաց ոչ մէկ լուրջ քննարկում է եղած առաջարկուած ծրագրի փոփոխութիւնների վերաբերեալ, որ պիտի լինէր բողոքի հիմքը՝ զանց առնելով մի քնի դասախօսների հանդիպումը նախարարի հետ:
Վերջապէս չմոռանանք, որ վերջին քսան տարիներին մի քանի կրթութեան նախարարներ ենք ունեցել, որոնք ոչ աւել եւ ոչ պակաս եղել են նաեւ ՀՅԴ-ականներ, բայց շօշափելի կամ արմատական որեւէ բարելաւումներ չեն եղել այդ բնագաւառում, բացի դասագրքերի վերահրատարակումը եւ ուսումնական համակարգի մէջ «Մագիստրոս-Բակալաւր» տիտղոսներ ստեղծելը, որ ըստ մեր անտեղեակութեան գնահատում ենք արեւմուտքին կապկելու հետեւանք, առանց ոչինչ աւելացնելու կրթական մակարդակին՝ հսկայական նիւթական ծախսերով:
Միով բանիւ, մեզ հետաքրքրողը այն է, որ առաջարկուող ծրագիրը պիտի ունենա՞յ, թէ՞ ոչ կրթական կաղ համակարգը բարելաւելու միջոցներ, թէ՞ միայն ձեւական մեծ կամ հնակարկատի նման աշխատանքներով ինքնաբաւ պիտի շարունակեն մնալ միեւնոյն տաշտակի առջեւ: Այստեղ մէկին նախատելու եւ միւսին արդարացնելու խնդիր չկայ եւ չի կարող լինել, այլ միակ նպատակը առողջ մտայնութեամբ բարեկարգ հասարակարգ ունենալն է:
Թէեւ, այս բոլորը ինչ-որ դաւադրութեան է նմանւում, այսուհանդերձ կարծում ենք, որ կրքերը կը հանգստանան եւ բոլորի առուները միեւնոյն հունով կը հոսեն, երբ խնդիրները ընդհանուր ազգային բնոյթի են, ինչպիսին է կրթութիւնը, եւ նա ոչ մէկի մենաշնորհը չէ: Յանցանք կարելի է նկատել դպրոցը եւ կրթութիւնը ամբողջութեամբ կապել որեւէ անձի կամ քաղաքական հոսանքի հետ: Այն տիեզերական է եւ պիտի լինի մեզանից իւրաքանչիւրի հոգսի առարկան:
Ցաւալի է, որ դեռ չենք լրջացել:
05-12-19 Ռուբէն Յովակիմեան