Կարելի չէ անտեսել անոր անցեալը (Գանատա) եւ ներկայիս օրինազանցութիւնները (ԱՄՆ): Ասոնք մեղադրանքներ չեն: Ասոնք իրական փաստեր են: Միայն այս տարի, երեք անգամ ներկայացած է Քալիֆոռնիոյ Գերագոյն Դատարանի դատաւոր Համմոքին (գործ՝ թիւ 18STCV02144), որ վճիռ կայացուցած է Տէրտէրեանի զեղծարարութեան, ստախօսութեան հետ առնչուող վատ վարքագծի դէմ՝ Արեւմտեան Թեմին հրահանգելով վճարել յաղթող կողմ՝ Պր. Տաղլեանի ԲՈԼՈՐ դատական եւ իրաւաբանական ծախսերը, որոնք հայ համայնքի եւ հայ եկեղեցւոյ համար խայտառակութիւններու աղբիւր դարձած են։ Նաեւ նկատի առնենք որ մեր բարեխիղճ ժողովուրդի կողմէ կատարուած նուիրատւութիւնները չարաշահման ենթակայ են:
Ինչպէս գրուած է, անոր դրամ շերթելու նոր ծրագիրը Էջմիածնի հրատապ վերանորոգման համար անհրաժեշտ գումարներ հաւաքելն է: Ոչ մէկ թափանցիկութիւն: Մեզի կþըսուի. «Ուղղակի ի սրտէ նուիրատւութիւն ըրէք, եւ մենք հոգ կը տանինք ամեն ինչի համար»: Ճիշտ այնպէս, ինչպէս բարեխիղճ սփիւռքահայերը տուին Գիւմրիի երկրաշարժէն յետոյ, բայց անօգուտ:
Այսօր Գիւմրին օգնութեան համար դիմած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան՝ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ին: ԵՈՒՆԵՍԿՈ-ն ներկայիս Գիւմրին ճանչցած է որպէս ընթացիկ նախագիծ: Պարզ է, որ Էջմիածինը կրնայ որակաւորուիլ որպէս անոնց առաքելութիւն՝ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի հոգածութեան թեկնածու եւ դրամ հաւաքելու կարիք չունենար աշխարհի հայերէն: Այս փաստերը չեն կրնայ անտեսուիլ: Եթէ անտեսէք, ապա այդ ձեւով աջակցած կþըլլաք Յովնան Տէրտէրեանին եւ իր աւազակախումբին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *