ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Արար աշխարհ գիտէ որ արք. Յովնան Տէրտէրեան վտարուլէ ետք Լիբանանի Կիլիլկիոյ միաբանութենէն եւ էջմիածնի հովանիին տակ գործող Գանատայի Թեմէն իր ապաբարոյական վարքին համար, հասաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ եւ ձեւով մը կրցաւ առաջնորդ ընտրուիլ։ Բախտաւոր էր Տէրտէրեան, որ այդ ժամանակ իրեն նեցուկ կանգնողները տեղեակ նոյնիսկ չէին իր ժխտական անցեալի մասին։ Բայց հիմա, բոլոր այն անձնաւորութիւնները որոնք իր առաջնորդ ընտրուելուն մէջ պատասխա-նատւութեան իրենց բաժինը ունին, խորապէս զղջացած են եւ ցաւ կþապրին։ Այստեղ անոնց անունները նշելու հարկաւորութիւնը չենք զգար։
Չմոռնանք որ այն ազնուական գանա-տահայ ազգայինը որ իր տունէն ներս, ազնիւ սիրտով ընդունած էր Տէրտէրեանին, խորապէս յուսախաբ եղաւ։ Տէրտէրեան փորձեց գողնալ այդ հայորդիին դրամները եւ յետոյ զոհը հազիւ կրցած է իր գումարներուն մէկ մասը վերստանալ։ Անգլերէնով ժողովրդային լաւ խօսք մը կայ, որ կþըսէ «Օձին մի կերակրեր» (Don’t feed the snake)։ Ինչպէս տեսանք, ազնուահոգի հայորդին Տէտրէրեանին բերաւ իր տան մէջ պահեց, գուրգուրաց եւ կերակրեց բայց յետոյ Տէտրէրեան անոր խայթեց։
Երբ Ամերիկա եկաւ, Տէտ-րէրեան նորէն նոյնը ըրաւ։ Ան փորձեց կողոպտել Արեւմտեան Թեմի եւ Էջմիածնի խոշոր բարերար Յարութ Աղասար-գիսեանին։ Բարերարութենէ զատ Աղասարգիսեան կարեւոր գումարներով ներդրում կատա-րած էր արեւմտեան թեմէն ներս ուտելիքի մատակարարման (catering-ի) գործառնութեան մը մէջ։

Սակայն արք. Տէտրէրեան փորձեց ապօրինաբար իւրացնել պր. Աղասարգիսեանի եւ իր գործընկեր՝ Յարութ Հալաճեանի բոլոր իրաւունքները։
Բարեբախտաբար, ամերիկ-եան դատարանի մէջ արդարա-դատութեան օրէնքները գործող ըլլալով, պարոնայք Աղասար-գիսեանի եւ Հալաճեանի բոլոր իրաւունքները պաշտպանուե-ցան։ Սակայն դժբախտաբար, արք. Տէտրէրեանի կողմէ սխալ ղեկավարուող Արեւմտեան Թեմը եւ Հայ Եկեղեցին մեծապէս տուժեցին։ Անոնք տուգանքի եւ ամօթանքի ենթակուեցան ամե-րիկեան դատարանի մէջ։
Յետոյ՝ Արեւմտեան Թեմի կրած հարիւր հազարաւոր տոլարներու վնասները ծածկելու համար, արք. Տէտէրեան գնաց իբրեւ թէ նոր բարերար գտաւ բայց իրականութեան մէջ բիզնեսային նոր եւ սխալ գործառնութիւններու մէջ մտաւ։
Գանատայէն Լոս Անճելոս ժամանելէն կարճ ժամանակ ետք ան սկսաւ վարկագողութիւն ընել։ Այն բոլոր թեմական աշխատանքները որ նախկին առաջնորդ Վաչէն Յովսէփեան Սրբազանը ըրած էր, բոլորը իրեն վերագրեց ժողովուրդին աչքին հերոսանալու համար։
Իրականութեան մէջ ան գլխաւորաբար փորձեց խոշոր բարերարներուն կողոպտել իր անձնական շահերուն համար։ Ան առանց ամչնալու դիմեց ստախօսութեան, կեղծարարութեան եւ այլ խարդախութիւններու, մեծ բարերար՝ Պր. Պետրոս Տաղլեանին ծուղակը նետելու համար եւ անորմէ ապօրինի կերպով իւրացնելու տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ։

Բարեբախտաբար այս պարագային ալ, Ամերիկայի նահանգային եւ դաշնային արդարադատութեան օրէնքները գործեցին եւ պր. Տաղլեանին բոլոր իրաւունքները պաշտպանուեցան։ Դատաւորը երեք հերթական դատավարութիւններու աւարտին ի նպաստ պր. Տաղլեանի վճիռներ արձակեց։
Սակայն այս պարագային ալ դժբախտաբար, արք. Տէտրէրեանի կողմէ սխալ ղեկավարուող Արեւմտեան Թեմը եւ Հայոց Եկեղեցին տուգանքի եւ ամօթանքի ենթակուեցան ամերիկեան դատարանի մէջ։ Երեք յաջորդական դատեր կորսնցուցին արք. Տէրտէրեան եւ իր մեղսակիցը՝ Մանուկ քհն. Մարգարյան որ դատարանի կողմէ «ստախօս» հռչակուեցաւ։
Իրենց կատարած չարագործութիւններուն համար Տէրտէրեան եւ Մարգարյան երկուքով գացին պրն. Տաղլեանէն «ներողութիւն խնդրելու» իրենց կանխամտածած աւազակութեան համար։ Արադարացիօրէն պրն. Տաղլեան զիրենք իր գրանսենեակէն դուրս շպրտեց չընդունելով անոնց կեղծ «ներողութիւնը»։
Պրն. Տաղլեանին համար արդեն շատ պարզ դարձած էր որ արք. Տէրտէրեան եւ Մանուկ քհն. Մարգարյանի նմանները ոչ միայն կեղծ հոգեւորական են, այլ՝ պարզ մարդկային արժեքներու նշոյլ անգամ չունին իրենց նկարագրին մէջ։
Շատերու համար յստակ է որ ժամանակը եկած որ Տէրտէրեանի եւ Մանուկ քհն. Մարգարյանի նմանները ոչ միայն հեռանան այլ նաեւ փիլոնազուրկ ըլլան ու իրենց նաեւ արգիլուի նոյնիսկ սուրբ խորան բարձրանալ։ Իրենց հետ պէտք հրաժարին նաեւ նեխած ծխականներ ինչպիսիք են փաստաբան Արմէն Թաշջյան որ դրամաշորթութեամբ ամբաստանուած է։
«Թագաւորի պէս ապրիլ» ուզող այս կեղծ հոգեւորականները հիմա կը փորձեն իրենց «իշխանիկութիւնը» հավերժացնել ի վնաս մեր ժողովուրդին եւ ի հակառակ անոր կամքին։
Կրնա՞ք պատկերաղցնել թէ 2019-ի սկիզբին, երբ արդեն մի քանի տարի է, որ Հոլիվուտի Սր. Յովաննու Կարապետ եկեղեցին ֆիզիքապէս գոյութիւն չունի, 2019-ի Մայիսի Արեւմտեան Թեմի 92րդ թեմական ընդհանուր ժողովին համար պատգամաւորներ ընտրեց ներկայացնելու համար ֆիզիքապէս գոյութիւն չունեցող եկեղեցին։
Աւելի կարեւորը։ Պատկերացնենք որ Հոլիվուտի Սր. Յովաննու Կարապետ եկեղեցին թէկուզ ֆիզիքապէս գոյութիւն չունի բայց ինչ որ մի կերպ կը գործէ առանց եկեղեցւոյ շէնքի։ Արդեոք իրո՞ք կը գործէ։
Աւելի հրատապ հարցումներ կան.
Առաջին հարցում. Հոլիվուտի Սր. Յովաննու Կարապետ եկեղեցին, ի շարս այլ թեմական եկեղեցիներու ծուխերու, կարեւոր առաքելութիւն մը ունի որ կþառնչուի Հոլիվուտի հիսունէն՝ եօթանասուն հազար հաշուող հայութեան հետ։ Ինչպէ՞ս կարելի է արդարացնել այն փաստը, որ 50-70.000 հայութեան մէջ, եկեղեցին -թուղթի վրայ, ընդամենը միայն հարիւրի շուրջ ծխական անդամներ ունի եւ ոչ հարիւրաւոր կամ հազարաւոր։ Ոչ մէկին թող չի փորձեն արք. Տէրտէրեանն ու Մարգարյան քահանան համոզել որ « հայերը եկեղեցիով հետաքրքրուած չեն»։ Ապա ինչու՞ բազում տեղեկութիւններ կան ըստ որոնց Մարգարյան քահանան իր կոշտ եւ վիրաւորական վարուելակերպով բանաւոր կերպով բռնացած է բազմաթիւ հայ կանանց եւ հաւատացեալ հայ տղամարդկանց դէմ։
Երկրորդ հարցում. Հոլիվուտի Սր. Յովաննու Կարապետ եկեղեցին 2019-ի իր տարեկան Ծխական Ընդհանուր Ժողովը 17 Փետրուարին գումարեց միայն 35 հոգիով։ Ակնյայտ է, որ ոչ արք. Տէրտէրեան, ոչ ալ Մարգարյան քահանան ու իր զաւակները որ եկեղեցին ընտանեկան «բիզնեսի» վերածած են, չէին փափագիր որ աւելի մեծ թիւով ժողովականներ մասնակցին։ Հետեւաբար, անոնք կիսագաղտնի եւ եկեղեցւոյ կանոնադրութեան հակառակ շտապօրէն ծխական ընդհանուր ժողով կայացուցին գրեթէ միայն իրենց դրածոներու մասնակցութեամբ որպէսզի իրենց նախընտրած անհատները ընտրուին որպէս պատգամաւորներ Մայիս ամսոյն կայացած Թեմական Ընդհանուր Ժողովին։ Ինչու՞ 50-70.000 հայերու վրայ միայն 35 հոգիով Ծխական Ընդհանուր Ժողով։ Սա խեղկատակութիւն չէ՞։
Երրորդ հարցում. Արդեո՞ք ժամանակը չէ հասած որ Հոլիվուտի շրջանի հայութիւնը խուռներամ անդամակցի Հոլիվուտի Սր. Յովաննու Կարապետ եկեղեցիին եւ մասնակցի յառաջիկայ տարեկան Ծխական Ընդհանուր Ժողովին իրականացնելու համար ժողովրդավարական եւ թափանցիկ ընտրութիւններ յօգուտ հայ ժողովուրդին եւ իր եկեղեցիին։
Սա կ’ըլլայ առաջին քայլը վերականգնելու Հայ Եկեղեցին։
Յաջորդ քայլերու մասին՝ շուտով։ Սպասեցէք։