Իտալական մամուլը կը հաղորդէ, որ լոնտոնեան Արսենալը կը հրաժարի Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման իրաւունքը ծախել իտալական Ա. էս. Ռոմային:
Նշուեցաւ, որ Ա. Էս. Ռոմա 30 տարեկան Մխիթարեանի ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար Արսենալին առաջարկած է 10 միլիոն եւրօ, բայց մերժում ստացած:
Կը կարծուի, որ մօտիկ ապագային Ա. Էս. Ռոմա դարձեալ բանակցութիւններ պիտի կատարէ Արսենալի հետ:
Նախորդ ամրան Մխիթարեան Արսենալէն փոխ տրուեցաւ Ա. Էս. Ռոմային:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *