ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Չորեքշաբթի Դեկտեմբեր 18-ին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք արք. Նուրհան Մանուկեան այցելեց Նիւ Եորքի թեմական կեդրոն:
Թեմի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն` արք. Մանուկեանին ջերմօրէն ընդունեցին թեմակալ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Դանիել եպիսկոպոս Ֆընտգեան, եւ ճաշի ընթացքին, անոնք վայելեցին իմաս-տալից հանդիպում մը Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հոգեւորականներու հետ միասին»:
Եպիսկոպոս Ֆընտգեան, ջերմօրէն խօսքը ուղղելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին, նշեց սրբավայրերու կարեւորութիւնը: «Երուսաղէմը դարեր շարունակ եղած է խիստ կարեւոր կեդրոն հայ քրիստոնեաներու համար եւ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է մեր եկեղեցւոյ տեսլականի, աստուածաբանութեան եւ պատարագի վրայ», ըսաւ Ֆնտգեան եպիսկոպոս: «Նոյնիսկ այսօր Երուսաղէմ մեկնիլը կը փոխէ անթիւ հայ ուխտաւորներու կեանքը եւ մեզի համար պատիւ է գտնուիլ մեր Պատրիարքարանի ղեկավարի կողքին:

Մենք կ’աղօթենք Պատրիարք Նուրհանի յարատեւ ծառայութեան եւ առողջութեան համար եւ այն քաջութեան համար, որ ան ցոյց կուտայ Սրբակեաց Երկրի մէջ հայկական ներկայութիւնը պաշտպանելու առաքելութեան մէջ»:
Արք. Մանուկեան տեղեկացուց Եպիսկոպոս Ֆընտգեանին եւ բոլոր ներկաներուն քրիստոնեաներու իրավիճակի եւ մասնաւորապէս, Սրբակեաց Երկրի Հայ Առաքե-լական Եկեղեցւոյ մասին: Ան նախատեսեց տարբեր տեսակի վերականգնման աշխատանքներ եւ որոնց կարգին՝ Հայոց Թանգարանի նորոգումը:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆընտգեան եպիսկոպոսին, հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն բարոյական ինչպէս նաեւ նիւթական աջակցութեան համար: Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը խօսեցաւ նաեւ նորաստեղծ «Սուրբ Յակոբի Ասպետներ» կազմակերպութեան մասին, որ նուիրուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան:

Մի քանի օր առաջ Քալիֆոռնիաբնակ Երուսաղէմցի հայ ընկերներ տեղեկացուցին «Հայ Կեանք»ի խմբագրակազմին, որ թեմական ճաշկերոյթի ընթացքին Արեւելեան թեմի հոգեւորական անդամներէն մէկը հարցուցած է Պատրիարք Մանուկեանին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրի-արքութեան երկու երեց հոգեւորական անդամներու որպէս եպիսկոպոս ձեռնադրութեան ճակատագրի մասին: Ըստ Հայց. Առաքել. Եկեղեցւոյ կանոններու, Եպիսկոպոսի օծում կը կատարուի առնուազն երեք այլ եպիսկոպոսներու կողմէ, որոնցից մեկը՝ հարկաւոր է որ ըլլայ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կաթողիկոս կամ պատրիարք:
Որպէս պատասխան՝ արք Մանուկեան ըսաւ որ «Գարեգին Բ-ն իր էշէն վար չուզեր իջնել»։ Ան դեռ եւս կը մերժէ Սուրբ Էջմիածնէն եպիսկոպոս տրամադրել, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութեան կայացման համար:
Ամերիկահայ համայնքի բազմաթիւ անդամներ նոյնպէս հետաքրքրուած են, թէ ինչու՞ Գարե-գին Բ-ն կը մերժէ արարողակարգի համար եպիսկոպոս տրա-մադրել:
Գարեգին Բ-ն իր կլանակիցներ՝ Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ Մոսկուայի Եզրասի հետ նոյնպէս «կը մերժեն իրենց էշերէն վար իջնել» շարք մը հարցերու գծով, որոնք կը վերաբերին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ բարօրութեան եւ ամբողջ աշխարհի թեմերուն բարեկեցութեան, մասնաւորապէս՝‘ Ֆրանսայի ու Ռուսաստանի թեմերուն, ինչպես նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերուն:
Վերջերս Արեւմտեան Թեմի զօրակից մը ողբաց այն փաստի համար, որ Թեմական Խորհուրդի որոշ անդամներ, ինչպիսիք են նախորդ նախագահ Ժոզէֆ Կանիմեան եւ ներկայ նախագահ Տիկ. Ատրիէն Գրիգորեան եւ թեմական կարգ մը պատգամաւորներ կաշառուած են արք. Տէրտէրեանի եւ իր դաշնակից Գարեգին Բ.-ի կողմէ։
Արեւմտեան Թեմի հաւատարիմ զօրակից մը գրեց, որ «եկեղեցական կրօնական եւ աշխարհական ղեկավարները պէտք է լսեն ժողովուրդին եւ պետք չէ յառաջ քշեն փոքրաթիւ մարդոց շահերը ի վնաս ժողովուրդին: Անոնք պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Անոնք ընտրուած են իրենց ընտրողներու կամքը գործադրելու համար, անկախ այն բանէ՝ թէ անոնք համաձայն են ընտրողներու եւ ժողովուրդի դիրքորոշումներու հետ, թէ ոչ: Համայնքը կը զգայ թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան անհրաժեշտութիւնը եւ որ Թեմական Խորհուրդը պէտք չէ կոյր եւ խուլ ձեւանայ հայ համայնքի կամքի ձայնին դիմաց։ Այլ խօսքով, մեղմ ըսած՝ ոչ-ժողովրդավարական մտածելակերպին պէտք է վերջ տրուի»:


Համայնքի մեծաթիւ անդամներ համոզուած են, որ «Արք. Տէրտէրեանի եւ իր համախոհներու ժամանակը հասած է իր աւարտին» եւ որ, «Հայ եկեղեցւոյ ու բոլոր այն կազմակերպութիւններու շարքերէ ներս գտնուող բոլոր մէնատէրերը պէտք է իրենց էշերէն վար իջնան» եւ տուն երթան։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *