17 յունուարին Երեւան քաղաքի Պարոյր Սե-ւակի փողոցի բնակա-րաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է Ազ-գային անվտանգու-թեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Գէ-որգի Կուտոյեանի դիակը, որուն վրայ կային կրակոցներու հետքեր: Նախնական տուեալներովդիակի զննութեամբ վնաս-ուածք յայտնաբերուած է անոր դիմածնօտային հատուածին մէջ. մահուան վարկածներէն մէկը անձնասպանութիւնն է: Դիակին կողքին գտնուած է նաեւ ատրճանակ մը: Լրատուամիջոցներուն համաձայն, Գէորգի Կուտոյեանի բնակարանին պատերուն վրայ յայտնաբերուած են կրակոցներու հետքեր: Այս բնակարանը, ուր տեղի ունեցած է դէպքը, Կուտոյեան գնած էր չորս տարի առաջ, իսկ դէպքի պահուն ան տան մէջ առանձին եղած է, 17 յունուարին տուն վերադարձած են զաւակներն ու կինը, որ Գէորգի Կուտոյեանի դիակը յայտնաբերած է: Մեծ հաւանականութիւն կայ, որ դէպքը պատահած ըլլայ 16 յունուարին, երբ անոր ընտանիքը իր ծնողներուն տունը կը գտնուէր: Գէորգի Կուտոյեան ծնած է 30 սեպտեմբեր 1981-ին, Երեւան: 2011-ին, Հայաստանի նախագահին կարգադրութեամբ, նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի օգնական: 2011-2014-ին վարած է Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդին առընթեր Փտածութեան դէմ պայքարի ռազմավարութեան իրականացման դիտարկման յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը: 2016-2018 եղած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն: Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեանի յանձ-նարարութեամբ, դէպքի վայրին մէջ քննութիւն կատարած են Քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալ Արթուր Մելիքեան, քննչական տարբեր քննիչները, դատական բժիշկներ եւ այլ մասնագէտներ: Արթուր Մելիքեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Դէպքի վայրի զննութիւն կը կատարուի, որպէսզի կարենամ պատասխանել ձեր հարցումներուն: Երբ բնակարան եկած ենք, դէպքի վայրին մէջ եղած են կինը եւ հայրը: Դէպքի վայրի զննութեան կը մասնակցին դատաբժիշկներ, որոնց զննութեամբ կը պարզենք, որ ան քանի հրազէնային վնասուածք ստացած է» աւելցնելով, որ կ՛ուսումնասիրուին նաեւ դէպքին վայրը նկարահանող տեսա-խցիկներուն տեսագրութիւնները:
Կարգ մը լրատուամիջոցներ նշած են, որ Գէորգի Կուտոյեան մնայուն կերպով Երեւան չէր բնակեր, քանի որ կրթական ծրագիրի ծիրին մէջ ընտանիքին հետ մեկնած էր Լոնտոն` ուսանելու. ան վերադարձած էր նախորդ տարեվերջին:
Յատուկ քննչական ծառայութենէն յայտնած են, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Գէորգի Կուտոյեան որեւէ հարցով չէ հարցաքննուած եւ դատավարական կարգավիճակ չէ ունեցած:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *