Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող Հայաստանի խումբին մասնագէտները 16 յունուարին Հալէպի հիւանդանոցին յանձնեցին դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ: Այս մասին յայտնեց Մարդասիրական առաքելութեան ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեան:
Սուրիական կողմը անգամ մը եւս անդրադարձած է հայկական մարդասիրական առաքելութիւն կատարող խումբի գործունէութեան կարեւորութեան եւ երախտագիտութիւն յայտնած: Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի բժիշկները 2019 թուականի 8 փետրուարէն մինչեւ 6 յունուար 2020 հետազօտած եւ բուժած են 13 հազար 680 հիւանդ: Սակրաւորները ականազերծած են 126 հազար քառակուսի մեթր տարածք:
Մարդասիրական առաքելութիւնը կը շարունակուի:
