ԳՐԵՑ` ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր`
ՙՀԱՅ ԿԵԱՆՔ՚-ի եւ
USA Armenian Life Magazine-ի
Վերջերս ՙՀԱՅ ԿԵԱՆՔ՚-ի խմբագրութիւնը յայտարարութիւն մը ստացաւ Արեւմտեան Թեմի զօրակիցներէն եւ ՙԱրք. Տէրտէրեանէն Արեւմտեան Թեմի Փրկութեան Շարժման՚ անդամներէն:

Յայտարարութիւնը, որ վերնագրուած է ՙԹուղթի Վրայ Եկեղեցիներ = Կեղծուած Պատգամաւորներ՚, կ’ընդգծէ. ՙԹուղթի Վրայ Եկեղեցիներ պահպանելով եւ ամիսը մէկ կամ երկու անգամ այցելու քհն. գործուղելով Առաջնորդը, պատգմաւորներու սուտ մեծամասնութիւն ապահովեց Թուղթի Վրայ միայն գոյութիւն ունեցող սուտ եկեղեցիներու միջոցով, իր 7-ամեայ ժամկէտը ՙնորոգեց՚ Լաս Վեկասի մէջ, 2016-ի հակասահմանադրական ՙվստահութեան քուէ՚ի ընթացքին՚:
Արեւմտեան Թեմի հակականոգրային այդ խախտումը պատահեցաւ Լաս Վեկասի մէջ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի 89-րդ Տարեկան Պատգամաւորական Ժողովի ժամանակ, որ գումարուած էր 2016 թուականի Ուրբաթ, Մայիսի 6-ին, Լաս Վեկասի Հայց. եկեղեցւոյ մէջ: (Անգլերէնով կարդացէք Սան Տիեկոյի Սբ. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ սարկաւագ եւ Փոխ-Պատգամաւոր Մայքա Ճենտեանի ներկայացուցած զեկոյցը: էջ E4-5)
ՙԱրք. Տէրտէրեանէն Արեւմտեան Թեմի Փրկութեան Շարժման՚ անդամները լուրջ հարց կը բարձրացնեն կեղծուածª թուղթի վրայ միայն գտնուող, եկեղեցիներու վերաբերեալ, որոնք իրականութեան մէջ գոյութիւն չունին, բայց ինչ-որ կերպ արք. Տէրտէրեանի համար նպաստաւոր պատգամաւորական քուէներ կը ստեղծեն:
Թուղթի վրայ միայն գոյութիւն ունեցող նման ՙեկեղեցի՚ նաեւ կը հանդիսանայ Հոլիուտի Սբ. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին որ 2016-ին արդեն իսկ քանդուած էր:
Միացեալ Նահանգներու Փոստային Ծառայութեան‘ 2020 թուականի Յունուար 18-ի պաշտօնական փաստաթուղթի համաձայն, Հոլիուտի Սբ. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին գոյութիւն չունի: Ինչպէս ցոյց կուտայ ծանուցումը, ԱՌԱՄՔԱն ՀԱՍՑԷ ՉԻ ԿԱՅ: (Տես նկարը այս էջին մէջ)
Հոլիուտի Սբ. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ շէնքը Մեթոտիստ Եկեղեցիէն գնուած է 1973-ին եւ վերանուանուած է ՙՍբ. Յովհաննու Կարապետ Առաքելական Եկեղեցի՚, հին ամերիկահայերու անխոնջ եւ նուիրուած ջանքերով:
Եկեղեցին որ կը գտնուէր 1201 Vine St, Los Angeles, CA 90038 հասցէին, գործեց մինչեւ 2016 թուականը: Թեմական կայքը կը նշէ, որ վերջին պատարագը տեղի ունեցած է 2016-ին: Ներկայիս, եթէ մէկը այդ հասցէն այցելէ, միայն թափուր հողատարածք մը պիտի տեսնէ, որտեղ սկսած են հիմքը շինելու որոշ աշխատանքներ, բայց երբեք չեն աւարտուած: Անաւարտ նախնական աշխատանքը արդեն մի քանի ամիս էª կանգնած է հակառակ որ եկեղեցւոյ հովիւ Մանուկ քհն. Մարգարեան քաղաքով մէկ ման եկաւ 2019-ի կէսերունª պարծենալով, որ արք. Տէրտէրեան հետ միասին ան գտած է ՙնոր գլխաւոր բարերար մը՚, եւ շինարարութիւնը շուտով կը վերսկսի եւ կþաւարտի:
Ճենտեանը, որ Փոխ-Պատգամաւոր էր 2016ին, գրեց. ՙ2016-ի Մայիս 13-ին Արեւմտեան Թեմի լրատուն հրաշալի հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է անցեալ շաբաթավերջին Թեմական ժողովի տարեկան ժողովին մասին: Կարծես թէ ըսե°ս ժողովը աստուածային ոգեշնչուածութիւն ունէր եւ շնորհքով լցուած էր: Ընթերցողները հիմք պիտի չունենային հաւատալու, որ ատիկա այդպէս չէր: . . եթէ իհարկէ անոնք այնտեղ չըլլային: … Ժողովին ժամանակ, երկու անգամ, Առաջնորդի դէմ ներկայացուած բողոք բերելու միջնորդութիւնները խափանուեցան (տեսª անգլերէն բաժնի էջ 4ի յօդուածը եւ էջ 5-ի բողոքարկման նամակը որ ուղղուած է Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին), ժողովի ընթացքին օրինական բողոքարկ ներկայացնող պատգամաւորները մերժուեցան: Պատգամաւորը, որ կատարեց այդ միջնորդութիւնները, ապօրինի լռեցուեցաւ, անորմէ պահանջուեցաւ նստիլ մինչ ան կը շարունակէր ձայնը լսելի դարձնել£ Անոր սպառնացուեցաւ Ժողովէն հեռացում: Ա¯Խ իմ՚:
Ճենտեան շարունակեց. ՙԱռաջնորդի համար Վստահութեան Քուէարկումէն անմիջապէս առաջ … Սան Տիեկոյէն դուրսª միւս շրջանները ներկայացնող ծխական պատգամաւորները հարցուցին, թէ ինչու անոնց թոյլատրուած չէ լսել բողոքի մասին եւ այն պատգամաւորի կողմէն, որ ընդառաջ բերած էր աւելի վաղ բանաձեւութիւնները: Եթէ հիմա ժամանակը չէ քննարկելու, անոնք հարցուցինª ապա ե±րբ է: Անոնց հարցապնդումները նկատի չառնուեցան: Քուէարկութիւնը կատարւեցաւ: 93 ՙԱյո՚, 17‘ ՙոչ՚:՚
2016ի Մայիս 10-ին ՙԲՈՂՈՔԱՐԿՈՒՄª 2016-Ի ՄԱՅԻՍԻ 6-Ի ԹԵՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍԻՆ, որ ուղղարկուած է Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսինª Սան Տիեկոյի Սբ. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ սարկաւագ եւ Պատգամաւոր Վահէ Տէրունեանին,եւ սարկաւագ ու Փոխ-Պատգամաւոր Մայքա Ճենտեանին կողմէ. ՙԵս կը գրեմ, որպէսզի Ձեզի տեղեակ պահեմ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Եկեղեցւոյª Արեւմտեան Թեմի լուրջ իրավիճակի մասին: Մեծ յարգանքով, ես Ձեզի կը հորդորեմ դիտարկել Թեմական ժողովի մէջ վերջերս կատարուած գործողութիւնները, որոնք կը պահանջեն Ձեր Սրբութեան անյապաղ ուշադրութիւնը‘ մեր Եկեղեցւոյ ամբողջականութիւնը պահպանելու համար՚:
Ճենտեան եւ Տէրունեան նշեցին նաեւ, որ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի կանոնագրութեան 3րդ յօդուածի 2-րդ գլուխ, 25 կէտը, որ կþըսէ. ՙԱյն անդամը, որը բողոքներ ունի Ծխական Ժողովի օրինականութեան, անոր բանաձեւերու կամ ընտրութիւններու մասին, առաջին հերթին պէտք է դիմէ ժողովի Նախագահին եւ հանդիպման ժամանակ անոր ներկայացնէ բողոքները, եւ եթէ դեռ դժգոհ է, ապա ան այդ մասին գրաւոր ներկայացնում կրնայ կատարել Առաջնորդին` տնօրինելու համար, որպէսզի ան լուծէ խնդիրը, ժողովի թուականէն (7) օրուայ ընթացքին՚:
Անոնք ընդգծեցին. ՙԿանոնագրութեան վերոյիշեալ բաժինը հաւասարապէս կիրառելի է Թեմական Ժողովի օրինականութեան վերաբերեալ բողոքներու համար: Ըստ այդմ, այս նամակը կը ներկայացնէ բողոք, որն ի սկզբանէ արտայայտուած է ՙ Նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ՚, – որ կապուած Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի ժողովին, որ տեղի ունեցած է 2016-ի Մայիսի 6-ին, Նեվատա Նահանգի Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ: Այս նամակը նաեւ կը ներկայացնէ լրացուցիչ բողոքներ եւ մտահոգութիւններª որոնք կապւած են տիրող խախտումներու հետ եւ որոնք յառաջ քշեցին 2016-ի Մայիսի 6-ի Թեմական Ընդհանուր ժողովի կայացումը:
ՙԵս կը գրեմ` Ձեր ուշադրութեան յանձնելու համար Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի լուրջ իրավիճակի մասին: Մեծ յարգանքով ես կոչ կþընեմ Ձեզիª դիտարկել Թեմական ժողովին մէջ վերջերս կատարուած գործողութիւնները, որոնք կը պահանջեն Ձեր Սրբութեան‘ անյապաղ ուշադրութիւնը մեր Եկեղեցւոյ ամբողջականութիւնը պահպանելու համար: Ես այս բողոքը կը ներկայացնեմ որպէս Պատգամաւոր, որ ներկայ եղած է Թեմական Ընդհանուր Ժողովի նիստին՚, հաստատեց Ճենտեան – ժողովին ներկայ էր որպէս Փոխ-Պատգամաւոր ներկայացնելով Սան Տիեկոյի Սբ. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին, որ արձանագրած է Սան Տիեկոյի Ծուխի իրադարձութիւնները:
2016-ի բողոքը նոյնպէս պատճենահանուածª ուղարկուած է Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ արք. Յովնան Տէրտէրեանին, Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր Խորհրդի ատենապետª Տէր Շնորհք քհն. Տէմիրճեանին, Արեւմտեան Թեմի Թեմական Ժողովի ատենապետ Ատրիաննա Գրիգորեանին, եւ Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեանին:
Ճենտեանի ներկայացուցած ԱՌԱՋՆԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔԸ կþըսէ. ՙԹէկուզ Թեմական Խորհուրդը եւ Թեմական Ժողովի ատենապետն ու պաշտօնատարները գիտէին, 2016-ի Մայիսի 3-ի եւ 2016-ի Մայիսի 5-ի նամակագրութեան միջոցով, որ Առաջնորդի դէմ բողոք ներկայացուած է Թեմական Խորհուրդին համապատասխան ենթաօրէնսգրութեամբ, այս տեղեկութիւնը հեռու պահուած է Թեմական Ընդհանուր ժողովէն, որ կը հանդիսանայ ՙԾուխերու Ներկայացուցչական Մարմինը եւ Թեմի Օրէնսդիր Մարմինը՚ (4րդ Յօդուած, Ա. Գլուխ – Թեմական ժողով, 59-րդ բաժին)՚:
Ճենտեան նշած է. ՙԼրացուցիչ եւ աւելի մանրակրկիտ. 1. Մինչեւ ժողովի նիստի մէջ օրակարգի ընդունումը, ես հանդէս եկայ բանաձեւով մըª որպէս« ՙՆամակագրութիւն՚ խորագրի բաժնի տակ օրակարգային կէտ աւելցնելու, Թեմական խորհուրդին ուղղուած 2016ի Մայիսի 3-ի եւ 2016-ի Մայիսի 5-ի նամակագրութեան համապատասխան ներկայացուած բողոքի վերաբերեալ: Իմ առաջադրանքը մերժուեցաւ Թեմական Ժողովի նախագահին կողմէ. 2. Առաջնորդի համար վստահութեան քուէարկութենէն առաջ ես հանդէս եկայ բանաձեւով մը, որ Թեմական ժողովը տեղեկացուի Թեմական խորհուրդին ներկայացուած պաշտօնական բողոքներու մասին: Այս միջնորդութիւնը նոյնպէս մերժուեցաւ, ինչպէս նաեւ յաջորդ դիմումները (այլ շրջաններէ եկած ծխական պատգամաւորներէª) բողոքներ լսելու համար՚:
Ճենտեան նշեց. ՙՎստահութեան Քուէի Գործընթացային Խախտումներ/ մտահոգութիւններ. Ա) Վստահութեան քուէարկութենէն առաջ, յստակ չէր նշուած ներկայ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւը. Բ) Թեմի Առաջնորդարանի Գործադիր Տնօրէնª Յարութ Մարգարեան – նշանակուեցաւ Քուէարկութեան Յանձնաժողովի անդամ: Ասիկա ունի շահերու բախման տեսք; Գ) Վստահութեան քուէն քուէարկութեան դրուած քուէաթերթիկներու արտկղը վեհաժողովի նիստերու սենեակէն դուրս բերուեցաւ Գործադիր Տնօրէնին կողմէ [որ Հովիւ Մանուկ Մարգարեանի որդին Յարութ Մարգարեանն է – խմբագիր]՚:
Ճենտեան նաեւ նշեց. ՙԱՆՈՆՔ ՈՐՈՆՔ ՔՈՒԷԱՐԿԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՍՏԱՑԱՆ եւ ՙԱՆՈՆՔ ՈՐՈՆՑ ՔՈՒԷԱՐԿԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՈՏՆԱՀԱՐՈՒԵՑԱՒ. 4րդ Յօդուած, Ա. Գլուխ – Թեմական ժողովի 60 (ա) բաժինը կը սահմանէ, ՙոր. . . ] Թեմի ենթակայութեան տակ գտնուող բոլոր քահանաները՚: Ինչպէ±ս մեկնաբանուեցաւ սա, լրացուցիչ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ. 1) Թեմի երկու վաղեմի հոգեւորականներª Աւագ քահանաներ Գէորգ Առաքելեան եւ Վարդան Գասպարեան նամակագրութիւն ստացած են, որով իրենց կþըսուի, որ իրէնց թոյլ չի տրուիր քուէարկել, անտեսելով այն հանգամանքը, որ ներկայիս անոնք նշանակուած են որպէս Ռիտլիի քաղաքի Սուրբ Սահակ-Մեսրոպ Հայյց. Եկեղեցւոյ երկարաժամկէտ այցելու հոգեւորականներ: Այդ որոշումը վիճարկող Թեմին ուղղուած նամակին պատասխան չի ստացուեցաւ: Այս հոգեւորականներուն մերժուեցաւ, ինչը, ըստ երեւոյթին, անոնց ձայնի իրաւունքն է£ 2) Թեմի միւս հոգեւորականները — թէկուզ ներկայիս չեն ծառայեր որպէս ծխական քահանաներ կամ այլ հանգամանքներու չափով – նոյնպէս Թեմին կողմէ չէին թոյլատրուած քուէարկել Թեմական ժողովին. Աւագ քհն. Տաթեւ Թաթուլեան, Հայր Տաճատ Եարտըմեան, եւ Աւագ քհն. Նարեկ Մաթարեան՚:
Բացի այդ` Ճենտեան նշած է. ՙԲացակայ էին Թեմական Ընդհանուր Ժողովէնª հոգեւորականներ որոնք կը թուէին թեմի գործունեայ պաշտօնեաները ըլլալ£ Արդեօ±ք անոնք ալ ստացան նամակներ, որոնք նման էին աւագ քհն.Գէորգ Առաքելեանի եւ Սբ. Վարդան Գասպարեանի: ա) Սասուն ծ. վարդ. Զմրուխտեան [Արդեօ±ք ան այդ ժամանակ Հայաստանէն ժամանած չէր որպէս այցելու – խմբագիր] քուէարկեցª հակառակ այն հանգամանքին, որ ան ժամանակաւորապէս ժամանած էր Լաս Վեկաս Թեմական ժողովի հանդիպումէն ընդամենը մէկ-երկու օր առաջ: … Քուէարկութեան իրաւունք ստացաւ նաեւ մէկ այլ հոգեւորական, որ նոր ժամանած էր Արեւմտեան Թեմ: բ) Զանազան ծուխերէ պատշաճօրէն եւ օրինականօրէն ընտրուած որոշ Թեմական Պատգամաւորներու թելադրուած է, չմասնակցիլ եւ անոնք փոխա-րինուած են այլոցմով: Այլ ծխական համայնքներու մէջ, ծխական ժողովներու հնարաւորութիւն չտրուեցաւ ընտրելու իրենց Թեմական Պատգամաւորներուն, որպէս ենթաօրէնսդրութիւն: Փոխարէնը Պատգամաւորները ընտրուեցան / նշանակուեցան օրէնսգրական գործընթացներէ դուրս‘ Առաջնորդի եւ / կամ Թեմական Խորհուրդի կողմէն: Պարզ է, որ սա յատկապէս կը պատահէր Սբ. Ղեւոնդեանցի Ծուխէն ներս, Սան Տիեկոյի Սուրբ Յովհաննու Կարապետի Ծուխէն եւ [թուղթի վրայ միայն գոյութիւն ունեցող շատ մը եկեղեցիներէ ներս -խմբագիր]:
Ճենտեան եզրափակեց. ՙՀակառակ այն հանգամանքին, որ Առաջնորդի դէմ բողոքին ուկնդրումը չի թոյլատրուեցաւ, հակառակ այն բանավէճին, որ կը վերաբերէր քուէարկողներուն եւ հակառակ որ անոնց թոյլ չտրուեցաւ քուէարկել, եւ հակառակ նշուած ընթացակարգային խախտումներուն, հարկ է նշել, որ պատգամաւորներու 15%-ը քուէարկեց ՙՈչ մէ’կ վստահութիւն՚:
Այժմ ակնյայտօրէն պարզ է, որ նոյնիսկ չարտօնուած ձայներով եւ Յարութ Մարգարեանին կողմէ քուէներով լեցուն քուէատուփը Թեմական Ընդհանուր ժողովի դահլիճէն ապօրինաբար դուրս բերուեցաւ, արք. Տէրտէրեանին դէմ լուրջ ընդդիմութիւն արձանագրուեցաւ:
Յայտնի հրապարակագիր եւ գրող Ոսկան Մխիթարեան իր 2016-ի Յունիս 13-ի յօդուածին մէջ գրեց. ՙՄինչեւ ե±րբ պիտի շարունակուին այս հիւանդագին եւ ողորմելի, ժողովուրդը քնացնելու, խաբելու ժամանակավրէպ խաղերը: Անձերը չեն մեր մտահոգութիւնները, այլ ընտրական կանոնագրային խախտումները, որոնք կը նսեմացնեն Եկեղեցւոյ եւ արժանաւոր եկեղեցականներու արժանապատուութիւնը: … Նկատի ունենալով որ վերնտրութիւնը տեղի ունեցած է Առաջնորդի պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտէն տարի մը առաջ, ինչ որ շատ անսովոր երեւոյթ մըն է մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, այս քայլը մեզի իրաւունք կու տայ յայտարարելու որ 2016-ի պատգամաւորական Ժողովը այս ձեւով կապտած եղաւ յաջորդª 2017 թուականին գումարուելիք պատգամաւորական Ժողովինª առաջնորդ ընտրելու իրաւունքն ու պարտականութիւնը: Տեսնուա±ծ բան է…: Այս ի±նչ կատակերգութիւն է՚:
Ամեն ինչ ըսելէ եւ ընելէ յետոյ Ճենտեանի, Տէրունեանի եւ շատ մը այլ սրտացաւ անդամներու կողմէն բարձրացուած Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի մէջ առկայ լուրջ խնդիրները բուժելով, եւ Տէրտէրեանի ու իր կլանակիցներուն հեռացումով, Արեւմտեան Թեմը պիտի դառնայ Սփիւռքի ամենաառողջ համայնքային կամ կրօնական հայկական կազմակերպութիւններէն մէկը: