ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Սփիւռքահայ արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեանի ընտանիքը 2017ին հիմնած էր «Հայկ Նագգաշեան գրական գնահատանք» հիմնադրամը՝ արժեւորելու համար հայրենի եւ սփիւռքահայ գրողներու գեղարուեստական երկերը:
Այս առիթով կազմուած եւ երրորդ տարին ըլլալով գործող Գնահատիչ յանձնախումբը մրցոյթին ներկայացուած նիւթերուն ամփոփումը պիտի յայտարարէ Հոկտեմբեր 2020ին՝ Հայ Մշակոյթի ամսուան օրերուն:
Հետաքրքրուած հեղինակներէն կը խնդրուի 2019ին լոյս ընծայուած իրենց գիրքերէն երեքական օրինակ, մինչեւ 1 Ապրիլ 2020, նամակատան միջոցաւ առաքել Սօսի Նագգաշեանին եւ երեքական օրինակ՝ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնին:
Հասցէներն են՝ Sossie Nac-cashian, 11848 Rue Filion, Montreal, Quebec, H4J 1T3, Canada (n.sossie@yahoo.ca) եւ Souren Danielyan, Republic of Armenia, Yerevan 0070, Alex Manoogian 13, Spyurk Scientific Educational center (spyurksd1948@gmail.com)։
