Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ սպանական Սանթիակօ քաղաքին մէջ ընթացող «Սանթիակօ Մասթըրզ» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, անոր աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ, արդէն դարձաւ մրցաշարքի տիտղոսակիր:
Թէեւ մրցաշարքը կ՛աւարտի այսօր` չորեքշաբթի, երբ կը կատարուին, 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները, սակայն ան երէկ յաղթանակ մը արձանագրեց եւ առաւելագոյն 8 կէտէն ապահովեց 7 կէտ:
Անոր ետին երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող մասնակիցը ունի 5,5 կէտ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *