ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Ինչպէս բազմաթիւ ընթերցողներ գիտեն, Էտմոն Ազատեան ՌԱՄԿԱՎԱՐ կուսակցութեան «Թէքէյեան» Մշակութային Միութեան կեդրոնական մարմնի բարձրա-գոյն ղեկավարն է, որ 2014-ին անարդար կերպով փակեց Լոս Անճելոսի մէջ գործող ԱՐՇԱԿ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ հայկական դպրոցը: Ազատեանն ու իր խմբակը վաճառեցին վարժարանի անշարժ կալուածները՝ շուրջ 15,5 միլիոն տոլար արժողութեամբ: Ներ-կայիս՝ ոչ ոք չի գիտեր թէ այդ գումարները ու՞ր անհետացան:
Մատթէոս 7: 3 – ը Աստուածաշնչի մէջ կþըսուի. «Ինչո՞ւ ձեր եղբօր աչքի մէջի փուշը կը տեսնէք, իսկ ձեր աչքի մէջի գերանը՝ ոչ»:

ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի Ազատեանը հանդգնութիւնն ունի քննադատելու եւս մէկ այլ մեղաւորի ՝ ՀԲԸՄ-ի Պերճ Սեդրակեանին, որ 2005-ին անբարեխիղճ կերպով փակեց Կիպրոսի Նիկոսիայի մէջ գտնուող Մելքոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:

Ազատեան գրած էր ՀԲԸՄ Սեդրակեանի մասին. «Մելքոնեանի փակումը… հանգեցուց երկու առանձնապէս վնասակար սխալներու: Եւրոմիութիւնը արեւմտայայերէնը սահմանած է որպէս վտանգուած լեզու. Հետեւաբար, գումարներ կը յատկացուէին ատոր պահպանման համար … Մելքոնեանի փակումը այդ շատ նուրբ պահին որպէս դանակի հարուած եղաւ հայկական սփիւռքի մէջքին: Ահա եւ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան քաղաքական զգու-շութիւնը … (Որ) չէ ներկայացուցած հիմնաւոր բացատրութիւն մը: … Եթէ պատրիարքը (Մութաֆեանը) կենդանի ըլլար, ան իրաւասու կ՛ըլլար ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան հարցաքննելու օժան-դակ հիմնադրամի գտնուելու վայրի եւ ատոր եկամուտներու օգտագործման վերաբերեալ: … Բայց ինչն աւելի վատ է, ակնյայտօրէն, ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան մէջ կայ կրթական առաքելութեան եւ փիլիսոփայութեան հակադարձում, մասնաւորապէս անոր ներկայ նախա-գահի, իմ յարգարժան ընկերոջ՝ Պերճ Սեդրակեանի միտքին մէջ: “
Հայկական դպրոցի լուծարողներէն մէկը միւս հայկական դպրոցներու լուծարողին կþանուանէ «իմ յարգարժան ընկեր»: Որքան ծիծաղելի է: