ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի
Հայկական սփիւռքի ինքնութիւնը յաջողութեամբ պահպանելու հիմնա-կան պատճառներէն մէկը այն է, որ բոլոր կարեւոր կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները կը պահպանեն ժողովրդավարական համակարգ:
Գրեթէ բոլոր խոշոր կազմակերպութիւն-ները կը ղեկավարուին քուէարկութեան միջոցով: Այս ընթացքին մէջ անդամակ-ցութեան վրայ հիմնուած շարք մը հայկական կազմակերպութիւններ հասած են աննախա-դէպ յաջողութիւններու՝ կատարելով իրենց անհատական առաքե-լութիւնները:
Այնուամենայնիւ, վերջին մի քանի տասնամեակներու ընթացքին շարք մը առողջ, անդամակցութեան վրայ հիմնուած կազմակերպութիւններ ներսէ՛ն հափշտակ-ուեցան: Անոնք համակարգուած կերպով թիրախաւորուած էին որոշ ներքին տարրերու կողմէ:
1998 Թ. Ի՞ՆՉ ՊԱՏԱՀԵՑԱՒ Հ.Բ.Ը.Մ.-ին
1998-ին Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի) վերահսկողութիւնը հազարաւոր լիազօրուած անդամներէն անցաւ փոքր շահադիտական խումբի մը ձէռքը: Այժմ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ուղղութիւնը, ինչպէս նաեւ $500 միլիոն տոլարի հարստութիւնը այլեւս չեն վերահսկուիր քուէարկող անդամներու կողմէ, որոնց թիւը նախկին ժամանակներուն եղած էր տասնեակ հազարաւորներ: Անոնք այլեւս գոյութիւն չունին: Անոնց անդամակցութիւնը ջնջուած է:
2014 Թ. Ի՞ՆՉ ՊԱՏԱՀԵՑԱՒ ԱՐՇԱԿ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ
2014-ին տեղի ունեցաւ Արշակ Տիգրանեան Հայկական վարժարանի անհիմն եւ ոչ արդարացի փակումը եւ 15,5 միլիոն տոլարի գումարներու անհետացումը:
Մինչ ատոր փակումը, «Արշակ Տիգրանեան»-ի մայր կազմակերպութիւնը «Թէքէյեան» Մշակութային Միութիւնը հափշտակուեցաւ Էտմոն Ազատեանի գլխաւորած փոքր խմբակցութեան մը կողմէ:
2020 Թ. Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՊԱՏԱՀԻԼ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼՈՍԻ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ»
Այժմ, 2020-ին, Լոս Անճելոսի մէջ գտնուող «Արարատ Տուն»-ը թիրախաւորուած է հափշտակման համար, «Արարատ Տան» հոգաբարձուներու փոքր խումբի մը կողմէ եւ կրնայ ենթարկուիլ ՀԲԸՄ-ի 1998-ի ճակատագրին:
«Արարատ Տան» բազմաթիւ անդամներ կ՛ահազանգեն. «2020-ի Մարտի 29-ին, հարիւրաւոր լիազօրուած քուէարկող բոլոր անդամները կրնան կորսնցնել իրենց Ձայնը, եթէ անոնք չի մասնակցին ժողովին եւ չքուէարկեն «Ո՛Չ» կանոնադրութեան մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններու դէմ: 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ հարստութիւնը եւ ֆոնտերը կրնան վտանգուիլ: Եթէ նոր փոփոխութիւնն ընդունուի, մենք՝ ժողովուրդս կը կորցնենք մեր ձայնը»:
Որպէսզի կարենան փրկել «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆԸ» 1998-ի ՀԲԸՄ-ի ճակատագրէն, «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» երկարամեայ անդամներ ստեղծած են յանձնաժողով մը, որ կþընդդիմանայ առաջարկուող փոփոխութեան, որ կը միտի վերացնել լիազօրուած անդամներու քուէարկութեան իրաւունքը:
Վերջերս յանձնաժողովի Նախագահ պրն. Նազար Հ. Աշճեան Կրտսեր բացատրած է, թէ ինչո՞ւ յանձնաժողովի անդամները միաձայնօրէն դէմ են կանոնադրութեան այն փոփոխութիւններուն, որոնք յառաջիկայ Մարտի 29-ին կայանալիք տարեկան ժողովի ընթացքին «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» Հոգաբարձուներու Խորհուրդը առաջադրած է քուէարկութեան եւ ընդունման: «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» Հոգաբարձուներու Խորհուրդը առաջարկած է փոփոխել կանոնադրութիւնը եւ բաղկացուցիչ յօդուածները: Այս առաջարկի նպատակն է ջնջել քուէարկութեան մասնակիցներու ամբողջ դասը: Հիմակուայ դրութեամբ անդամները լիազօրութիւն ունին իրենց քուէներով՝ հոգաբարձուներ ընտրելու, փոփոխութեան ենթարկելու կանոնադրութեան հատուածները, կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը եւ այլ դրոյթներ: Անդամակցութիւնն է, որ Հոգաբարձուներու Խորհուրդին վրայ կը հսկէ եւ հաւասարակշռութիւնը կþապահովէ՝ օգտագործելով իրենց (սահմանադրական-Խմբ.) քուէարկութեան իրաւունքը: Եթէ անդամակցութեան դասակարգը ջնջուի, Հոգաբարձուները կարիք պիտի չունենան անդամներու քուէներուն: Հոգաբարձուներու Խորհուրդը ազատ կþըլլայ (ինքնանշանակման կարգով—խմբ.) իրենք զիրենք հոգաբարձու նշանակելու (առանց հաշուետու ըլլալու անդամակցութեան—խմբ.):
Նազար Հ. Աշճեան, Կրտսեր, երկար տարիներէ ի վեր Ցմահ Անդամ է եւ Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան» Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախկին նախագահն է ու ներկայիս՝ «Արարատ Տան» Անդամներու Յանձնա-ժողովի Նախագահ, որ դէմ է կանոնադրութեան եւ ենթաօրէնսդրական յօդուածներու մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններուն:
«ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»-ը հայ համայնքի տարեցներուն աջակցելու գործին մէջ երկար եւ հարուստ պատմութիւն ունի: Աւելի քան 70 տարի՝ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»ը զարգացած, աճած եւ ծաղկած է հայ համայնքի աջակցութեամբ եւ միշտ պահպանած է իր անկախութիւնը որեւէ կրօնական կամ քաղաքական կազմակերպութենէ: «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»-ը կայ եւ միշտ ալ պիտի ըլլայ ոչ թէ սակաւ, այլեւ բոլոր տարեցներու, յատկապէս մեր համայնքի կարիքաւոր տարեցներու Տունը: …Յիշեցէք, որ այս ժողովին մասնակցող անդամներն են որոնք միայն կրնան քուէարկել: Եկէք եւ «ՈՉ» քուեարկեցէք որպէսզի ձեր ձայնը լսուի».-ընդգծած է պրն. Աշճեան:
1998-ի ՀԲԸՄ-ի զաւթումէն առաջ քուէարկութեան անդամները նախկին ժամանակներուն կը վերահսկէին շուրջ 500 միլիոն տոլարի ժողովուրդին պատկանող հարստութիւնը՝ թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան վահանի ներքոյ: ՀԲԸՄ-ի անդամները քուէարկութեան միջոցով մանդատ կու տային եւ կը յանձնարարէին ՀԲԸՄ-ի իւրաքանչիւր նորընտրեալ կամ վերընտրեալ Կեդրոնական Խորհուրդի անդամին անսայթաք իրականացնելու կազմակերպութեան առաքելութիւնը՝ հայ երիտասարդութեան տրամադրելու հայեցի կրթութիւն՝ պահպանելով հայկական դպրոցներու եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու առողջ ցանցը ամբողջ Հայկական Սփիւռքի տարածքին:
Բայց 1998-ին ճակատագրական քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ Լոս Անճելոսի մէջ կայացած ՀԲԸՄ պատվիրակներու ժողովի ընթացքին՝ ՀԲԸՄ կանոնադրութեան փոփոխութեան առաջարկի կիսա- կամավոր, կիսա-բռնի ընդունման հետեւանքով, որ պատճառ դարձաւ բոլոր անդամներու քուէարկութեան իրաւունքի ջնջման:
Այդ բանաձեւը առաջարկեցին ՀԲԸՄ-ի մէնատէրեր Պերճ Սեդրակեան եւ անոր հիմնական զինակիցները՝ հանգուցեալ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնը եւ Սինան Սինանեանը:
Գրաւման ենթարկուելէն ի վեր, ՀԲԸՄ-ն զգալիօրէն շեղած է սփիւռքահայ երեխաներուն հայկական կրթութիւն տրամադրելու իր սկզբնական առաքելութենէն եւ ինքնագլուխ փակած է հայկական դպրոցները Սփիւռքին մէջ:
2019-ի վերջին ՀԲԸՄ-ի բարձրագոյն ղեկավարները՝ Սինան Սինանեան, Պերճ Սեդրակեան եւ այլք, միակողմանիօրէն որոշեցին փակել Փասատինայի մէջ գտնուող Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան աւագ դպրոցը: Այնտեղ չի կային լիազօրուած անդամներ, որպէսզի ընդդիմանային դպրոցի փակման: Սինանեան նաեւ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» հոգաբարձու է, հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նախագահ Ժոզէֆ Կամինեանի հետ:
Ինչո՞ւ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»ը թիրախաւորուած է
Ի սկզբանէ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»ը թիրախաւորուած էր Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Արք. Յովնան Տէրտէրեանի կողմէ: Տէրտէրեանը ցանկացած էր, որ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»ը ներդնէ շուրջ 15 միլիոն տոլար՝ Արեւմտեան Թեմի հողատարածքի վրայ համատեղ շինարարական ծրագրի մէջ։ Այդ առաջարկութիւնը կատարողները եղան Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի Նախկին ատենապետ եւ ներկայիս՝ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» Նախագահ, Տէրտէրեանի կցորդ Ժոզէֆ Կանիմեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Թեմի Սբ. Ղեւոնդեանց Տաճարի գլխաւոր շինարար եւ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» վերջին երկու շէնքերու ընդհանուր շինարար, «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ակտիւ անդամ Սինան Սինանեանը: Ինչպե՞ս կրնայ անձ մը միաժամանակ երկու պաշտօն զբաղեցնել‘ ըլլալով. խնամակալ, որու հիմնական պարտականութիւնն է շինարարի հաշուետուութեան վերահսկումն ու ապահովումը‘ երբ ինքը հենց շինարարն է: Շահերու ակնառու բախում:
Այդպէս մը կը թուի՝ քանի որ Տէրտէրեան եւ իր կցորդները չեն կրցած ստանալ 15 միլիոն տոլարը, այժմ անոնք հանդէս եկած են «փայլուն» գաղափարով մը՝ որ ոչ միայն 15 միլիոն տոլարը ձեռք բերեն, այլեւ ամբողջ կազմակերպութիւնը եւ անոր 100 միլիոն տոլարի հարստութիւնը իրենց անձնական տրամադրութեան եւ հակակշռին ենթարկեն:
Ինչպէս կարելի է նշմարել, Տէրտէրեան, Սեդրակեան, Ազատեան, Կանիմեան, Սինանեան, կարծես թէ, նոյն շրջանակի մաս կը կազմեն, եւ ունին նոյն մտածելակերպը:
Արդէօ՞ք հնարաւոր է, որ նոյն մտածելակերպը ունեցող այս մարդիկը, որոնք հափշտակած են Հ.Բ.Ը.Մ.-ն ու ԱՐՇԱԿ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ հայկական վարժարանը, նաեւ հափշտակեն ամերիկահայ կազմակերպութիւններու զարդը՝ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆԸ»:
ՀԲԸՄ-ի 1998-ի ճակատագիրը կանխելու համար, «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» լիզօրուած անդամները 2020-ի Մարտի 29-ին, կ.ե. ժամը 3-ին ընդհանուր անդամակցութեան ժողովին կը հաւաքուին ժողովրդավարութիւնը պահպանելու եւ իրենց ձայնի իրաւունքը պաշտպանելու համար՝ քուէարկելով «ՈՉ»:
Անոնք նաեւ կը դիմեն Ամերիկահայ համայնքին եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն՝ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» մէջ մասնակցելու, ականատես ըլլալու եւ վերահսկելու ընդհանուր անդամակցութեան հանդիպումը եւ քուէարկութեան գործընթացը։ Հասցէ. 15105 Mission Hills Rd, Mission Hills, CA 91345