Glendale Award Program-ը կը պարգեւատրէ նուաճումներ իրականացուցած կազմակերպութիւններուն
Glendale Award Program-ի
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.
ԿԼԵՆՏԷՅԼ (Մարտ 5, 2020) — USA Armenian Life շաբաթաթերթն ընտրուեցաւ որպէս տիտղոսակիրը «2020-ի ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին՝ ամսագրերու անուանակարգին մէջ:
Իւրաքանչիւր տարի «Կլենտէյլի Մրցանակաբաշխութեան Ծրագիրը» երեւան կը հանէ այն ընկերութիւններուն, որոնք, մեր՝ Կլենտէյլի Գործարարական Հիմնարկութիւններու Բարձրագոյն Խորհուրդի համոզմամբ, հասած են բացառիկ շուկայավարային յաջողութիւններու իրենց տեղական համայնքի եւ գործարարական ոլորտի մէջ: Ատոնք տեղական ընկերութիւններ են, որոնք կը բարձրացնեն փոքր գործարարական ձեռնարկութիւններու դրական կերպարը՝ լաւագոյն ծառայութիւններ մատուցելով իրենց ընթերցողներուն, գովազդատուներուն եւ մեր համայնքին: Այս բացառիկ ընկերութիւնները կ՛օգնեն, որպէսզի Կլենտէյլի տարածաշրջանը դառնայ հիանալի վայր ապրելու, աշխատելու եւ զուարճանքի համար:
Հաւաքուած եւ վերլուծուած են տեղեկատւութեան տարատեսակ աղբիւրներ` իւրաքանչիւր ոլորտի մէջ յաղթողներուն ընտրելու համար: «Կլենտէյլ 2020 մրցանակաբաշխութեան» ծրագիրը կը կեդրոնանայ որակի, այլ ոչ թէ քանակի վրայ: Յաղթողները կ’որոշուին «Կլենտէյլ Մրցանակաբաշխութեան Ծրագրի» ծիրէն ներս հաւաքագրուած տեղեկատւութեան եւ երրորդ կողմի անձերէ ստացուած տուեալներու հիման վրայ:
«Կլենտէյլի Մրցանակաբաշխութեան Ծրագրի» մասին.
«Կլենտէյլի Մրցանակաբաշխութեան Ծրագիրը» ամենամեայ մրցանակային ծրագիր է, որտեղ կը պարգեւատրուին Կլենտէյլի ամբողջ տարածքի մէջ տեղական հաստատութիւններու ձեռքբերումները եւ նուաճումները: Ճանաչումը կը տրուի այն ընկերութիւններուն, որոնք ցուցաբերած են իրէնց լաւագոյն կարողականութիւնը եւ իրականացուցած են ծրագրեր` օգտագործելով իրենց մրցակցային առաւելութիւնները եւ երկարաժամկէտ արժեքներ ստեղծելու հմտութիւն:
«Կլենտէյլի Մրցանակաբաշխութեան Ծրագիրը» ստեղծուած է մեր համայնքի լաւագոյն տեղական հաստատութիւնները ճանչնալու համար: Կլենտէյլի Գործարարական Հիմնարկութիւններու Բարձրագոյն Խորհուրդը կ’աշխատի բացառապէս տեղական ընկերութիւններու սեփականատէրերու, առեւտրային խումբերու, արհեստավարժ միութիւններու եւ գովազդային եւ շուկայավարման այլ խումբերու հետ: Մեր առաքելութիւնն է ճանչնալ փոքր ընկերութիւններու համայնքնային ներդրումները Աերիկայի տնտեսութեան մէջ:
Աղբիւր՝ Կլենտէյլի Մրցանակաբաշխութեան Ծրագիր
ԿԱՊ՝ Կլենտէյլի Մրցանակաբաշխութեան Ծրագիր
Կայքէջային կապ՝ http://www.town-topadvisory2020.com
Կարգ մը կամակերպութիւններ որոնք արժանացած են « ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ» մրցանակի
