«Արեւմտահայերէնի Ուսուցում Սփիւռքի Մէջ»՝ ԻՆԱԼՔՕ-ի Դասընթացք

Posted on March. 17. 2020

Բարելաւելու համար Սփիւռքի Հայոց լեզուի ներկայ եւ ապագայ ուսուցիչներուն մասնագիտական կրթութիւնը, զանոնք իրազեկ դարձնելով կրթութեան ժամանակակից մեթոտներուն եւ նրբութիւններուն ու մղելով մանկավարժական փորձատիպերու քննական վերա-տեսութեան, Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկի (ԻՆԱԼՔՕ) Հայկական բաժանմունքը, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հետ գործակցաբար կը կազմակերպէ տարեկան՝ «Արեւմտահայերէնի ուսուցում Սփիւռքի մէջ» ծրագիրը, որ նախատեսուած է արեւմտահայերէնի ներկայ եւ ապագայ ուսուցիչներուն համար, որոնք կը դասաւանդեն Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ (Եւրոպա, Միջին Արեւելք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Հարաւային Ամերիկա եւ Աւստրալիա): Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը։
Հայոց լեզուի մասնագէտ ուսուցիչին դիրքը բարելաւելու նպատակով՝ այս ծրագիրը կը շնորհէ եւրոպական վարկեր (ECTS), որոնք տրամադրելի են լեզուի ուսուցման եւ հայագիտութեան բարձրագոյն ծրագրերու:
2021 տարեշրջանին համար, ծրագիրը կը սկսի չորս շաբաթեայ խտացեալ դասընթացքով մը, որ տեղի պիտի ունենայ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ «Հազար ու Մէկ Աշխարհ» կազմակերպութեան միասնաբար կազմակերպած ստեղծագործական արեւմտահայախօս ամառնային ճամբարի ծիրին մէջ, 12 Յուլիսէն մինչեւ 7 Օգոստոս: Ծրագիրին երկրորդ մասը տեղի կ՛ունենայ հեռակայ կարգով:
Ամառնային դասընթացքը կը նախատեսէ 103 ժամ դաս, տարբեր ձեւաչափերով (դասեր, սեմինարներ, աշխատանոցներ եւ օտար լեզուի դասընթացք): Ծրագիրը կ՛ընդունի 15 մասնակիցներ:
Ամառնային ճամբարի կեցութեան եւ վերաորակաւորման ծրագիրի ծախսերուն մէկ մասը պիտի հոգայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը: Ծախսերուն մնացած գումարը ցանկալի է, որ վճարուի մասնակցող ուսուցիչին դպրոցի վարչութեան կամ մասնագիտական վերապատրաստման տեղական ծրագիրի մը կողմէ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել https://sites.google.com/view/eaodinalco/hayerenov կայքէջը կամ դիմել eaodprogramme@gmail.com հասցէին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *