13-էն 14 մարտի լուսցող գիշերը պղծուած է Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրը:

«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան այս առնչութեամբ դիմատետրեան իր էջին վրայ գրած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Լիոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի ոստիկանութեան կոչ կ՛ուղղեմ` գործնական քայլերու ձեռնարկելու` բացայայտելու այդպիսի վանտալիզմ գործած անձերուն ինքնութիւնն ու զանոնք պատասխանատուութեան կանչելու, ինչպէս նաեւ այսուհետեւ իրականացնելու յուշահամալիրի արդիւնաւէտ պաշտպանութիւն»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *