Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան «Ֆէյսպուք»-ի վրայ գրած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերու շարքերուն մէջ «Քորոնա» ժահրին ներթափանցումը կանխելու նպատակով՝ առնուած են կանխարգելիչ եւ հակահամաճարակային քայլեր, որոնց կարգին՝ արգիլուած են ամէն տեսակի արձակուրդները եւ ազատ արձակումները, սահմանափակուած են քա-ղաքացիներուն այցելութիւնները Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ենթակա-ռոյցներ։
«Մի շարք փոփոխութիւններ կատարուած են նախապէս մշակուած ծրագիրներուն մէջ: Ըստ որուն՝ մարտական խնդիրներուն չառնչուող ծրագրային, ոչ հրատապ դահլիճային միջոցառումները չեղարկուած են: Զինծառայողներուն վարակէն զերծ պահելու համար ՀՀ ՊՆ-ն աշխուժօրէն կը համագործակցի առողջապահութեան նախարարութեան եւ այլ պատկան մարմիններու հետ, իրավիճակը լիովին լը վերահսկուի:
«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յորդորէ զինծառայողներու հարազատներուն իրենց զաւակներուն կապոցներ չուղարկել, պահպանել անվտանգութեան կանոնները, ըմբռնումով մօտենալ կիրառուող սահմանափակումներին:
«Հայաստանի զինուած ուժերն ամբողջապէս ապահովուած են անհրաժեշտ ծաւալի պարէնով, մաքրութեան պարագաներով եւ այլ միջոցներով: Մեր զինծառայողները կը շարունակեն անշեղօրէն կատարել իրենց պարտականութիւնները», յայտնեց Ստեփանեան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *