Լիբանանի կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց Մարտ 18-29 ժամանակահատուածին փակել Պէյրութի միջազգային օդակայանը, ցամաքային ու ծովային սահմանները: Երկրի մէջ պսակաւոր ժահրի համաճարակի սպառնալիքին պատճառով՝ կառավարութիւնը որոշում ընդունեց 15 օրով փակ պահել պետական, ուսումնական հաստատութիւնները եւ մասնաւոր ձեռնարկութիւնները։
Լիբանանի տեղեկատւութեան նախարար Մանալ Ապտըլ Սամատ, LBC կայանէն այս մասին յայտնելով ընդգծեց, որ բաց պիտի մնան միայն պարէնային անվտանգութիւն ապահովող ձեռնարկութիւնները։
Կառավարութիւնը քաղաքացիներուն պատուիրեց տուն մնալ եւ դուրս գալ միայն անհրաժեշտ պարագաներու։ Հիւանդանոցներն ու ուժային կառոյցները կ՝աշխատին արտակարգ եղանակով։
