ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Մարտի 5-ին Civilnet-ի հաղորդավար Թաթուլ Յակոբ եան հարցազրոյց մը վարեց Գարեգին Բ-ի եւ Յովնան Տէրտէրեանի զինակիցներէն՝ Ոսկան Գալփակեանի հետ։ (Եկեղեցին եւ պետույունը Թավշյա հեղափոխությունից հետո. զրույց Ոսկան Գալփակեանի հետ
https://www.facebook.com/768184299911374/posts/2892662817463501/?d=n)

Մի քանի օր առաջ, «Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգում» շարժումը իր ֆեյսբուքեան դիմատետրի վրայ ներկայացուց զայն եւ դիպուկ կերպով նշեց. «Ստախօս եւ կեղծաւոր Ոսկան չարքեպիսկոպոս Գալփակեանը բազմիցս տարբեր մարդկանց մօտ եւ տարբեր վայրերու մէջ բամբասած ու դժգոհած է (Յովնան Տէրտէրեանի զինակից-խմբ.) Գարեգին Բ-էն‘ անոր շռայլելով անարգական խօսքեր: Ինքը Գարեգինի ու անոր կլանի կեղտերէն շատ աւելին գիտէ, բայց իր կաշին փրկելու համար հիմա անամօթաբար ստանձնած է լպրծուն քամելիոնի դերը…»։

Հարցազրոյցի սկիզբին, արք. Գալփակեան կ’ըսէ. «Շատ բաներ կը հնարուին, ես՝ ինքս կենդանի վկան եմ շատ հարցերու: Օրինակի համար, այդ մարդիկ կ՛ըսէին շատ կարեւոր երեւոյթ մը. Կաթողիկոսական ընտրութեան օրը, եկեղեցիի ներսը փակուել ենք, քուէները կը հաշուեն: Վազգէն Սարգսեանի եղբայրն ալ անտեղ էր, ուրիշ պատասխանատու մարդիկ ալ: Ես էի, որ ստացայ հեռաձայնը, որ ինչ է պատահել խորհրդարանի մէջ»:

Հաղորդավար Թաթուլ Յակոբեան. «Հոկտեմբեր 27-ի ահաբեկչութիւնը…, որովհետեւ նոյն օրն էր… շատերը գուցէ չեն յիշի, Սրբազան, յիշեցնեմ, որ 1999թ…»

Արք. Գալփակեան. «Այո՛, Ոչ թէ նոյն օրը, այլ նոյն րոպէին … այնտեղ, որ քուէները կը հաշուէին եւ արդեն այդօրուայ Վեհափառը անցած էր, եւ ինքը պէտք է ընտրուէր, գիտէինք, երբ հեռաձայնը եկաւ ինծի, որովհետեւ մարդիկ հեռաձայն չունէին ձեռքի եւ այլն, այդ ժամանակ Օթեյէն մի հայ էր Յունաստանից, որին շատ մօտիկ ծանօթ եմ, ըսաւ էսպէս-էսպէս դէպք… Վեր կացի, գնացի, արդեն գիտէի, որ ինքը ընտրուած է, ըսեցի «Վեհափառ այսպիսի բան է պատահած, բայց հիմա ինչպէ՞ս պիտի արտայայտուիք, որովհետեւ պիտի շնորհակալութեան խօսք ըսէք»: Այնպէս ըրէք, որ որեւէ բանէն տեղեակ չէք: Հիմա, էդ մարդիկ պարզած են, որ Վեհափառը ի սկզբանէ տեղեակ էր, ո՛չ, ես էի, որ Վեհափառին ըսեցի: Եւ, երբ Վեհափառը բեմ ելաւ, իմ կարծիքով, կարծէք թէ ոչինչ չէր եղած, ինքը ոչինչ չգիտէ, շնորհակալութեան կէս տեղը հասաւ, յանկարծ իրէն թուղթ մը տուին (որ Յովնան Տէրտէրեան հաբուրեց եւ ապա նոր տուաւ), արդեն Վազգէն Սարգսեանի եղբայրը ստացած էր լուրը, եւ այդ թուղթը տուին ձեռքը: Ինչը ես չէի ուզեր։ (Թող), որ վերջանար ամեն ինչ, յետո դուրսը ամեն ինչ կ’իմանային: Բայց ուրիշներն ալ արդեն իմ նման իմացած էին, բայց տեղեկութիւնը դէպքի մասին Վեհափառը ինձմէ իմացաւ: Եւ յետոյ ըսաւ. «Եկար, ինծի բան մը ըսեցիր, գիտեմ, որ եղեռնատիպ բան մըն էր , բայց չկրցայ ընկալել»: Ես վկան եմ: Ես եմ դերասանը կամ ակտը ընողը»:

Ինչպս տեսաերիզի մէջ շատերը նկատեցին, Գարեգին Բ-ի մտերիմ գործընկեր եւ զինակից, այն ժամանակուայ Գանատայի եւ ներկայիս՝ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեան, կը թուէր՝ երջանիկ ըլլալ երբ ան սատանայական գոհունակութեամբ կը համբուրէր փոքր թղթիկը որով ան Գարեգին Բ-ին կը տեղեկացնէր վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի սպանութեան մասին որ պատահած էր նոյն օրը, երբ Գարեգին Բ կաթողիկոս կ’ընտրուէր՝ 1999-ի Հոկտեմբեր 27-ին:

1999-ի Հոկտեմբեր 27-ը կարեւոր տարեթիւ մըն է Հայ եկեղեցւոյ եւ հայոց պետականութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ:
Միաժամանակ երկու կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են այդ օրը՝
ա) Գարեգին Բ-ի ընտրութիւնը Սբ. Էջմիածնի տաճարին մէջ եւ
բ) վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի, ԱԺ նախագահ Կարէն Դէմիրճեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօ-նեաներու սպանութիւնը Հայաստանի Ազգային Ժողովի շէնքին մէջ:

Լայնօրէն ընդունուած է, որ, նեխուածութեան առումով՝ այս իրադարձութիւնները բացասական կերպով ազդած են Հայաստանի քաղաքական եւ հոգեւոր կեանքի վրայ: Այդ իրադարձութիւնները ե՛ւ կառավարութենէն, ե՛ւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսարանէն ներս խթանեցին նեխուածութիւնը:

Նեխուածութիւնը տարածուեցաւ նաեւ սփիւռքեան այլ Թեմերու մէջ, եւ յատկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմէն ներս ուր ստախօսութիւնը, նենգամիտ խաղերու, «էնթրիկներու», բարեսիրտ անմեղ հաւատացեալներու կողոպուտի ենթարկելու վիճակը համաճա-րակային մակարդակներու հասած է:

Տեսաք թէ ինչպէս այդ փոքր թղթիկի «Ձեզի, Մեզի Մեծ Աւետիս»եան չարաոգի համբոյրէ ետք Յովնան Տէրտէրեան զայն փոխանցեց նորընտիր Գարեգին Բ-ին, երբ վերջինս իր շնորհակալութեան ճառը կ՛արտասանէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:

Այդ ժամանակներուն հաղորդուեցաւ, որ մի քանի բարձրաստիճան հոգեւորականներ գիտէին Հայաստանի Ազգային ժողովը ցնցած ողբերգական իրադարձութիւններու մասին եւ ոնոնցմէ մէկը՝ Գալփակեան արք.ն էր: Սակայն, ինչպէս կը նշեն հաւաստի աղբիւրները, այն ժամանակուայ թեկնածու արք. Գարեգին Նէրսէսեանը անոնց ստիպած էր լուռ մնալ մինչեւ ընտրութիւններու աւարտն ու իր յաղթանակի ապահովումը:

Գարեգին Բ եւ իր զինակիցները գիտէին, որ եթէ ընտրող պատգամաւորները, նախքան իրենց քուէարկութիւնը, տեղեակ ըլլային վարչապետ Սարգսեանի մահուան մասին, ապա անոնք արք. Գարեգին Նէրսէսեանին պիտի չընտրէին որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս: Անոնք ճնշման ենթարկուած էին Վարչ. Սարգսեանի կողմէ։

Եւ մեր այսօրուան հերոսը արք. Ոսկան Գալփակեանը որ հիմա նոր հրապարակ ելած է եւ կ’ըսէ որ ինք առաջինը տեղեակ էր Վազգէնի սպանութեան մասին եւ Գարեգին Բ-ին առանձին տեղեկացուցած էր

Սակայն ըստ երեւոյթին, Գարեգին Բ արդեն կը սպասէր այդ «ուրախ» լուրին։

Հիմա արդեն շատերս տեղեակ ենք Գարեգին Բ-ի $20 միլիոն տոլարի Վազգէն Սարգեանին յանձնելիք կաշառքին մասին։

Այն ժամանակներուն, ի շարս այլոց նաեւ այս յօդւագիրն ալ չէր հասկնար, թէ ինչու՞ Յովնան Տէրտէրեան այդ թղթիկը անհընդհատ կը փորձէր տալ Գարեգին Բ-ին եւ վերջինիս ալ չէր ընդուներ։

Ըստ երեւոյթին, Յովնան Տէրտէրեան տեղեակ չ՛ըլլալով որ Գարեգին Բ արդեն գիտէր եւ ատոր համար ալ կը փորձէր մերժել։ Բայց միաժամանակ անտեղեակ կը ձեւանար։

Սակայն բոլորն ալ ուրախ էին որ Վարչ. Սարգսեան սպանուած էր եւ Գարեգին Բ-ն ձեռբազատուած էր վարչապետին փոխանցուելիք $20 միլիոն տոլարի ապրտքէն։

Ինչպէս նկատեցին տեսաերիզը դիտողները, Յովնան Տէրտէրեան այնքան համառ էր եւ չհասկցող որ Գարեգին Բ չէր ուզեր ստանալ այդ թղթիկը։ Բայց վերջաւորութեան, երբ Յովնան Տէրտէրեան հաբուրեց այդ թղթիկը, Գարեգին Բ ստիպուեցաւ ընդունիլ։

Յովնան Տէրտէրեանի կողմէ թղթիկը համբուրելու մասին բացայայտիչ յօդուածներ գրուեցան «Հայ Կեանք»ի մէջ, որ երեւցած էր THE TRUTH MUST BE TOLD հեռուստայայտագրին կողմէ տրամադրուած տեսաերիզի մէջ։ (THE TRUTH MUST BE TOLD հեռուստայայտագրի տեսաերիզը. Վարչապետ Վազգեն Սարգսյանի մահնու Գարեգին Բ կաթողիկոսի քեֆը https://www.youtube.com/watch?v=PxXZP5VK540&feature=youtu.be )
Սակայն Յովնան Տէրտէրեան եւ իր զինակիցները անամօթաբար պնդեցին թէ այդպիսի թղթիկ չէր հաբուրած։ Սպատիտ խօսքերով դրժեցին իրականութիւնը։

Ի դժբախտութիւն Տէրտէրեանին, մի քանի օր անց, «Հայ Կեանք»ի ընթերցողներ խմբագրութեանս ուշադրութեան յանձնեցին 2րդ տեսաերիզ մը, այս անգամին Հայաստանի Ա1+-ի տեսաերիզը որ նկարահանուած ուրիշ անկիւնէ որտեղ նոյնպէս կþապացուցուէր թէ Յովնան Տէրտէրեան իրոք համբուրած էր այդ թղթիկը։
(Ա1+-ի տեսաերիզը.1999… October 27th …
https://www.youtube.com/watch?v=pe0ruyPFjrQ )

Այս ի՜նչ դաւադիր լռութիւն ե՛ւ Գարեգին Բ-ի ե՛ւ Յովնանին կողմէ։ Այս ի՜նչ դաւադիր դերասանութիւն։ Ան ալ ձախորդ եւ ստապատիր դերասանութիւն։

Հարկաւոր է վերջ տալ այդ ազգաքանդ դաւադիր կեղծիքներուն, ստախօսութեան եւ նենգախաղերուն։ Բարեբախտաբար, մեր առիւծի ոգի եւ արծիւի խորաթափանց եւ սուր աչքերով օժտուած մեր ժողովուրդը զարթնած է։

Վայ եկեր է հայուն երբ ան չի գիտեր թէ ով է իր ներքին եւ արտաքին թշնամին։ Վայ եկեր է թշնամոյն երբ հայը կը բացայայտէ անոր ինքնութիւնը։

Հարկաւոր փրկել Հայբ. Եկեղեցին կեղծաւոր, հրէշաւոր ու ապազգային կեղծ հոգեւորականներէ։

Մենք ենք մեր սարերը, մեր եկեղեցիները, մեր ազգն ու պետութիւնը եւ մեր կազմակերպութիւնները։

Գալփակեան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանէն ներս առկայ «լրտեսներու» մասին։

Կրնաք երեւակայել որ հոգեւորականը հիմա ալ սկսած է լրտեսներով մտահոգուիլ արդեոք իրեն համար այն սրտացաւ հայորդիները որոնք ամենուրեք Հ.Ա. Եկեղեցիէն ներս, Գարեգին Բ-ի, Մոսկուայի Եզրասի եւ Յովնան Տէրտէրեանի նեխուածութեան դէմ կ’աղաղակեն, արդեոք Գալփակեան կ’ուզէ զանոնք լրտեսնե՞ր պիտակաւորել։

Արք. Գալփակեան նաեւ ըսաւ. «Ես կարող շատ վատ հոգեւորական եմ, բայց ես եկեղեցին եմ ներկայացնում։ …Մենք առանց եկեղեցւոյ, անհիմն ժողովուրդ կը դառնանք: … Մեր ժողովուրդի հիմքը եկեղեցին է, այն եկեղեցին»։

Գարեգին Բ-ի՞, Մոսկուայի Եզրասի՞ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Յովնան Տէրտրեանի՞ նման կեղծ հոգեւորականները պիտի ներկայացնեն հայց. եկեղեցին։
Ֆրանսացիները պիտի ըսէին («jamais de la vie!») «Այս կեանքի մէջ, Երբէ՛ք»։

Գալփակեան արք. ճիշտ կ’ըսէ, որ մեր ժողովուրդի հիմքը եկեղեցին է։

Բարեբախտաբար, հակառակ կեղծ հոգեւորականներու կողմէ բանեցուած նենգութիւններուն եւ կեղծիքներուն, մեր ժողովուրդը կը շարունակէ սեփական հիմք ունենալ։ Անհիմն մարդիկը դժբախտաբար դարձած են այն կեղծ հոգեւորականները որոնք անարժանաբար գրաւած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնը եւ ամենահարուստ թեմական աթոռները, սկսած՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի անարժան եւ վարկազրկուած Յովնան Տէրտէրեանէն մինչեւ Էջմիածնի Գարեգին Բ-ն ու Մոսկուայի Եզրասը եւ իրենց մանկլավիները որոնք ոչ մէկ հիմք ունին իրենք իրենց հոգեւորական կոչելու։

Հարկաւոր է, որ այս տարրերէն ձեռբազատուինք եւ փրկենք մեր հնադարեան սուրբ եկեղեցին ինչքան հնարաւոր է՝ ՇՈՒՏ։

Թող Գարեգին Բ, Տէրտէրեան ու իրենց նամմները լաւ իմանան որ հայ ժողովուրդը քաջատեղեակ է, որ Էջմիածնի պատմութեան մէջ մենք ունեցած ենք աւելի քան 15 գահազուրկ կաթողիկոսներ։ Հիմա Գարեգին Բ պէտք է բարի գտնուի եւ կամովին հեռանայ Սուրբ Աթոռէն փլուզումէ փրկելով Հայ եկեղեցին։

Նոյնպէս լաւ կ’ըլլայ որ Եռուսաղէմի Պարիարք Նուրհան արք.Մանուկեանին խորհուրդին մտիկ ընէ եւ ինքզին փիլոնազրկէ ու հեռանայ իր հետ տանելով Մոսկուայի Եզրասը եւ Արեւմտեան Թեմի Տէրտէրեանը եւ բոլորով մէկ մեկուսանան ու ապաշխարեն իրենց բոլոր մեղքերուն համար, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ ներումի արժանանան։

Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ ժողովուրդի ներումին, այդ կը թողենք ժողովուրդին հայեցողութեան։

Արք. Գալփակեան նշեց. «Մի գողնար, մի շնանար, մի սպաներ, ուրիշի ունեցուածքի վրայ աչք մի դներ, սուտ վկայութիւն մի ըներ…», պատուիրաններէն 5ը գոնէ, այս խօսքերը ո՞վ պիտի սորվեցնէ երեխային»:

Տեսէք, թէ ովքեր կ’ըսեն. «Մի գողնար, մի շնանար, մի սպաներ, ուրիշի ունեցուածքի վրայ աչք մի դիր, սուտ վկայութիւն մի ըներ…»,

«Այս խօսքերը ո՞վ պիտի սորվեցնէ երեխային»:

Ամենէն առաջ այդ սուտ հոգեւորականները նախ իր՛ենք պէտք սորվին եւ յետոյ մտածեն ուրիշին սորվեցնելու մասին։

Պատուիրաններէն գոնէ հի՞նգը։

Ես պիտի ըսէի` գոնէ մէկ հատը պահէին այս սուտ հոգեւորականները։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *