ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ ամերիկահայ յայտնի գործարար եւ բարերար, «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեանի հետ:
Ամերիկեան «Մոտերնա Թերափիութիքս» (Moderna Therapeutics) ընկերութիւնը, որուն համահիմնադիրը եւ նախագահը Նուպար Աֆէեանն է, հնարած է «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստանիւթ մը, որ 17 Մարտէն ի վեր փորձարկումներու կ՛են-թարկուի Ուաշինկթըն նահանգի Սիեթըլ քաղաքին մէջ գտնուող Kaiser Permanente առողջապահական հիմնարկութեան հետազօտական բաժինին մէջ։
Նուպար Աֆէեան անդրադարձաւ պատուաստանիւթը հնարելուն եւ փորձարկելու աշխատանքներուն։
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ աշխարհի, նաեւ Հայաստանի մէջ այս ժահրին տարածման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակին, ինչպէս նաեւ վարակը կանխարգիլելու եւ յաղթահարելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն ու անոնց արդիւնաւէտութեան:
Նախագահ Սարգսեան, խօսելով Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին տարածման կանխարգիլման եւ յաղթահարման քայլերուն մասին՝ կարեւոր նկատեց նաեւ ջանքերու համատեղումը եւ համագործակցութիւնը միջազգային գործ-ընկերներու հետ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *