ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերը «Քորոնա» ժահրի վարակին ներթափանցումը կանխելու եւ զինուորները վարակէ պաշտպանելու համար կը շա-րունակէ կանխարգելիչ քայլեր առնել։ Այս մասին յայտնեցին պաշտպանութեան նախարարու-թեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն։
Զօրամասերուն մէջ կը կատարուին ախտահանիչ գործողութիւններ: Մարտական հերթափոխի մեկնող զինուորները կ՛ենթարկուին պարտադիր բժշկական զննումի, անոնց կը տրամադրուին ախտահանիչ միջոցներ: Կը հականեխուին նաեւ մարտական հերթապահութեան մէջ ներգրաւուած ռազմական համակարգը եւ սպառազինութիւնը։
Հայաստանի բանակին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպք չէ արձանագրուած. կը ձեռնարկուին հակահամաճարակային անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումներուն՝ բանակը ժահրի ներթափանցումէն զերծ պահելու համար:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *