ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Հինգշաբթի, Մարտ 26-ին, երեկոեան ժամը 6-ին, «Մելքոնեան Համաշխարհային Նախաձեռնութեան» նախագահ Արսինէ Շիրվանեան հայկական մամուլին տեղեկացուց. «ՄԵՆՔ ՀԱՍԱՆՔ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ։ Մենք ուրախ ենք ձեզի տեղեկացնելու, որ Փասատինայի Միասնական Դպրոցական Խորհուրդը քուէարկած է՝ ի օգուտ Պլեր բարձրագոյն վարժարանէն ներս հայոց լեզուի երկակի ներառման ծրագրի ստեղծման, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այժմ աշխատանքները կը սկուին համայնքի իւրաքանչիւր անդամի համար այս ծրագիրը կեանքի կոչելու գործին մէջ:

«ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան» հայկական վարժարանի նախկին տնօրէն Վարդգէս Գուրույեան Շիրվանեանի «Ֆէյսպուկեան» դիմատետրին վրայ գրեց. «Կը շնորհաւորեմ, Արսինէ: Փասատինայի հայերու պատմութիւնը ձեզի պիտի յիշէ որպէս հայ ամենաանշանաւոր քաղաքացիներէն մէկը: Դուք արժանի էք Քալիֆոռնիոյ Հայ համայնքի Ոսկէ մետալի: Յարգանքներս Ձեզի: Եթէ կայ որեւէ բան, որ ես կրնամ ընել ձեզ կամ «Ձեր» դպրոցի համար, կը խնդրեմ, չտատամսիք խնդրելու: Մենք կը սիրենք Ձեզի»։

Խորհուրդի փոխնախագահ Սքաթ Ֆելփս պատասխանած է Արսինէին. «Շնորհակալ եմ այս գործի մէջ ձեր ջանքերու համար: Ես անհամբերութեամբ կը սպասեմ Խորհուրդի աշխատանքներուն համադրումին»:

Շիրվանեան գրեց Ֆելփսին. «Շնորհակալ եմ աջակցութեան համար։ Մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք այս համագործակցութեան: Մենք կ՛ընենք ամեն ինչ մեր ուժերուն ներածին չափ‘ ասիկա յաջող դարձնելու համար»:

Մաշտոց Գոլէճի նախագահ Կարպիս Տէր-Եղիայեան գրեց. «Շնորհաւորանքներս: Փասատինայի հայ համայնքի պատմութեան մէջ՝ նոր ուղենիշ: Ձեր գլխաւորութիւնը‘ այս ջանքերը ղեկավարելու գործին մէջ, մեծապէս կը գնահատուին»:

Պր. Գուրույեան աւելցուց. «Փասատինայի հայ համայնքը այս ձեռքբերումով պարտական է Բենօ եւ Արսինէ Շիրվանեաններուն: Անոնք արժանի են մեր շնորհակալութիւններուն: Բրաւօօօօ, Արսինէ»:

Սակայն Հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ ժառանգութեան օգտին այս վերջին նուաճումը հեշտութեամբ չիրականացաւ:

Քանի մը ամիս շարունակ Փասատինայի համայնքի տասնեակ անդամներ կը ջանային աջակցիլ հաւաքական ջանքերուն, որոնք հիմնականին մէջ կը ղեկավարէր Արսինէ Շիրվանեանը:

Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական Խորհուրդի կողմէն 2019-ի վերջին Փասատինայի ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան բարձրագոյն վարժարանը փակելու մասին իր որոշման մասին յայտարարութենէն անմիջապէս յետոյ, շրջանի տասնեակ հայեր եւ հայեցի կրթութեան ջատագովներ գիտակցեցան, որ հայկական ամենօրեայ դպրոցի փակման որոշումը վերջնական էր:

Շատերը համոզուած էին, որ Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեանի հիմնական դաշնակիցներու՝ ՀԲԸՄ-ի մենատէրեր Պերճ Սեդրակեանի եւ Սինան Սինանեանի միակողմանի որոշումը անշրջելի էր:

ՀԲԸՄ-ի քուէարկող տասնեակ հազարաւոր անդամներ այլեւս գոյութիւն չունէին որպէսզի կարենային ընդդիմանալ Սինանեանի եւ Սեդրակեանի դպրոցի փակման որոշումին: Այդ անդամները սիստեմատիկ կերպով չեզոքացուած էին դեռեւս 1998-ին‘ երբ ՀԲԸՄ-ի կանոնադրութեան փոփոխութիւններ առաջադրող բանաձեւը անցաւ եւ վերացուեցաւ բոլոր անդամներու քուէարկութեան իրաւունքը: ՀԲԸՄ-ի բանաձեւը յառաջ քաշած էր Պերճ Սեդրակեան, անոր հիմնական դաշնակից Սինան Սինանեան, հանգուցեալ Լուիզ Մանուկեան Սիմոն եւ այլ կցորդներ: (Նմանատիպ բանաձեւ մը՝ առաջադրուած է 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ հարստութեան տէր Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան» անդամներուն դէմ որ յառաջ կը մղուի Սինանեանի եւ անոր գլխաւոր զինակից՝ ներկայ նախագահ Ժոզէֆ Կանիմեանի կողմէ):

Փասատինայի ՀԲԸՄ բարձրագոյն վարժարանի փակումէն ետք, համայնքի ակտիւ անդամներ՝ «Մելքոնեան Համաշխարհային Նախաձեռնութեան» ղեկավարուհի Արսինէ Շիրվանեանի գլխաւորութեամբ, նախաձեռնած են հիմնել հայկական բարձրագոյն վարժարան մը‘ Կիպրոսի Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան բարերարներ հանգուցեալ Մելքոնեան եղբայրներու անունով, որ փակուած էր ՀԲԸՄ-ի կոմղէ2005-ին՝ 100 միլիոն դոլար արժողութեամբ ունեցուածքը չեզոքացնելու միտումով:

ՀԲԸՄ բարձրագոյն վարժարանը փոխարինող Փասատինայի մէջ հայկական բարձրագոյն վարժարանի գաղափարը‘ ներկայացուած էր Փասատինայի Ուսումնական Միացեալ Խորհուրդին՝ (PUSD) 2020-ի սկզբին:

Քաջատեղեակ աղբիւր մը յայտնած էր, որ Յունուարի վերջին, Փետրուարի սկզբին Խորհուրդի ղեկավարութիւնը «իրոք պատրաստ էր հաստատելու Մելքոնեան բարձրագոյն վարժարանի առաջարկը: Կը թուէր՝ բոլորը պատրաստ են վաւերացնելու»:

Իրադարձութիւններու «անսպասելի» շրջադարձ
Ի զարմանս աւելի քան 200 աջակիցներու, որոնք ներկայ էին Փետրուար 27-ի ժողովին, Խորհուրդի անդամներու կողմէն դիրքորոշումներու հանկարծակի փոփոխութիւն եղաւ:

Ինչո՞ւ վերաբերմունքի հանկարծակի փոփոխութիւն։

Երկուշաբթի, 17 Փետրուար, 2020-ին, Փասատինա քաղաքի քաղաքապետ Թերի Թորնեկ այցելած էր Արեւմտեան Թեմ: Փասատինայի Ուսում. Խորհուրդի (տարածաշրջան 2) անդամ պարոն Ռոյ Պուլղուրճեանի ուղեկցութեամբ պարոն Թորնեկը հանդիպած էր Թեմական առաջնորդի հետ եւ «քննարկած էր Թեմի եւ շրջանի միջեւ համագործակցութեան ուղիներ»:

Կը թուի, թէ Թորնեկի եւ Թեմի «համագործակցութիւնը» բերաւ իր առաջին «պտուղները»:

Կը հաղորդուի, որ համայնքի անդամի մը հետ Փասատինայի մէջ կայացած յետագայ զրոյցի ընթացքին, այն ժամանակուայ Փասատինայի քաղաքապետ Թորնեկ յայտնած է իր լուրջ կասկածների մասին առաջարկուող հայկական բարձրագոյն վարժարանի բացման վերաբերեալ: Անոր պատճառաբանութիւնն այն էր, որ Խորհուրդը փակած էր 5 դպրոց, եւ ճիշտ պիտի չըլլար այս բարձրագոյն վարժարանի բացումը:

Քաղաքապետ Թորնեկի Փետրուարի 17-ին կատարած այցը Արեւմտեան Թեմի արք. Տէրտէրեանին, կարծես, առանձնաjատուկ էր որոշ Փասատինացիներու համար: Ատիկա կասկածի ու զարմանքի տեղիք տուաւ Փասատինայի մէջ: Քաղաքապետ Թորնեկի լուսանկարը՝ արք. Տէրտէրեանի հետ միասին ողողած էին քաղաքի տեքստային հաղորդագրութիւններու բջջայինները:

Քանի մը օր անց, Փետրուար 27-ին կայանալիք քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ, Խորհուրդի ղեկավար մը ըսաւ. «Ես կը վախնամ, որ եթէ այս առաջարկը քուէարկութեան դրուի մենք զայն չենք կրնայ վաւերացնել ոչ թէ ատոր արժանիքներու համար եւ որ ծրագիրը հիանալի է, այլ քաղաքական միտումով, քանի որ մենք կը փակենք հինգ դպրոց: Այսպիսով, դուք կ՛ուզէ՞ք, որ մենք պարզապէս մերժենք ատիկա, թէ՞ դուք պատրաստ էք աշխատել մեզ հետ‘ բարձրագոյն վարժարանի մակարդակի վրայ ստեղծելու հայկական ծրագիր»:

«ՄԵՐԺԵՆՑԷ՛Ք ԱՆՈՆՑ, ՈՐ ՎԵՐՋ Ի ՎԵՐՋՈՅ ՄՈՌՆԱՆ ԱՅՍ ՆԱԽԱԳԻԾԸ», ԳՈՒՑԷ ԱՅՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԱԿԱՆ ՏԻՊԻԿ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒ՞ՆԸ ԿԸ ԳՈՐԾԷ:

Համայնքի բազմաթիւ անդամներ Խորհուրդի պաշտօնեաներու այս վերջին փաստարկը կը համարեն ոչ համոզիչ:

Փասատինայի շարք մը հայեր կը կարծեն, որ «Ասիկա Տէրտէրեանական մարտավարութիւն մըն է‘ հիմք գտնել հերքելու համար, որպէսզի դպրոցի նախագիծը ձախողուի», եւ «հնարաւորինս յետաձգել եւ մերժել հաստատումը», որպէսզի ժամանակն անցնի եւ («անոնք կը մոռնան ատոր մասին, եւ այս նախագիծը կը ձախողի»:

Փասատինահայի մը հետ զրոյցի ընթացքին այս գրողը հարցուցած էր. «Երբ Մելքոնեան Համաշխարհային Նախաձեռնութեան ղեկավարները սկսեցան խօսել Փասատինայի Խորհուրդի անդամներու հետ Փասատինայի մէջ հայկական բարձրագոյն վարժարան հիմնելու հնարաւորութիւններու մասին, ճի՞շտ է, որ արք. Տէրտէրեանը իր կցեդրդֆներու միջոցով սկսաւ ընդդիմանալ ատոր դէմ»:

Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի ուսանողի բանիմաց ծնող մը, որ նաեւ Արեւմտեան Թեմի զօրակից է, ըսաւ. «Իհարկէ: Ես զարմացած եմ, թէ ինչքա՜ն այդ մարդը՝ արք. Տէրտէրեանը ընդունակ է ուրիշներու վատութիւն ընելու մէջ»:

Ան շարունակեց. «Եւ գիտէ՞ք, թէ ով է, կարծես որ կռնակ կը կենայ Տէրտէրեանին այս հակահայկական վհոյկային որսորդութեան մէջ հայկական բարձրագոյն վարժարանի դէմ: Ոչ այլ ոք, քան ՀԲԸՄ-ի Սինանեանը, որը չի կրնայ ընդունիլ «Մելքոնեանի» անուան վերակենդանացումը 2005-ին ՀԲԸՄ-ի կողմէն Մելքոնեան կրթութական ինստիտուտի ոչ արդարացուած փակումէն ետք»:

Փասատինայի ՀԲԸՄի բարձրագոյն վարժարանի մէկ այլ ծնող մը զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Արք. Տէրտէրեան եւ Սինանեան այնպիսի անհատներ են, որ եթէ ինչ-որ բան անոնց ուղղակի օգուտ չի բերէ, ապա անոնք կտրականապէս դէմ կ՛ըլլան ատոր»:

Հակառակ անոր որ այս նոր բարձրագոյն վարժարանը պիտի գործէր Խորհուրդի հսկողութեան ներքոյ, Փասատինայի առաջարկուող հայկական բարձրագոյն վարժարանի անկախ պիտի ըլլար հայ համայնքի բոլոր խմբակցութիւններէն՝ ներառեալ Արեւմտեան Թեմը (Էջմիածինին պատկանող), Արեւմտեան Առաջնորդարանը (Կիլիկիոյի), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջան (ՀՅԴ), Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը Արեւմտեան Շրջան (ՀԲԸՄ), Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը / Թէքէյեան Մշակութային Միութիւնը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, ի թիւս այլոց:

Մարտ 3-ին տեղի ունեցած քաղաքապետական ընտրութիւններէն առաջ Փասատինայի մէջ հայեցի կրթութեան աջակիցներու համար ամեն ինչ շատ խաւար կը թուար, քանի որ մերժուած էր անոնց առաջարկած հայկական բարձրագոյն վարժարանի դիմումը: Բարեբախտաբար ընտրութիւններէն ետք կացուիւնը բարելաւուեցաւ։

Ընտրութիւններէն առաջ, կþենթադրուէր, որ Փասատինայի քաղաքային եւ դպրոցական իշխանութիւններու հատուած մը կþենթարկուէին Արեւմտեան Թեմի արք. Տէրտէրեանի կողմէ թաքուն ճնշումի, որ նման նախագծի համար ոչ մէկ տեսակ վաւերացում չըլլայ:

Փասատինայի նախկին քաղաքապետ Թորնեկի՝ իր վերընտրութեան օգտին Տէրտէրեանի աջակցութիւնը ստանալու համար վերջինիս այցելութեան լուսանկարները ժխտական առումով լայն տարածում գտած էին Փասատինայի հայկական բարձրագոյն վարժարանի բազմաթիւ զայրացած աջակիցներու շրջանակէն ներս:

«Ես հանգստացած եմ որ Թորնեկ կորսնցուց վերընտրութիւնը։ Հիմա ամեն ինչ կը թուի վերստին իրենց հունին մէջ մտած ըլլալ» ըսաւ համայնքի մտահոգ անդամ մը։

Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, այդ յաջողութիւնը ձեռք է բերուած է քանի մը մարտահրաւէրներ յաղթահարելէն ետք ոչ թէ Փասատինայի կառավարութենէն ներս ծառացած արգելքներու դէմ, այլ անհաւանական աղբիւրէ մը՝ արք. Տէրտէրեանէն եւ իր հիմնական զինակիցներէն, ինչպիսին է Սինանեանը:

Համայնքի անդամներէն ուրիշ մէկ մը որ նաեւ Արեւմտեան Թեմի զօրակից է ու «Մելքոնեան»ի շրջանաւարտ ըսաւ այս յօդուածագրին. «Սինանեանը, որ Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի աւագ դպրոցի անբարեխիղճ եւ անարդար փակման պատասխանատուներէն է, պէտք է մի կողմ քաշուէր: Ան պէտք է ամօթ զգայ հայկական ամենօրեայ դպրոցի փակման համար: Ընդհակառակը, ան մութ ոյժ մը կը փնտրէր, որպէսզի օգնէր իրեն ոչնչացնելու Փասատինայի հայկական բարձրագոյն վարժարանի նոր նախագիծը։ Ինծի կը թուի որ ան չուզեր որ Մելքոնեան Բարձրագոյն Վարժարանը կեանքի կոչուի քանի որ ան չի նախընտրեր որ անունը վերականգնուի այս ափերուն վրայ»:

Դեռեւս Փետրուարի վերջին, չնայած անոնք տպաւորուած էին այն ժամանակուայ առաջարկուած հայկական բարձըրագոյն վարժարանի նօրարարական ծրագրով, բայց Փասատինայի Խորհուրդի պաշտօնեաները դեռ կը մերժէին նախագիծի հաստատումը: Պատճառաբանութիւնն իսկապէս համոզիչ չէր: Ծրագրի բազմաթիւ կողմնակիցներ անհանգստացած էին Տէրտէրեանի կողմէն թաքնուած ջանքերէն, որը հակուած է սաբոտաժի ենթարկել ցանկացած նախագիծ, որի շուրջ ան լիարժեք վերահսկողութիւն չունի: Ան ամբողջական եւ միահեծան հսկողութեան հիւանդագին սիրահար մըն։
Տեղական շարք մը պաշտօնատարներ, որոնք յայտնի են որպէս «Տէրտէրեանական հիմարներ» «սխալմամբ կը կարծեն, որ Տէրտէրեանին հնազանդուելով եւ անոր աջակցութիւնը ապահովելով, իրենց վերընտրումը կամ համայնքէն ներս բարձր դիրքերը երաշխաւորած կþըլլան։ Անոնք ամբողջապէս կը սխալին», նշեց համայնքի անդամ մը աւելցնելով թէ՝ «Տէրտէրեան լայնօրէն վարկազրկուած է Փասատինայէն ներս եւ դուրս: Եւ որպէսզի մեր համայնքը կարենայ նորանոր յաջողութիւններու կարենայ հասնիլ մեր պարտականութիւնն է ձեռբազատուիլ Տէրտէրեանի ապուշներէն եւ անձնապէս իրմէ։ Անոր ժամանակը հասած է իր աւարտին»։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *