Համաշխարհային ներկայ ճգնաժամը, ստեղծուած«Քորոնա» ժահրին հետեւանքով, հսկայական անդրադարձ ունի տեղական թէ համահայկական առումով բոլո՛ր գաղութներուն մէջ: Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր բոլոր անդամներէն կը պահանջէ մնալ զգօն եւ ապահով: Ընկերային հեռաւորութիւնը եւ խճողուած վայրերէ խուսափիլը հիմնական ենյաղթահարելու այս համաճարակը: Վարչութիւնս համակ վստահութիւն ունի ՀՕՄ-ի միաւորներուն եւ անդամներուն վրայ, որոնք կը շարունակեն թիկունք կանգնիլ մեր հայրենակիցներուն, մանաւանդ մեր համայնքներուն մէջ գտնուող աւագ անդամներուն եւ կարիքաւորներուն, որոնք յաւելեալ խնամքի կը կարօտին: Հաւաքական ուժերով եւ միասնական աշխատանքով է, որ պիտի կարենանք շրջանցել այս փուլը եւ հզօր պահել մեր գաղութները: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը անմիջապէս անդրադարձաւ համաշխարհային այս տագնապին եւ իր նախնական աջակցութիւնը բերաւ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն: «Չեվի Չէյս» վիրաբուժական կեդրոնին, «Անի եւ Նարօտ» յիշատակի հիմնադրամին եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հետ գործակցաբար, մէկ թոն բժշկական իրեր ուղարկուեցան Հայաստան եւ Արցախ: Ներկայիս յաւելեալ աշխատանք կը տարուի շտապ օգնութեան երկրորդ բաժինը ապահովելու: Արցախի մեր հայրենակիցներուն աջակցելու համար համահայկական օժանդակութեան կարիքը ունինք: Նուիրատուութեանց համար այցելել http://www.ars1910.org/give :
Առաւելաբար, Հայաստանի ՀՕՄ-ը 1000 ամերիկեան տոլար փոխանցած է Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ 5000 ամերիկեան տոլարԵրեւանի վերականգնողական Հերացի թիւ 1 հիւանդանոցի Կեդրոնի երեխաներու բաժանմունքին: ՀՕՄ-ի զանազան շրջաններ եւ մասնաճիւղեր միացած են քոյր կազմակերպութիւններուն, եկեղեցիներուն եւ կառավարական կառոյցներուն օգնելու համար մեր համայնքներ գտնուող վտանգուած եւ անապահով խաւին:
ՀՕՄ-ը հիմնեց Համաշխարհային տագնապի շտապ օգնութեան ֆոնտը, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ նիւթական թէ բժշկական սարքերու նուիրատուութիւններ ստանալմեր գաղութներուն օժանդակելու նպատակովգ ինչպէս նաեւ ներկայ նեղ օրերուն նեցուկ կանգնիլ կարիքաւորներուն անոնց տրամադրելով ապրուստի նուազագոյն պէտքերը:
Եթէ կը փափաքիք եւ կարողութիւնը ունիք օժանդակելու, կը խնդրենք կապ հաստատէք ձեր շրջանի ՀՕՄ-ի վարչութեան հետ: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է այցելել ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կայքը (http://www.ars1910.org/), ընկերային ցանցերը եւ հետեւիլ տեղական թերթերուն:
Մեր հայրենակիցներուն ապահովութիւնը նկատի առնելովՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշում տուաւ յետաձգել ՀՕՄ-ի 110-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները, որոնք տեղի պիտի ունենային օգոստոս 30-էն սեպտեմբեր 10, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Յետաձգուած է նաեւ ՀՕՄ-ի 7-րդ նաւապտոյտը, որ պիտի իրագործուէր նոյեմբեր 2020-ին: Բոլոր ձեռնարկներուն նոր ժամանակացոյցը կը յստականայ, երբ ժահրի տարածման վտանգը վերջնականապէս դադրի: Փաստօրէն, Հայ օգնութեան միութիւնը, մէկ դարէ աւելի պատմութիւն կերտած է: Շնորհիւ մեր անդամներուն նուիրումին եւ վճռականութեան, ինչպէս նաեւ մեր համակիրներու նեցուկին, կրցած ենք եւ կը շարունակենք բարձրորակ ծառայութիւն տրամադրել մեր աշխարհասփիւռ գաղութներուն, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Ձեր շարունակական քաջալերանքը կ՛ապահովէ մեր կարողութիւնը պահելու համար հայ գաղութները եւ ձեռք երկարելու հոն, ուր կարիքը կայ: Շնորհակալութիւն բոլորիդ:
Համաշխարհային շտապ օգնութեան ֆոնտին նուիրատուութիւններու համար կրնաք հետեւիլ http://www.ars1910.org/give հասցէին կամ ձեր նուիրատուութիւնները ղրկել ՀՕՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակ` Armenian Relief Society, Inc. 80 Bigelow Ave., Suite 300, Watertown, MA 02472.
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *