Կեանքէն հեռացած է Հայաստանի ճատրակի ախոյեան Լեւոն Արոնեանի կինըԱրիանէ Քաոիլին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է Լեւոն Արոնեանը:
«Բառեր չեմ գտներ արտայայտելու իմ վիշտը տիկնոջսԱրիանէյի մահուան կապակցութեամբ: Ան խելացի, աշխատասէր եւ կենսուրախ մարդ էր, որ գեղեցիկ կեանք ապրեցաւ»,- նշած է Արոնեան: Գրութեան տակ ցաւակցական խօսքերով պատասխանած են բազմաթիւ հանրաճանաչ շախմատիստներ, մասնաւորապէս, աշխարհի ախոյեան Մագնուս Կարլսենը, կրանտմայստըր Անիշ Կիրին եւ այլք: Արոնեանի կինը Մարտ 15-ին.
իր վարած ինքնաշարժով Սեբաստիա փողոցի վրայ զարնուած էր աղիւսէ սիւնի մը: Ան ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուած էր հիւանդանոց:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *