Կիրակի, 29 մարտ 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագէն հաւատացեալներ թէեւ ֆիզիքապէս բացա-կայեցանհամաշխարհային համաճարակ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, սակայն անոնք կրցան կաթողիկոսարանի ընկերային լրատուամիջոցներու ցանցին ճամբով աղօթակից դառնալ միաբանութեան եւ խումբ մը դպրեվանեցիներու: Անթիլիասի Մայրավանքի ուխտի օրուան առիթով եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետը համայն հայութեան յղեց իր հայրապետական պատգամը եւ յանուն հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն խոնարհեցաւ ու համբուրեց հայոց հաւատքի հօր եւ երկրորդ լուսաւորիչ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ս. Աջը եւ անոր օրհնութիւնը փոխանցեց աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Նշենք, որ օր մը առաջ, մայր տաճարի ուխտի օրուան առիթով կատարուած հսկումի արարողութիւնը կարելի եղաւ նշել դարձեալ առցանց, եւ հաւատացեալները իրենց տուներէն միանալով իրենց աղօթքներով հայցեցին սուրբին բարեխօսութիւնը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *