ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Այս շաբաթուայ անգլերէն լեզուով
հրատարակուող «Իւ.Էս. Արմինիըն Լայֆ»ի մէջ, լոսանճելոսահայ ընթերցող` Սամ Մինասեան կը նշէ. «Հայաստանի Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգում»ի ֆեսպուքեան էջին վրայ լոյս տեսած լուսանկարը եւ յայտնի հրապարակագիր՝ Գէորգ Եազըճեանի մեկնաբանութիւնը. «Հայ Եկեղեցին ընդհանրապէս փակած է իր ՀՈԳԵՒՈՐ ԴՌՆԵՐԸ նման չ-կաթողիկոսներու, չ-եպիսկոպոսներու եւ, փաստօրէն, սատանային ծառայողներու առկայութեան պատճառով: Պսակաձեւ ժահրը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ կղերականութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հոգեւորական չէ, այլ վախկոտ արարածներ են: Եթէ այդքան կը վախնան հազիւ միկրոսկոպի տակ երեւցող ժահրէ մը, ապա որքա՞ն պէտք է վախնան ԱՀՌԵԼԻ ՈՅԺԻ ՏԷՐ ՍԱՏԱՆԱՅԷՆ: Եւ ասո՞նք են որ մեզ պիտի պաշտպանեն այդ ՉԱՐին դէմ: Այս արարածները առհասարակ քրիստոնեայ չեն, քանի որ չեն հաւատար, թէ ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՄԵՆԱԶՕՐն է»:
Ընթերցող Կարօ Այվազեան արձագանքեց` գրելով «Արնախումներու արքայութիւնը»: Այվազեան նաեւ հրապարակեց Գարեգին Բ-ի լուսանկարն իր հարեմի հետ:
Եազըճեան գրեց. «Գարեգինավիրուս»: Արամ Սաֆարեան պատասխանեց. «Գարեգինավիրուս, իրոք»:
Բժշկուհի Սիլվա Փորթոյեան հարց տուաւ. «Արդէօ՞ք սա կրօն է»: Այնուհետեւ ան աւելցուց. «Ոչ ոք չի կրնար այդպիսի բան գրել, եթէ այդպէս չէ (ճշմարտութիւնը)…»:
Նայիրի Հովհաննան գրեց. «Այս տարրերի կորոնավիրուսը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան իրական Coronavirus-ը»։
Զարեհ Արզումանեան պատասխանեց. «Սիլվա Փօրթոյեան, դուք պէտք է ապօրինի ընտրուած սատանա հոգեւորական, նեխուած Գարեգին Բ-ին հարցնէք, որ ունի 3 կանանց «հարեմ» եւ 5 (ապօրինի) երեխայ: Այս ՄԵԾ ՍԱՏԱՆԱ Գարեգին Բ-ն կը ծախսէ եկեղեցւոյ գումարները‘ ֆինանսաւորելու եւ պահպանելու իր նեխուած անձնական կեանքը եւ թեմական ներկայացուցիչ կը նշանակէ իր ոչ որակեալ այլասերուած միասեռական մերձաւորները: Գարեգին Բ-ն չի սիրեր իր ժողովուրդին: Ան կը սիրէ իր թաքուն նեխացուած կեանքը եւ ՓՈՂԸ: Գարեգին Բ-ն պէտք է գահազրկուի դուրս հանուի Սուրբ Էջմիածինէն: … Ժամանակն է, որ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մաքրազերծման գործը իրականցնենք եւ ձեռբազատուինք բոլոր այն կեղծ հոգեւորականներէն, որոնք կþաղտօտեն մեր ՍՈՒՐԲ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ: ՀԱՅԵ՛Ր ԱՇԽԱՐՀՈՎ ՄԷԿ, ՄԻԱՑԷ՛Ք։ ՁԵՐ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՑԷՔ ՔՐԷԱԿԱՆ, ՆԵԽԱԾ Գարեգին Բ-ին վրայ։ Գարեգին Բ-ն մեր ազգի անէծքն է»:
Կեղծ կղերականներու ծուղակը մի իյնաք որոնք կը միտին չարաշահելու «թագաժահրի» համաճարակը իբրեւ թէ կարիքաւորներուն օգնելու համար Հայաստանի եւ Արցախի մէջ
Բազմաթիւ խմբաւորումներ երեւցած են ներկայիս որոնք կը յայտարարեն թէ «Պսակավարակ»ի համաճարակի հակադարձումի նպատակով կազմուած են։ Ոմանք արժանի են քաջալերանքի սակայն կան նաեւ խմբաւորումներ որոնք պղտոր ջուրի մէջ ձուկ կþորսան եւ յօդուածագրին նպատակն է ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել այն վտանգը որ կեղծ եւ չարաշահումի հակում ունեցողներուն ծուղակը հանկարծ չիյնայ անմեղ ժողովուրդը։
Յատկապէս ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք այնպիսի սուտ հոգեւորականներուն որոնք առիթէն օգտուելով կը փորձեն դրամահաւաք կազմակերպել եւ անշուշտ շատերուս յիշողութեան մէջ դեռեւս թարմ է այն փաստը որ 1988-ի երկրաշարժին յաջորդող օրերուն Էջմիածինը սրտացաւ աշխարհասփիւռ հայերէն հաւաքած էր աւելի քան 30 միլիոն տոլար օգնութիւն որ օգնէ տնազուրկներուն եւ կարիքաւորներուն։
Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա-ի օրերուն օգնութեան բաշխումը սկսաւ։ Սակայն Գարեգին Բ-ի ներքեւ, այդ գումարներուն հետքը նոյնիսկ չի մնաց եւ ոչ ոք գիտէ անոնց ճակատագրին մասին։ Հետեւաբար յատկապէս այս օրերուն երբ մեր ժողովուրդը յուսխաբ եղած է ե՛ւ Գարեգին Բըը-էն, ե՛ւ Յովնան Տէրտէրեանէն ե՛ւ Մոսկուայի Եզրասէն եւ իրենց զինակիցներէն եւ որոնց կարգին՝ Ժոզէֆ Կանիմեանը, Սինան Սինանեանը, Պերճ Սեդրակեանը, Ետմոն Ազատեանը եւ միւս կլանակիցները։
«Հետեւաբար, զգոյշ եղէք եւ ձեր նուէրները մի փոխանցէք կասկածելի տարրերու եւ խմբաւորումներու որոնց գլխաւոր նպատակն է միայն իրենց անձնական գրպանները լեցնել» կը գրէ Լոս Անճելոսէն՝ Սամ Մինասեան։
Նորութիւն մը. Տարիներ առաջ Յովնան Տէրտէրեանի կլանակից եւ բազմաթիւ չարագործութիւններու մէջ մեղսակից՝ Մանուկ քհն. Մարգարեան Հոլիվուտի Սր. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիէն ներս սկսած էր կիրակնօրեայ ժամերգութեան ժամանակ, փոխանակ սովորական մէկ նուիրահաւաքի կողով շրջանառութեան մէջ դնելու, տարօրինակօրէն երկու անգամ շրջանառութեան մէջ կը դնէր եւ երկրորդ անգամին հաւատացեալներէն կը խնդրէր որ իրենց նուէրները տան Հայաստանի մէջ այսպէս կոչուած «քոյր» եկեղեցիի մը համար։ Յետոյ բանից դուրս եկաւ որ այդ «քոյր» եկեղեցիին քահանան Մանուկին արիւնակից եղբայրն է։ Այդ ժամանակուայ հոգաբարձուները որոնք մեր օրերուն անողնաշար մեղսակիներ չէին, անմինջապէս դէմ կեցան եւ կասեցուցին այդ երկրորդ կողովի միջոցով դրամահաւաքը։
Եւս կարեւոր բան մը. Ներկայ օրերուն «Թագավարակի» համաճարակի այս օրերուն Յովնան Տէրտէրեան եւ Մանուկ Մարգարեանը անընդհատ եթերով ելոյթ կ’ունենան որպէս համեստ «սրբութիւններ» եւ գառնուկի հագուստ հագած՝ կը փորձեն իբրեւ թէ խեղճ կ’երեւան։

Ուշադրութիւն եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք նախորդ տարիներու ժողովուրդի ունեցած փորձառութեան, այն ժամանակ յստակօրէն կը վերյիշենք թէ ինչպէս մէկական գայլերու վերածուած էին եւ կը փորձէին հոշոտել եւ կողոպտել բարեսիրտ հաւատացեալներուն։ Առանց մանրամասնութեան մէջ մտնելու միայն յիշենք Արեւմտեան Թեմէն ներս Ալավճեան «Քէյթրինկ»ի եւ Տաղլեան Համալիրի հետ կապուած տխուր դրուագները։
Բարեբախտաբար, երկու պարագանրուն ալ Տէրտէրեան եւ Մարգարեան հրոսակային խումբը դատերը կորսնցուցին ամերիկեան դատարաններէ ներս։
Դժուար թէ մէկ օր անցնի, առանց որ Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգումի շարժումը թափ ստանայ:
Գարեգին Բ-ի, Մոսկուայի Եզրասի եւ անոնց միւս կլանակիցներու համար ժամանակը հասած է իր աւարտին։ Զինակիցներու շարքին են Մանուկ Մարգարյան, Ժոզէֆ Կանիմեան, Սինան Սինանեան եւ Արք. Կճոյան]– Հայաստանի Արարատեան թեմի առաջնորդ, որ կը շրջի Բենթլի ինքնաշարժով քաղաքով մէկ եւ ատրճանակ կրելով եւ վերջին, բայց ոչ պակաս կարեւորՅովնան Տէտէրեան։ Մինասեան կþաւելցնէ. Չի մոռնանք նաեւ Յովնան Տէրտէրեանի հետ կապուած Գանատայի մէջ պատահածը։ Տէրտէրեան Գանատայի թեմէն վտարուած է գումարներ իւրացնելու համար: Տէրտէրեան գումարներ հափշտակած էր բարեգործական հիմնադրամէ մը, որ ստեղծուած էր
օգնելու Հայաստանի երկրաշարժի գօտիի մէջ եւ Արցախի կարիքավոր որբ երեխաներուն»:
Մինասեան նաեւ կը նշէ. «Ստուգումէ յետոյ պարզուած է, որ Տէրտէրեան, ըստ տեղեկություններու, գումարներ իւրացուցած է, եւ իսկական կարիքաւորներուն օգնելու փոխարէն, ան գումարներ տրամադրած Հայաստանի մէջ իր մեղասկից եւ բաւական բարեկեցիկ քահանաներու երեխաներուն եւ ընտանիքներուն, որոնք ֆինանսական առումով հանգիստ վիճակի մէջ եղած են: «ԽԾԲ»ական կաշառք»։
(Տե[–ս ամբողջ յօդուածը]– http://www.armenianlife.com/2019/03/30/some-facts-about-hovnan-derderian/)
Եւ ահա, «Քօրօնավիրուս»ի համաճարակի ժամանակ, Գարեգին Բ-ի, Յովնան Տէրտէրեանի եւ Մանուկ Մարգարյանին նման կեղծ կղերականները կրնան օգտագործել ճգնաժամըորպես պատրուակ
Հայաստանի եւ Արցախ կարիքաւորներու օգտին գումարներ հաւաքելու համար: Խորհուրդկը տրուի զգոն ըլլալ եւ չիյնալ անոնց ծուղակը։