Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ձեռնարկելու ինքնա-պաշտպանութեան անհրաժեշտ բոլոր գործողութիւններումիջազգային իրաւունքի կանոններուն եւ, յատկապէս
ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներուն համաձայն: Այս մասին նշուած է Ազրպէյճանի կողմէ 5 ապրիլի զինադադարի դրութեան խախտման վերաբերեալ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայ-տարարութեան մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայննախարարութիւնը մտահոգիչ նկատած է այն, որ միջադէպը տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին կողմէ զինադադարի դրութեան դիտարկման ժամանակաւոր դադրեցման լոյսին տակ եւ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ ամբողջ աշխարհը կը պայքարի «Քորոնա» ժահրի համավարակին դէմ:
«5 ապրիլ 2020-ին ազրպէյճանական կողմը հերթական անգամ խախտած է Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ զինադադարի դրութիւնը, որուն արդիւնքով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զինուոր մը վիրաւորուած է:
Մտահոգիչ է, որ այս դէպքը տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին կողմէ զինադադարի դրութեան դիտարկման ժամանակաւոր դադրեցման եւ այն պայմաններուն մէջ, երբ ամբողջ աշխարհը կը պայքարի «Քորոնա» ժահրին դէմ:
Ազրպէյճանի իշխանութիւնները նման սադրանքներով բացայայտ արհամարհանք կը ցուցաբերեն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի
ամբողջ աշխարհին մէջ զինադադարի ապահովման կոչինամբողջ մարդկութեան ջանքերը ուղղելու համաշխարհային մարտահրաւէրին
«Քորոնա» ժահրի յաղթահարման, ինչպէս նաեւ կ’անտեսեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուտագնապի կողմերուն ուղղուած կոչերը
խստօրէն պահպանելու զինադադարի դրութիւնը եւ զերծ մնալ որեւէ սադրիչ գործողութիւններէ, որոնք կրնան այս բարդ ժամանակաշրջանին բարձրացնել լարուածութեան մակարդակը:
Պաքուի ապակառուցողական վարքագիծը դարձաւ ազրպէյճանական իշխանութիւններու անպատասխանատուութեան եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումը եւ միջազգային հանրութեան կողմէ պէտք է արժանանայ ամէնէն խիստ գնահատականին եւ դատապարտման:
Վերահաստատելով իր յանձնառութիւնըյարգելու զինադադարի եւ անոր ամրապնդման մասին համաձայնագիրները, ինչպէս նաեւ ընդհանուր քարտուղարի
ամբողջ աշխարհին մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու կոչինԱրցախի Հանրապետութիւնը յամառօրէն կոչ կ’ուղղէ Ազրպէյճանին իրականացնելու ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ հրաժարիլ սադրիչ գործողութիւններէ:
Միեւնոյն ժամանակ, Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ձեռնարկելու ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ բոլոր գործողութիւններու
միջազգային իրաւունքի արժէքներու եւ, յատկապէս` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներուն համաձայն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
