ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 31 Մարտի երեկոյեան, համացանցային կապով կատարուած երդման արարողութենէն ետք, Փօլա Տիվայն, Արտաշէս Քասախեան եւ Տենիըլ Պրոթմըն պաշտօնապէս դարձան Կլնետէյլի Քաղաքապետական խորուրդի անդամ։
Երդման արարողութեան կնքահայրն էր Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ։
Փօլա Տիվայն եւ Արտաշէս Քասախեան չորս տարի պիտի մնան իրենց պաշտօնին վրայ, մինչ Տենիըլ Պրոթմըն, որ կը փոխարինէ Զարեհ Սինանեանը՝ երկու տարի։
Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդի միւս անդամներն են՝ քաղաքապետ Արա Նաճարեան եւ Վրէժ Աղաճանեան։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *