ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի
Վերջին ժամանակներուն բազմաթիւ հայրենի եւ սփիւռքահայ ընթերցողներ սկսած են զանազան հարցեր տալ թէ՝
- Ինչու՞ Հայ Եկեղեցին այսքան ճգնաժամի մէջ։
- Ի՞նչու՞ եւ ինչպէ՞ս հայրենի ժողովուրդը անհաւատ դարձնելու քաղաքականութիւն մշակած եւ վարած է բոլշեվիկեան ռեժիմը:
- Ի՞նչու Հայց. Առաք. Եկեղեցին եւ հաւատակեդրոն՝ Սուրբ Էջմիածինը այսօր այսք՜ան ճգնաժամի մէջ:
- Որո՞նք են աւերիչ հետեւանքները հայ ժողովուրդի հաւատազրկման:
- Անցնող տասնամեակներուն եւ յատկապէս Գարեգին Բըըըը-ի գահ բարձրանալէն ետք ինչքա՞ն շատացան ներեկեղեցական նենգախաղերը «էնթրիկները» եւ ապաբարոյականութիւնը: Ու՞ր է ելքը: Ի՞նչ է լուծումը:
Այս թիւով «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» Շաբաթաթերթը այս խիստ կարեւոր նիւթի նուիրուած յօդուածներ եւ հեռուստային հաղորդաշր կը սկսի լոյս սփռելու համար սովետական համայնավար ռեժիմի տարիներուն մութ ծալքերուն վրայ։


Այս նիւթին հետ առնչուող առաջին հեռուստային ազատ զրոյցը կատարուեցաւ այս շաբաթ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի եւ առցանց լայն տարածում ունեցող AMGA TV հեռուստակայանէն։ Զրուցավար՝ Աբօ Չափարեան։ Խմբագրութեան հիւրն էր յայտնի հրապարակախօս եւ հրապարակագիր Ոսկան Մխիթարեան:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Դժբախտաբար բոլորս ալ այս օրերունկլանուած մնացինք «քoրօնավիրուսի» թագաժահրի պատճառած դժուարութիւններով, եւ այդ մասին մեր ստացած ցաւալի տեղեկութիւններով: Անկասկած որ անհրժեշտ է զգոյշ ըլլալը, բայց պիտի չի թողունք որ թագաժահրը մեր ամբողջ էութիւնը ողողէ վախով եւ կուլ տայ մեր մարդկային ազնիւ զգացումները: Անկախ թագաժահրի դառն իրողութենէն, մեր մարդկային կեանքը կարծէք թէ
կլանուած է նաեւ դժբախտաբար մարդակերպ «քօրօնավիրուսով»: Մարդկութիւնը իր տխուր բաժինը ունի այս նորաստեղծ ժահրի գոյութեան մէջ: նոյնքան եւ առաւել եւս տխուր է վիճակը հայ իրականութենէն ներս, երբ կը խօսինք մեր կրօնական եւ ազգային կազմակերպութիւններէ ներս գոյութիւն ունեցող ախտերու մասին: Եթէ մենք կը փափաքինք առողջ ապագայ հետապնդել մեր գոյութեան պայքարին մէջ, ուրեմն պէտք է մենք զմեզ բժշկենք: Այս առթիւ մեր այսօրուայ նիւթը կը բանանք արծարծելով այն մարդակերպ թագաժահրի մասին, որ դժբախտաբարտասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն ներս: Երբ որ 1989ին Սովետական Միութիւնը փլուզման ենթարկուեցաւ, առաջինը Ռուսաստանն էր որ ինք զինքը փրկեց եւ վերանկախացաւ ու նաեւ իր հոգեւոր կեանքը վերականգնեց, վերադառնալով Ուղղափառ եկեղեցւոյ իր փայլուն անցեալին: Ի՞նչ պատահեցաւ որ Հայաստանը իր Առաքելական Սուրբ պատմական եկեղեցիով այսպիսի բարեբախտութիւն չունեցաւ այլ յայտնուեցաւ ոչ ուրախանալի վիճակի մէջ: Հարցում. Ի՞նչ կ՛ըսէք այդ մասին, պրն. Մխիթարեան: ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ -- Դժբախտաբար,Լենինեան յեղափոխութեանե շրջանէն ետք քրիստոնէական եկեղեցին ընդհանրապէս ոչ միայն հայ եկեղեցին այլեւ ուրիշ քրիստոնեայ եկեղեցիներ, կայսրութենէն ներս դաժան օրեր ապրեցան: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ալ ըլլալով այդ կայսրութեան մէկ բաժինը, դառնութեան բաժակը ըմպեց միւսներուն նման: Այդ շրջանին էր որ եկեղեցիները փակուեցան պետական հրահանգով եւ հալածուեցան եկեղե-ցականներ, թէ
համեստ փոքրաւորներ եւ թէ` բարձրաստիճան եկեղեցականներ. շատեր աքսորուեցան եւ ոմանք ալ նահատակուեցան: Դժբախտաբար այդ դաժան օրերէն անմասն չմնաց նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական մայր եկեղեցին, գլուխ ունենալով Սուրբ Էջմիածինը: Մայր Աթոռը տառապեցաւ նոյնքան]– որքան իր ժողովուրդը: Շատ լաւ գիտենք, որ 1938ին Խորէն Ա. Մուրադբեկեան Կաթողիկոս, համայնավարական ճնշումներու տակ]– փորձեց կանգուն պահել եկեղեցին, երբ գրեթէ բոլոր եկեղեցիները գրաւուած էին համայնավար ռեժիմի կողմէ: 1938ին Խորէն Ա. Մուրադբեկեան Կաթողիկոս սպանուեցաւ, թէեւ առաջին շրջանին մէջ յայտարարուեցա որ յանկարծամահ եղած է:

Բարեբախտաբար այս իմաստուն Հայրապետը 1938ին – բոլորս ալ գիտենք որ խեղդամահ եղաւ- իր մահէն առաջ Գէորգ Չորեքչեան արքեպիսկոպոսը իրեն տեղապահ ըրած էր: Շատ խելացի արարք մըն էր, որովհետեւ իր վրայ արդեն այնքան ճնշում կար համայնավարներու կողմէ, հաւանաբար մտածեց որ իր օրերը շատ երկար պիտի չըլլային, հետեւաբար տեղապահ նշանակեց Գէորգ Չորէքճեան արքեպիսկոպոսը, որ Մուրադբեկեան կաթողիկոսի մահէն ետքը (ստալինեան օրերուն) որպէս տեղապահ յաջողեցաւ անմիջապէս մեծ ճարտարութեամբ, նոյնիսկ կաշառքներով (պատմագիրը կ’ըսէ) կրցաւ շարք մը եկեղեցիներ ետ առնել համայնավար վարչակարգէն եւ նոյնիսկ յաջողեցաւ ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողով գումարել 1945ին: Լիբանանէն Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանը իր արքեպիսկոպոսներով եկաւ Հայաստան, տեղի ունեցաւ կաթողիկոսակն ընտրութիւնը եւ Գորգ Չորեքչեան արքեպիսկոպոս ընտրուեցաւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. Օծումը կատարեց Գարեգին Առաջին Կաթողիկոս Մեծի Տանն կիլիկիոյ: Նոյն ատէն Գերագոյն Հոգեւոր ժողով տեղի ունեցաւ: Այս միակ ժողովն ուր Կաթողիկոսական ընտրութենէն ետք, Գերագոյն Հոգեւոր ժողով տեղի ունեցաւ պատկարազդու լրջութեամբ: Այդ օրերուն Մայր Աթոռը ոչ մէկ նիւթական օգնութիւն ունէր, Սփիւռքը փակ էր որպէսզի կարենար օգտակար ըլլալ. բայց ձեւով մը]– Աստուածային օրհնութեամբ Մայր Աթոռը պահուեցաւ: Այս տարիներուն եւս հոգեւորականներ աքսորուեցան եւ նահատակուեցան: Ահաւասիկ այս դժնդակ օրերուն էր որ Սփիւռքը ձեւով մը ոտքի կանգնեցաւ եւ ներգաղթեց դէպի հայրենիք, 1946-
ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Բ Համաշխարհային պատերազմէն ետք երբ շարունակուեցաւ Ստալինեան բռնատիրութիւնը, Ի՞նչ եղաւ այդ ժամանակաշրջանին:
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Չորէքչեան Կաթողիկոս զօրաւոր կամքով եկեղեցական մը եղած է: Այս ժամանակ էր որ բացուեցաւ նաեւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, մինչ այդ զօրանոցի վերածուած էին ճեմարանի շէնքերը: Գէորգ Կաթողիկոսը կամաց-կամաց վերականգնեց Մայր Աթոռի հեղինակութիւնը եւ նոյն ատէն ալ սկսաւ հրատարակել, Էջմիածինե ամսագիրը: Այս բոլորը տակաւ առ տակաւ աճելու սկսան մինչեւ Վազգէն Ա.Կաթողիկոս, հակառակ եկեղեցական, հակաքրիստոնէական պրոպագանդային մինչեւ 1989ը, այսինքն Սովետական Միութեան փլուզումը, որ այդքան տխուր ազդեցութիւնը ունեցած էր ամբողջ սերունդի մը վրայ: Ահաւասիկ մէջտեղ եկաւ սերունդ մը անհաւատ, որովհետեւ համայնավարութիւնը կը քարոզէր որ եկեղեցին այլ բան չէ եթէ ոչ՝ երեւակայութիւն մը, ցնդաբանութիւն մը եւ հետամնաց գաղափարախօսութին: Այս տխուր համոզումը արմատացուցին անմեղ երեխաներու մէջ, գրկելով զանոնք Քրիստոսաւանդ սիրոյ ազնիւ զգացումներէն:
ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Ատոր համար ալ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ, որ երկնքի արքայութիւնը մանուկներունն է, այսինքն ան, որ մանուկի հոգու մաքրութեամբ կþընդունի հաւատքը, իսկական հաւատացեալ կը դառնայ:
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Շատ շիտակ է: Ուրեմն սերունդ մը մէջտեղ եկաւ, պիտի չըսեմ որ հակաեկեղեցական էր, այլ չունէր այդ ներքին զօրաւոր զգացումը, կապը եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան նկատմամբ: Այս շրջանին հրապարակ եկան նոր եկեղեցականներ, երբեմն մեր ժողովուրդը կը կարծէ որ եկեղեցականը զամբիւղով երկնքէն իջած է. Եկեղեցականը նոյն այդ ժողովուրդի ծոցէն ծնած անհատ մըն է: Ուրեմն այդ անհաւատութեան եւ անաստուածութեան քարոզախօսութեամբ մեծցած պատանիները, ժամանակի ընթացքին մտան եկեղեցական ,ասպարէզե անշուշտ բացառութիւնները միշտ յարգելի են պրն. Չափարեան, բացի անոնցմէ որոնք արեւմտահայեր էին կամ արդեն եկեղեցականներ էին վաղուց: Բայց այդ սերունդը՝ որ Հայաստան ծնած-մեծցած էր, մտաւ հոգեւոր անդաստանէն ներս որպէս «բիզնես»: Դժբախտաբար այս հոգեբանութիւնն է որ մեր մայր եկեղեցիին այս տխուր օրերուն հասցուց: Մոռցանք այլեւս նուիրում, մոռցանք բոլոր այն հաւատարմութիւնը որ կարդացինք մեր ձեռնադրութեան ժամանակ. Նայեցանք եկեղեցւոյ որպէս առեւտուրի կեդրոն, որպէս եկամուտի շահաբեր աղբիւր: Դժբախտաբար այսօրուայ եկեղեցւոյ գահավիժուած վիճակը իր սնանկացած եկեղեցական-ներով, արդիւնքն է այդ համայնավարներու ցանած սերմերուն:
ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Այսինքն, փոխանակ առաքելութեան զգացումով եւ իսկական կոչումով: Ինձ եւ իմ նմաններուն փոքր տարիքէս Հայկական Քրիստոնէական դասընթացներու ընթացքին դպրոցը կը սորվեցնէին կոչումին իմաստը: Եթէ հոգեւորական մը կոչումին տեր չէ, ապա չի կրնար հոգեւորական դառնալ, չի կրնայ հոգեւոր ծառայ դառնալ եկեղեցիէն ներս:
Իսկ Սովետ Միութեան օրոք ԿԳԲ-ն եւ Սովետական կառավարութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին արդեօ՞ք չգործածեցին որպէս ծխածածկոյթ իրենց գործակալները ներթափանցել տալով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ներս: Եւ այս պարագային հարցը կը վերաբերի յատկապէս այսօրուան Սուրբ Աթոռը բռնազաւթած Գարեգին Բ-ին:
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Ես փաստացի տուեալներ չունիմ ձեռքիս, բայց քանի այս առաքելութենէն ներս եղած եմ , ահաւասիկ 50 տարիէ աւելի կը հետեւիմ եւ շատ մօտէն ծանօթ եմ բոլոր այն եկեղեցականներուն որոնք Մայր Աթոռէն ներս հոգեւոր սնունդ ստացան, ապա արտասահման ղրկուեցան ծառայելու: Դժբախտաբար իրենց բեռնէն լսած եմ որ շատ է թիւը անոնց, յստակ կերպով չեմ կրնար ըսել թէ որոնք ենբայց միշտ կþըսէին որ՝ բոլոր անոնք որոնք Մայր Աթոռէն արտասահման ղրկուեցան ծառայութեան կամ թէկուզ ուսանողութեան պիտակի տակ, ղրկուեցան տեղ մը անպայման որպէս ԿԳԲ-ի սպասաւորներ, գործակալներ (խօսքս համայնավարութեան տարիներու մասին է): Դժբախտաբար
այդ անհատները տակաւին ողջ են եւ շատեր կը գործեն եւ մեր վէրքը սպիանալու այլեւս յոյս չունի, որովհետեւ անոնք որոնք եղած են գործակալներ, չեն կրնար այսուհետեւ ծառայել հաւատարմօրէն Մայր Եկեղե-ցիին, որովհետեւ մինչ այդ ծառայած են մամոնային, իրենց անհատական շահերուն: Եւ մեր ժողովուրդը շատ մօտէն ծանօթ է այս իրողութեան:
ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Ես բազմաթիւ փաստեր ստացած եմ այդ մասին, որ ինչպէս Գարեգին Բն նոյնիսկ Արեւմտեան Գերմանիայէն վտարուած է ԿԳԲ-ի գործակալ ըլլալու յանցանքի վրայ բռնուելով: Մէկ կողմէ Հայաստանեայց Առաք. Եկեղեցին թիրախ դարձած է Սովետ իշխանութեան կողմէ ներթափանցումովը ԿԳԲ-ի հայախօս գործակալներուն, միւս կողմէն ալ նաեւ թիրախ դարձած է Սփիւռքէն ներհոսքի այն վտարուած հոգեւորականներու, որոնք որպես persօna non grata՝ չընդունուած անձնավորութիւններ, ինչպէս Կիլիկեան Միաբանութենէն վտարուածներ են եւ քանի որ այդ ժամանակ Էջմիածնի Աթոռը բաւական դժուարութիւն ունէր հոգեւոր ծառաներ պատրաստելու Սովետական իշխանութեան լուծին տակ, ստիպուած կ՛ընդունէր այդ նկարագիրը խաթարուած հոգեւորականներուն: Անշուշտ Սփիւռքէն վտարուածներու այդ ցանկին մէջը առանց տատանումի կրնամ դնել Արք. Յովնան Տէրտէրեանը, որ այսօր դժբախտաբար անարդարօրէն եւ անարժանաբար կը զբաղեցնէ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդութեան աթոռը: Մեկ տարի առաջ, երբ ես Լիբանան էի, վերստուգեցի եւ վերահաստատուեցաւ այն փաստը]– որ Յովնան Տէրտէրեան Կիլիկեան Սուրբ Աթոռէն վտարուած է սխալ գործունէութեան համար, ապօրինի սեռային կապ ունենալու համար եւ ժխտելով իր կուսակրօնութեան խոստումը:
Դուք ի՞նչ կրնաք ըսել այլ անձնաւորութիւններու մասին:
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Անշուշտ հարցը երկու երես ունի: 1956ին բոլոր անոնք որոնք հեռացան Կիլիկիոյ Աթոռի Միաբանութենէն, անոնց մէջ շատ արժանաւորներ կային եւ անոնց մէջ շատեր Մայր Աթոռի հովանիին տակ գործեցին սփիւռքեան թեմերու մէջ (Անշուշտ Յովնան Տէրտէրեան այդ դրական տարրերէն չէր — խմբ.): Պէտք է ըսել որ բոլոր անոնք որոնք միացան Մայր Աթոռին լաւ դեր կատարեցին, որովհետեւ ինչպէս որ քիչ առաջ ակնարկեցինք, համայնա-վարական այդ տարիներուն եկեղեցական պատրաստելը շատ դժուար էր: Հետեւաբար՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն հեռացածները պէտք է ըսել արժանաւոր դերեր կատարեցին Սփիւռքի զանազան Թեմերէն ներս:
Սակայն նաեւ այդ շրջանին մէջտեղ եկան արեւմտահայերու զաւակներ եւ բնիկ հայաստանցիներ, որոնք մտան վանք, Մայր Աթոռ, այն ակնկալութեամբ որ կրնան իրենց ապահովել երկար եւ մնայուն եկամուտներ ոչ միայն իրենց անձին, այլեւ իրենց ընտանիքներուն եւ շրջապատին համար: Այս տղաքը, նորափետուր վարդապետները, Գարեգին Բ կողմէ անմիջապէս եպիսկոպոս ձեռնադրուեցան զօրացնելու Գարեգինեան խմբակը: Ասոնք]– նախ պէտք է հաւատան իրենց առաքելութեան, իրենց կոչումին, որովհետեւ եկեղեցական ըլլալը նուիրում է եւ ոչ դրամ շահելու ասպարէզ: Այս եպիսկոպոսները ե՞րբ հարստացան, ե՞րբ ,բենթլիներ եւ մերսեդեսներե սկսան քշել: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ այս եկեղեցականներուն սեւեռակէտը դրամն ու կեանքի յաճոյքներ ըլլան: Կը նշանակէ որ անոնք իրենց ուխտին չեն հաւատար, այլ կը հաւատան միայն մամոնային: Եւ ահաւասիկ այսպիսի բարձրաստիճան եպիսկոպոսներ, բանակ մը դարձան Գարեգին Բ-ի շուրջ. անոր պնակէն կշտացողներ` հարուածեցին Մայր Աթոռը եւ բարոյապէս տկարացուցին: Անոր համար է որ այսօր ժողովուրդը անտարբեր է թէ՛ եկեղեցիին եւ թէ՛ եկեղեցականներու նկատմամբ:
ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Վերջերս Transparency International Հայաստանի մասնաճիւղը յայտարարեց, որ իր 2019ի տեղեկատւութեան մէջը, որ «Հայաստանի բնակչութեան 90%ը, ամենէն կոռումպացուած հաստատութիւնը հայկական իրականութիւնէն ներս, Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը համարեն»: Այսինքն, հայ ժողովուրդը այնքան ալ անտարբեր չէ, այլ սրտացաւ է, որովհետեւ մանրամասն կ՛ըսէ, թէ ինչպէս մեր եկեղեցին ամենէն կոռումպացուած հաստատութիւններէն մէկն է:
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Ճիշտ է, ցաւ է ատիկա: Մենք եկեղեցին կրնանք կանգուն պահել մեր Տիրոջ հաւատքով: Եկեղեցի կը նշանակէ ժողովուրդ, իսկ այսօր ժողովուրդի բացակայութիւնը զգալի է: Այսօր ամէն մարդ Տէրը կը փնտռէ, զԱստուած կը փնտռէ, որովհետեւ եկաւ դէմ-հանդիման մահուան: Բայց մենք պէտք չունինք թագաժահրի մը որպէսզի արթննանք եւ փնտրենք մեր Տէրը, մեր Ստեղծիչը: Եթէ անոր գոյութիւնը պիտի չզգանք ամենօրեայ մեր կեանքին մէջ թագաժահրերը մեզի պիտի ստրկացնեն եւ պիտի ձեւով մը հոգեպէս պիտի մահանանք: Այս մէկը պիտի անցնի, բայց ասիկա արթնութեան կոչ պիտի ըլլայ մեր բոլոր եկեղեցւոյ ղեկավարութեան որ իրենց գերագոյնը կատարեն խորանը ժողովուրդին տանելու, որովհետեւ առանց ժողովուրդիեկեղեցին կը մնայ միայն քարաշէն հաստատութիւն մը:
ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Խօսինք մեր ժողովուրդի իրաւապահանջութեան մասին: Բարեբախտաբար Սփիւռքի տարածքին Հայ Եկեղեցւոյ թեմական անդամները, եկեղեցիներու ծխական անդամները, որոնց խոշոր մասը աշխարհականներ են, իրենց իրաւունքի տէրն են: Իսկ ի՞նչ կը վերաբերուի Հայաստանին. քիչ առաջ նշեցիք որ ինչպէս ամբողջ ժողովուրդը, նախկին Սովետի տարածքին երկար ժամանակէ ի վեր զրկուած էր այդ նոյն իրաւունքէն: Եւ նոյնիսկ Transparency International Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար տիկ. Սոնա Այվազեան նշեց ըսելով որ քանի որ Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցին պետութեան վերահսկողութեան չենթարկուիր իր գոյքերու իր եկամուտներու թափանցիկութեան հարցով, առնուազն հաւատացեալները պէտք է վերականգնեն իրենց ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ վերահսկողութեան իրաւունքը:
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ -- Սփիւռքեան թեմական կառոյցները տարբեր են: Այստեղ ալ տարբեր ուժեր կը գործեն այդ առաջնորդները աթոռին վրայ դնելու: Հայաստանէն ներս շատ աւելի վատ է վիճակը, ամէն ինչ կաթողիկոսով կը սկսի եւ կը վերջանայ: Կաթողիկոսն է տէրը ամէն ինչին առանց բացառութեան: Հայաստանի առաջնորդներէն բոլոր իրաւունքները առնուած են. ինքն իր ուզած առաջնորդը կը դնէ ուզած գաւառին կամ ուզած Թեմին մէջ: Եթէ իրեն մտիկ չընես, դուն ասպարէզ չես կրնար ունենալ: Դժբախտաբար
հեղինակազրկուած են եկեղեցականները: Բոլոր անոնք որոնք կրնան քծնիլ կաթողիկոսին տեղ ունին, իսկ անոնք որոնք չեն քծնիր` Գարեգին Բ-ի կողմէ կը հեռացուին:
Շարունակելի…
I believe in democracy and conservative criticism