Կեցցէ՛ք «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ի Խմբագրութեան եւ Գլխ. Խմբ. Աբօ Չափարեան։
Դուք յաղթեցիք («Քօրօնա») «Թագաժահր»ին։ Թոյլ չտուիք որ այս համաճարակը կասեցնէ Ջեր հրատարակչական երթը որ առաջատար ջատագովներէն է ազատ մամուլի եւ ազատ խօսքի նոյնիսկ այս դաժան օրերուն։ Լրագրական գործելաոճը միշտ հաւատարիմ կը պահէք անկողմնակալութեան, անշահախնդրութեանեւ չափազանց ազնւութեան սկզբունքներուն:
Այլ օրաթերթ մը շաբաթներ առաջ խոստացաւ թերթը ընթերցողին հասցնել գոնէ շաբաթը մէկ անգամ, բայց, առանց պատճառաբանութեան, բոլորովին դադրեցուց առաքումը, չեմ կրնար հասկնալ ինչո՞ւ, եւ երբէք չեն պատասխաներ հեռախօսազանգերուն գոնէ սուտ, յօրինուած պատճառներ ըսելու։ Կ՛երեւի իրենց կուսակցութիւնը շատ վախցած է ժահրէն:
Միեւնոյն ճամփան բռնած է նաեւ երեք այլ շաբաթաթերթեր, որ չունիմ արդեն քանի մը շաբաթ եւ հեռաձայնի ալ երբեք չպատասխանեցին: Անոնք ալ կþերեւի շատ վախցած են «Քօրօնայէն»: Բայց ինչու՞ իրենք զիրենք ազգին ղեկավարներ կþուզեն անուանել։ Այս է իրենց ազգին ղեկավար դառնալու ոճը։
Աստուած Ձեզի՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ի Խմբագրութեան եւ Գլխ. Խմբ. Աբօ Չափարեանին առողջ եւ աշխոյժ պահէ։
Միշտ եղած էք ճշտախօս, ուղիղ եւ նուիրեալ աշխատողներ։ Շատ լաւ կը հասկնաք ընթերցողին լուրերու սպասողական վիճակը, ակնկալիքները եւ առաջադրանքները: Աստուած պապան ալ ժահրին քիչ մը խիղճ տայ, որ ձեր կողմերը չի դառնայ:
Առողջ եւ քաջ մնացէք։
Ս.Բ.Մինասեան
Ապրիլ 8. 2020
Լոս Անճելոս, ԱՄՆ