Ապրիլ 14-ին կայացած Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութեան նախնական արդ-իւնքներով՝ նախագահ ընտրուած է «Ազատ Հայրենիք-Քաղաքացի-ական միացեալ դաշինք» կու-սակցութիւններուն կողմէ ներ-կայացուած նախագահի թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեան:
ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յանձ-նաժողովի նախագահ Սրբուհի Ար-զումանեան՝ ներկայացնելով արդ-իւնքները՝ ըսած է, որ Արայիկ Յա-րութիւնեանի օգտին քուէարկած է 39,860 ընտրող կամ ընտրողներուն 88%-ը, իսկ Մասիս Մայիլեանի օգտին՝ 5428 ընտրող կամ ընտրողներուն 12%-ը:
ԿԸՅ նախագահը նշած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան 3784 ձայնով գերազանցած է իր նախկին ցուցանիշը: Ս. Արզումանեան տեղեկացուցած է, որ Արցախի Հանրապե-տութեան մէջ, ընտրական իրաւունք ունի 104,777 ընտրող: Այս թիւին մէջ կը ներառ-ուին նաեւ լրացուցիչ ցուցակին մէջ ընդգրկ-ուած ընտրողները:
Ընդհանուր առմամբ, քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը կը կազմէ 47,165 կամ 45%: Անվաւեր քուէաթերթիկներուն թիւը կը կազմէ 1876 կամ 3.97 %:
ԿԸՅ նախագահին խօսքով՝ Արցախի մէջ կայացած այս ընտրութիւնները կ՝առանձնանան նաեւ այն իրողութեամբ, որ իրականացած են ոչ սովորական, մասնաւորապէս՝ աշխարհը պատուհասած նոր «քորոնա» ժահրի տարածման պայմաններուն մէջ:
Ս. Արզումանեան նշած է, որ ԱՀ Նախագահ ընտրուելու վերաբերեալ վերջնական որոշումը պիտի կայացուի Ապրիլ 21-ին:
