ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Երեքշաբթի, Ապրիլի 13-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ-ՀՀ) մեղադրեց արք. Նաւասարդ Կճոեյանին հայ գործարարի մը հետ‘ 12 միլիոն դոլար ընդհանուր գումար ապօրինի ճանապարհով մէկ այլ ձեռնարկատիրոջ խա-բելու համար:
ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ-ՀՀ) ԳԿԲ-ի եւ «Էֆ.Պի.Այ.»-ի հայկական համարժեքն է:
Թէկուզ յայտարարութեան մէջ անուններ չի կան, այն յստակօրէն կը վերաբերի Աշոտ Սուքիասեանին, որ 2017-ի Դեկտեմբերին դատապարտուած էր այն 10.7 միլիոն դոլարի վարկի մեծ մասը իւրացնելու համար, որ նախկին գործարար գործընկեր՝ Փայլակ Հայրապետեանինն էր որ վերցուցած էր 2012-ին հայկական առեւտրային դրամատունէն: Սուքիասեան խոստացաւ այդ գումարը ներդնել Սիերայ Լեոնի մէջ ադամանդագործական հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ: Ըստ դատախազններու, ան երբեք չէ կատարած այդ գործարքը: Երեւանի շրջանային դատարանը Սուքիասեանին դատապարտեց 16 տարուայ ազատազրկման:
Սուքիասեան ձերբակալուած է Վրաստանի մէջ, արտայանձնուած է Հայաստան եւ 2014-ին մեղադրւած է խարդախութեան, փողերու լուացման եւ հարկերէ խուսափելու համար այն բանէն յետոյ, երբ Hetq.am յայտնաբերեց, որ Հայրապետեանի փողերը փոխանցուած են կիպրոսեան գրանցուած շարք մը ընկերութիւններու օֆշորային բանկային հաշիւներուն: Քննչական հրապարակումով բացայայտուած է փաստաթուղթ մը, որ կը հաստատէ, որ այդ ձեռնարկութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ Սուքիասեանի, այն ժամանակուայ վարչապետ Տիգ-րան Սարգսեանի եւ արք. Կճոյեանի համասեփականութիւնը:
Երկուքն ալ՝ Սարգսեան, որ վարչապետի պաշտօնէն հրաժա-րական տուաւ 2014-ի Ապրիլին, եւ Կճոյեան կտրականապէս հերքեցին ընկերութեան մէջ որեւէ բաժին ունենալու մասինըսելով, որ ան գրանցուած է անոնց անուններով Կիպրոսի մէջ
առանց իրենց իմացութեան: Երկուքն ալ կը պնդէին, որ իրէնց ստորագրութիւնները կեղծուած են:
ԱԱԾ-ի յայտարարութեան մէջ կþըսուի, որ Գարեգին Բ-ի, Յովնան Տէրտէրեանի, Սինան Սինանեանի, Պերճ Սեդրակեանի եւ փաստաբան Ժոզէֆ Կանիմեանի համախոհ Կճոյեան, որ կը ղեկավարէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամենամեծ Թեմը, որը կþընդգրկէ Էջմիածինը, Երեւանը եւ Արարատի մարզի հարաւային շրջանը, 33 տոկոսի բաժին ունի «օֆշորային» ընկերութեան մէջ: Այնտեղ կþըսուի, որ ան համոզած է Սուքիասեանին թաքցնել իր ներգրաւուածութիւնը այս խարդախ-ութեան մէջ:
Հինգշաբթի Կճոյեանը փաստաբանի միջոցով հերքեց իրեն առաջադրուած մեղադրանքները. «Թող ներկայացնեն մէկ ապացոյց, որ արքեպիսկոպոսին առաջարկուած է կամ այդ գումարէն տրուած է մէկ կոպեկ» «Ազատութիւն» ռադիոկայանի հայկական ծառայութեան ըսաւ փաստաբան Հովիկ Արսէնեան:
Բայց շատ հաւատացեալներ հարց կու տան. «Ինչպե՞ս կրնայ փոքր աշխատավարձ ունեցող կղերական մը միջոցներ ունենալ, Բենթլի եւ այլ շքեղ մեքենաներ ունենալու համար»։ Ուրիշներուն ալ զարմանք կը պատճառէ այն, որ «Կճոյեանը շրջանի մէջ, քաղաքով մէկ, իր կողքին բեռնուած ատրճանակով կը տեղափոխուի: Ան իրո՞ք հոգեւոր սպասա-ւոր է, Աստուծոյ մարդ է, թէ՞ ան պարզապէս այլ աւազակապետ մը»։
Կը հաղորդուի որ 1970-ականներու վերջերէն մինչեւ 1980-ականներու սկզբին, որպէս ԳԿԲ-ի գաղտնի գործակալ, սակայն համալսարանական «ուսանողի» եւ «Հայ եկեղեցւոյ կուսակրօն քահանայի» ծխածածկոյթի տակ, Կճոյեանի եւ Յովնան Տէրտէրեանի զինակից՝ Գարեգին Բ-ն դանակահարած էր անմեղ մարդու մը Աւստրիոյ մէջ: Յետոյ Խորհրդային ԳԿԲ-ն անոր տարած է Գերմանիա: Յաջորդ օրը, ան գիշերով դէպի Հայաստանի նախկին Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետու-թիւն փախած է:
Արք. Կճոյեանի Ապրիլ 13-ի մեղադրական եզրակացութեան սխալ արձագանքելու մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահի ներկայ զաւթողը՝ Գարեգին Բ-ն դիմած է զարմանալի հակաքայլի մը ընդդէմ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան՝ պահանջելով ազատել բանտարկուած նախկին Նախագահ Քոչարեանին հիմնա-ւորուած ներկայ համաշխարհային «Coronavirus» թագաժահրի համա-ճարակի պատրուակով: Անոր այս վերջին խաղը դիմաւորուեցաւ խիստ քննադատութեամբ Վարչապետ Փաշինեանի գրասենեակէն: Այն նաեւ իր դէմ հանեց հասարակական լայն զանգուածներ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ կայծ տուաւ ամբողջ աշխարհի Փաշինեանի քաղաքական զօրակիցներուն եւ աջակիցներու մօտ զայրոյթի ալիքին:
Մեկնաբանութեամբ ելոյթ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ քարտուղար Մանէ Գեւորգեան. «Նախ եւ առաջ յիշեցնենք, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական ծառայութեան ղեկավար երեց Վահրամ Մելիքեանը մինչ օրս եղել է Սամուէլ Մայրապետեանի (Հայկական երկրորդ հեռուստաալիքի սեփականատէր) անձնական երաշխաւորը, որը Ռոբերտ Քոչարեանի հետ միասին մեղադրւում է 2008թ. Մարտի 1-ի գործով: Մայրապետեանը 2019-ի Յունուարին բուժման պատրուակով հեռացել է երկրէն եւ չնայած քննչական մարմնի պահանջներուն եւ Վահրամ Մելիքեանի երաշխիքներուն՝ չի վերադարձել Հայաստան: Հայաստանի կառավարութիւնը որեւէ կերպ չի մեկնաբանում Նորին Սրբութեան ցանկութիւններն ու յոյսերը: Միեւնոյն ժամանակ, ակնկալում ենք, որ Սբ. Էջմիածինը կը վերանայի Մայրապետեանին երաշխաւորելու պատմութիւնը եւ դրայ արդիւնքում ստեղծուած իրավիճակը»:
Միեւնոյն ժամանակ, ՀՀ խորհրդարանի փոխ-խօսնակ Ալեն Սիմոնեան ֆեյսբուքեան իր էջին մէջ գրած է՝ ըսելով, որ «Հայաստանի հազարաւոր քաղաքացիներ արդեն երկար ժամանակ է, ինչ կարեւոր են համարում Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի փոփոխութեան հարցը»:
«Կարծում եմ, որ քաղաքացի Կտրիճ Ներսիս-եանը, որը տասնամեակներ շարունակ լռել է, այսօր՝ արդեն նոր իրավիճակի պայմաններում կարող է դատարանում ազատ հանդէս գալ որպէս երաշխաւոր Ռոբերտ Քոչարեանի նկատմամբ խափանման միջոցի փոփոխման համար, եւ գումար էլ դրա համար, կարծում եմ կը գտնուի»- գրած է Ալեն Սիմոնեան:
Արք. Կճոյեանի հաւանական զանգուածային գողութիւնները մեկուսացուած դէպքեր չեն: «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ի շատ ընթերցողներ այժմ կը գիտակցին, որ Կճոյեան եւ արք. Յովնան Տէրտերեան, Գարեգին Բ-ի հետ միասին, միջազգային բազմաթիւ տասնամ-եակներով գործող միջազգային յանցագործական կլանի առաջատար անդամներն են՝ Հայ եկեղեցւոյ ներկայ կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, որուն կեդրոնը Հայաստանն է եւ ան ունի աշխարհի շուրջ արբանեակային թեմեր:
Մինչ Կճոյեան, ըստ հաղորդագրութեան, դաւադ-րութեան մեղսակից եղած է խաբելու «ընկերոջը» 12 միլիոն տոլարի խոշոր գումարէն, Լոս Անջելեսի Տէրտէրեանը իր Թեմի բանբեր՝ Մանուկ քհն. Մարգարեանին հետ միասին՝ Մարգարեանի որդին՝ Արեւմտեան Թեմի տնօրէն Յարութ Մարգարեանին հետ դաւադրեցին միլիոնաւոր տոլարներու գումարներով խարդախել տարբեր բարերարներու:
Բացի այդ, Տէրտէրեան Գանատայէն վտարլուելէ առաջ հազարաւոր տոլարներ իւրացուց Գանադահայ օգնութեան ֆոնդէն, որ յատկացուած էր Հայաստանի եւ Արցախի հայ որբերու եւ այրիներու օժանդակելու համար:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴԵՌԵՒՍ «ԲԱՆԱՆԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ» ՉԷ, ԱՅԼ՝ ՄԻԱՑ-ԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆՄԱՆ, ԿԵՍՆՈՒՆԱԿ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ։
Միացեալ Նահանգներու մԷջ՝ ինչպէս այժմ շատ ընթերցողներ տեղեակ են, վերջին մի քանի տարիներուն, երբ շարք մը նեխած կաթողիկէ եկեղեցականներ մեղադրւուած էին երեխաներու չարաշահման համար, Ամերիկայի կառավարութիւնն իր գործող դատական համակարգի միջոցով կը պաշտպանէր իր քաղաքացիներուն ընդդէմ նեխած հոգեւորականներու:
Այլ դէպքերու մէջ, երբ Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Տէրտէրեան երրեակը (արք. Տէրտէրեան, Մարգարեան քհն. եւ իր որդի Մարգարեան) կը մեղադրուէր միլիոնաւոր տոլարներով խարդախել խոշոր բարերարներուն, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եկաւ պաշտպանելու իր քաղաքացիներու քաղաքացիական իրաւունքները Ամերիկեան դատարաններու մէջ արդար դատավարութիւններու ճանապարհով եւ իր քաղաքացիներու նկատմամբ կատարելով իր պարտականութիւնները: Արդիւնքը.
- Կաթողիկէ ԵԿԵՂԵՒՈՅ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ, Եկեղեցին կորսնցուց բազմաթիւ քրէական գործեր: Հազարաւոր չարաշահուած անմեղ երեխաներ եւ անոնց ընտանիքները, որոնք զոհուած էին, հասան արդարութեան եւ փոխհատուցում ստացան ու մեղաւորները բանտ ուղարկուեցան։
- ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՒՈՅ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ-ՄԱՐՔԱՐԵԱՆ-ՄԱՐՔԱՐԵԱՆ ԵՐՐԵԱԿԸ կորսնցուց երկու հիմնական քաղաքացիական դատեր եւ ենթարկուեցաւ պատժիչ վնասներու.
1) 2005ի դէպքին մէջ, Արեւմտեան Թեմ ընդդէմ Ալավջեան Քեյթրինգ (գործի համարը՝ BC316046), դատավորը, Տէրտէրեանի Արեւմտեան Թեմը պատասխանատւութեան ենթարկեց եւ մեղաւորի վճիռ արձակեց թեմին դէմ եւ ֆինանսական հանցանքի պատճառով տուգանեց.
2) 2019-ի դէպքին մէջ Արեւմտեան Թեմ ընդդէմ Պետրոս Տաղլեան (Գործի համարը՝ 18STCV02144), դատավորը Տէրտէրեան եւ Մարգարեաններու Արեւմտեան Թեմը համարեց պատասխանատու եւ մեղավոր: Երկու դատական դէպքերուն Թեմը կորուստի ենթարկուեցաւ հարիւր հազարաւոր տոլարներու եւ այդ գումարները հաւատացեալներու նուիրատւութիւններու փողերէն վատնուեցան:
Երբ ամերիկեան դատական համակարգը կը գործադրէ արդարադատութիւնը՝ ծառայելով իր բոլոր քաղաքացիներուն՝ առանց խտրականութեան, ոչ մէկ անձ կամ խմբաւորում իրաւունք չունի եւ չի կրնար ամբաստանել Ամերիկեան կառավարութեան կրօնական հալածանքի մէջ: Քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ, ոչ մէկ մարդ այդպիսի տխմար ամբաստանութիւն չþըներ, քաջ գիտակցելով, որ ծիծաղի արարկայ կրնայ դառնալ: Նոյն պատկերացմամբ, ոչ ոք պէտք չէ յիմարօրէն ամբաստանէ Հայաստանի ներկայ՝ Փաշինեանի վարչակազմին «Հայ եկեղեցւոյ դէմ իբրեւ թէ հալածանք կը գործէ», երբ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները ընդամենը յստակօրէն կը կատարեն իրէնց պարտականութիւնները՝ ի ծառայութիւն օրէնքի եւ կարգ ու կանոնի վերահաստատման եւ պահպանման:
Վերջին մի քանի օրերու ընթացքին, Հայաստանի, Գանատայի, Ֆրանսայի տարբեր Թեմերու շարք մը «գարեգինախամաճիկներ» կամ Գարեգին Բ-ի տիկնիկներ եւ կլանակիցներ, որոնք վհոյկային արշաւ սկսած են Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ Ալեն Սիմոնեանի դէմ, պարզապէս այն պատճառով, որ պարոն Սիմոնեան քաջութիւնը եւ մտքի լուսաւորութիւնը ունեցաւ պահպանելու եւ պաշտպանելու Օրէնքի Գերակայութիւնը:
Գարեգին Բ-ի այս բանբերները թիւր կարծիք է որ կը յայտնեն, երբ անոնք պրն. Սիմոնեանի արդար եւ առողջ քննադատութիւնը Գարեգին Բ-ին, կը պիտակաւորեն որպէս «յարձակում Հայ Եկեղեցւոյ դէմ»: Այս տարրերը միջազգային հանցաւոր համացանցի մասնիկներ են որոնք համախմբուած են Գարեգին Բ կաթողիկոսի (Հայաստան), արք. Յովնան Տէրտէրեանի (Արեւմտեան ԱՄՆ) եւ Արք. Եզրաս Ներսիսեան (Մոսկուայ, Ռուսաստան)՝ յետ-խորհրդային ժամանակաշրջանի հայ եկեղեցւոյ մէջ կը միտին հավերժացնել համատարած նեխուածութիւնն ու «ԽԾԲ»ութիւնը («նեպոտիզմը»):
Շատեր համաձայն են, որ պրն. Սիմոնեան ճիշտ է որ կը նշէ, որ «պէտք է յարգել ժողովուրդի կամքը»: Ըստ հաղորդումի մը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերու աւելի քան 89%-ը կը մերժէ Գարեգին Բ-ին եւ անոր կլանին եւ կը պահանջէ կլանի «մաֆիոզներու» առաջնորդ՝ Գարեգին Բ-ի հրաժարականը:
Գարեգին Բ-ի կլանաւորներուն պէտք է յիշեցնել, որ Վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ յետ-«Թաւշեայ Յեղափոխութեան» Հայաստանը այլեւս «բանանային հանրապետութիւն չէ»։ Այլ կենսունակ ժոզովրդավարութիւն մըն է որ արագընթաց իր ճամբան կը շարունակէ դէպի 22-րդ դար։ Այժմ, դէպի միջնադար հետ քայլ կատարելու փոխարէն, Հայ Եկեղեցին, Հայաստանի եւ եւ Նախկին Խորհրդային տարածքի մէջ պէտք է վերահաստատէ ազատ աշխարհի մէջ գործող հայկական եկեղեցիներու նման, մասնավորապէս` Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ այլ ժողովրդավարութիւններու մէջ, գործող հայկական եկեղեցիներու նման եկեղեցական օրէնդրութիւնը կամ սահմանադրութիւնը աշխարհականներուն լիազօրելով տնօրինել իւրաքանչիւր եկեղեցական համայնքի կամ ծուխի ինչպէս եւ՝ թեմական առաջնորդի ճակատագիրը ազատ ընտրութեան ճանապարհով:
1921-1991 Խորհրդային Կոմունիստական վարչակարգի օրոք Հայաստանը եւ Հայ Եկեղեցին կորսնցուցին իրենց անկախութիւնը: Սովետական ԳԿԲ-ի ներքոյ՝ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալները կորսնցուցին իրենց քաղաքացիական-եկեղեցական համայնքային իրաւունքները։ Հիմա իրենց իրաւունքն է վերականգնել իրենց բոլոր լիազօրութիւնները ըստ ազատ աշխարհի Հայ Եկեղեցւոյ օրէնսդրութ-եան(Սահմանադրութեան):
«Հայ Կեանք»ի բազմաթիւ ընթերցողներ լաւապէս կրնան յիշել յօդուած մը, որ այս հեղինակը գրած էր 2018-ին՝ որ խորագրուած էր «Արդէօ՞ք Յովնան Տէրտէրեան խոշոր (հայկական սփիւռքի թալանի) ծրագրի մաս՞ կը կազմէ»։
Թափանցիկութեան եւ հաշուետւողականութեան համար լաւ կþըլլայ, եթէ արտաքին հեղինակաւոր հաշուահետազօտական հաշուեքննիչ ընկերութիւն մը անաչար հաշուեքննութիւն կատարէ Մայր Աթոռի բոլոր ֆինանսներու մէջ: Ինչպէս ազատ աշխարհի՝ նոյնպէս եւ հայրենի Ժողովուրդին իրաւունքն է։
Ինչու՞ հիմա «Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգում», «Նոր Հայաստան-Նոր Կաթողիկոս» եւ «Արեւմտեան Թեմը Տէրտէրեանէն Փրկելու» շարժումները իրատեսական հնարաւորութիւն ունին այժմ յաջողութեան հասնելու:
Պատճառը այն է, որ հանրային իրազեկութիւնը ինչպէս Հայաստանի մէջ, նոյնպէս ալ Սփիւռքի մէջ նոր բարձունքներու հասած է։ Պատմական պահը հնչած է։
2018-ի «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը», որ տասնամեակներէ վեր փոքր քայլերով առաջ կը մղուէր վերջապէս յաջողութեան հասաւ, հիմնականին մէջ ուժեղացնելով հանրային իրազեկուածութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ իրերայաջորդ կառավարութիւններու մէջ շարունակուղ «կոռուպցիան» խեղդելու համար: Յաջողութիւնը հասաւ այն ժամանակ, երբ Հայաստանի ժողովուրդը իր ուժերը միացրուց հզօր Սփիւռքի հետ, որն ակտիւօրէն զօրակցեցաւ եւ աջակցեցաւ ժողովրդական բարեփոխումներու շարժման:
Նեխածութիւնը արմատախիլ ընելու յարթակին վրայ իշխանութեան գալէն ի վեր Փաշինեանի կառավարութիւնը հաւանաբար գերբեռցուած էր բազմապիսի խնդրու եւ շարունակուող լայնատարած նեխածու-թեան լուծման պատճառով: Վարչապետ Փաշինեանի վերահսկողու-թեան ներքեւ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ-ՀՀ) դանդաղ բայց հաստատ քայլերով գնաց առաջ, եւ ուշագրաւօրէն անոնք շարունակեցին ընդլայնել յետաքննութիւնը նեխած գործարքներու վերաբերեալ:
Ներկայ խոստումնալի զարգացումներու նախադրեալը եկաւ 2019-ի Սեպտեմբերին, Լոս Անջելեսի մէջ, երբ Վարչապետ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ ԶՕՐԱՒՈՐ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ ՏԻՐՈՂ ՆԵԽԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ։
Ի պատասխան Լոս Անջելեսի մէջ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ի հարցումին]– Վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց որ «եթէ կոռումպացուած Հայ եկեղեցական հոգեւորականները փորձեն թուլացնել հայկական պետութիւնը, ապայ անոնց ծնկի են իջնելու»:
Վարչապետ Փաշինեան Լոս Անջելեսի մէջ իմաստունօրէն ընդգծեց, որ «Հայ եկեղեցական համայնքը, իր ծխական կառավարման կառուց-ւածքով, պէտք է շարունակի իր ընթացքը: … Բայց եթէ եկեղեցին (ժողովուրդը) զգում է կառավարութեան օգնութեան անհրաժեշ-տութիւնը, ապայ կառավարութիւնը պէտք է քայլ անի»։
Այժմ, երբ հակակրօնական սովետական բռնատիրական ռեժիմը պատմութեան անցած է, ազատ եւ անկախ հայկական պետութիւնը լիազօրուած է պաշտպանելու իր քաղաքացիներուն‘ Հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալ անդամներու իրաւունքները իրէնց կամքը կատարելու համար որ կրնայ ձգտիլ իրականացնել Գարեգին Բ-ի, Կճոյեանին եւ իրենց միւս կլանակիցներուն հրաժարականը եւ հեռացումը: