Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան կարճ զրոյց ունեցած է ռուսական «Քոմերսանթ» թերթին հետ, որ նշած է, թէ վերջին օրերուն տարբեր անդրադարձներ կատարուած են Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ լուծման շուրջ, որոնց մէջ նշուած է լուծման փուլային մօտեցման մասին: Թերթը խնդրած է Նաղդալեանէն պարզաբանել, որ 15 ապրիլ 2019-ի հանդիպման արդեօք քննարկուա՞ծ են փաստաթուղթեր, որոնք կ’ենթադրեն ղարաբաղեան լուծման փուլային տարբերակ, իսկ ատոր վերաբերեալ ի՞նչ դիրքորոշում արտայայտած է հայկական կողմը, ի՞նչ է Հայաստանի ներկայի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին նկատմամբ:
Աննա Նաղդալեան պատասխանած է, որ 15 ապրիլ 2019-ի հանդիպման արդիւնքները ձեւակերպուած են Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միացեալ յայտարարութեան մէջ, ուր կ’ուրուագծուի բանակցութիւններու շրջանակը եւ չի ներառուիր որեւէ յղում կամ նոյնիսկ ակնարկ կարգաւորման փուլային տարբերակի մասին:
Ան շեշտած է, որ հայկական կողմերուն համար ընդունելի չէ կարգաւորման որեւէ տարբերակ, որ չի նախատեսեր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի առանց որեւէ սահմանափակման իրականացումը եւ կրնայ վտանգել Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը:
