Ապրիլ 22, 2020
Վերատեսուած՝ Ապրիլ 23, 2020

Շուրջ երկու տարիներէ ի վեր, շնորհիւ Նոր Հայաստան Նոր Հայրապետ նախաձեռնութեան, ջուրին երես ելաւ որոշ իրականութիւն մը, որ ամբողջ աշխարհով մէկ ժողովրդականացաւ։

Թիրա՞խը, Մայր Աթոռի ներկայ գահակալն էր, որ երեսուն արծաթի կաշառքով բազմեցաւ Ս. Լուսաւորչի գահին։

Այս առթիւ, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակները ափսոսանքով լսեցին, կարդացին ու իրազեկ դարձան, վերջին քսանամեակին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կատարուած, ոտնձգութիւններուն, քմահաճ ու հակականոնական որոշումներուն։ Անարդար իլոնազրկումներուն։

Նիւթական զեղծարարութիւններուն, անհաշիւ մսխումներուն, խնամիական կապերուն։ Եկեղեցին քաղաքականացնելնուն։

Այս բոլորը ու տակաւին շատ այլ տխուր երեւոյթներ, որուն մասին շատ ու շատ գրուեցաւ ու խօսուեցաւ գրաւոր մամուլի, հեռատեսիլի, դիմատետրի ու այլ լրատուական միջոցներով։

Անշուշտ ու շատ բնական է, որ նաեւ ասպարէզ իջնեն պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսացող մարդիկ, առաջնորդուած իրենց անձնական, գաղափարական, կուակցական շահերէն։ Փորձեցին ու տակաւին կըկը շարունակեն այդ ընթացքի մէջ մնալ, առարկելով, որ այս շարժումը, ժողովրդային պոռթկումը՝ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ դէմ է։

Օրինակները բազմաթիւ են, սակայն առ այժմ ու ցաւօք սրտիւ, պիտի անդրադառնամ, Պոսթոն, Մէսէչուսեցի, Մոնթրէալ, Քանատայի մէջ լոյս տեսած ՌԱԿի մայր կուսակցութենէն բաժանուած՝ “Պայքար” եւ “Ապագայ” շաբաթերթերու այն տղայական “Խմբագրականներուն”, որոնք մերթ ընդ մերթ անդրադառնալով Սուրբ Էջմիածնի գահակալին շուրջ ստեղծուած կացութեան, արուեստականօրէն կը վերագրեն որպէս պայքար, Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը վարկաբեկելու իրենց մաշած յանկերգին, հետեւեալը կը գրեն. “Բարեբախտաբար դեռ կան ողջախոհ մարդիկ, պաշտօնական դիրքերու վրայ թէ հասարակութեան մէջ, որոնք զարմացած են եւ գուցէ նաեւ ահաբեկած որ հայրապետին այս պարզ արտայայտութիւնը կարելի՞ է այսքան քաղաքականացնել։

Զարմանալի երեւոյթը այն է թէ այս իրարանցումին մէջ հանդէս կու գայ նաեւ Դաշնակցութիւնը ի պաշտշանութիւն Էջմիածնի Հայրապետին, 1956էն ի վեր պայքարելէ վերջ Մայր Աթոռի դէմ”։ “Պայքար” Ապրիլ 19, 2020.

Նախ ըսեմ, որ այս տողերը գրողս նպատակ չունի ոչ Դաշնակցութիւնը պաշտպանելու, եւ ոչ ալ որեւէ կուսակցութիւն եւ կամ կազմակերպութիւն։ Անոնք կրնան իրենք զիրենք լաւագոյնս պաշտպանել։

Ու աւելցնեմ, որ 1956էն ի վեր, Դաշնակցութիւնը չի պայքարեցաւ Մայր Աթոռի դէմ, այլ՝ պոլշովիկեան մենատիրութեան դէմ։ Եթէ այսքանը չէք գիտեր, ամօ՜թ ձեզ։

Այլ խօսքով, Եթէ Դաշնակցութիւնը արթուն չի հսկէր արտասահմանեան կեանքին վրայ, 1956էն մինչեւ 1991, ձեր իսկ կուսակցութեան, ու Սովետի ջաղացքին ջուր լեցնող այսպէս կոչուած “յառաջդիմական ճակատ”ի շնորհիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ալ պիտի իյնար պոլշովիկեան ճանկերուն մէջ։

Միշտ ալ պատնէշի վրայ գտնուող Դաշնակցութիւնը երբէք ու երբէք դէմ չէ եղած Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ ընդհանրապէս ու Մայր Աթոռի հանդէպ մասնաւորաբար։

Իսկ դուք յարգելիներ, 1956էն մինչեւ ցայսօր, դէմ էք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անոր շնորհազարդ գահակալներուն։

Հետեւաբար, հարցում մը կ՛արթննայ մտքիս մէջ։ ԳԱՀԸ՞, թէ՛ ԳԱՀԱԿԱԼԸ։

Ու եթէ որոշենք ձեզ նման մտածել, ուրեմն յիշեցումի կարգով նաեւ պէտք է աւելցնեմ, որ դժբախտաբար, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատարիմ զաւակները մտահան չեն կրնար ընել, 1956ի դէպքերու առիթով “յառաջդիմական ճակատի փափկասուն տիկնաց քաջագործութիւններ”ը, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ կատարուած։

Նոր Հայաստան Նոր Հայրապետ նախաձեռնութեան թիրախը, գահակալն է, եւ ոչ թէ գահը։

Ինչ կը վերաբերի ձեր վերաբերմունքին, պէտք է ըսել, որ դուք մտքով սնանկացած էք ու ինչպէս կ՛ըսուի “Երբ մէկը սնանկանայ, հին տէֆթէրները կը բանայ”։

Յարգանքներով՝
Անթօ Սահակ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *