Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն յայ-տարարութիւն հրապարակած է Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչ-ման առիթովակնարկելով, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպա-նութիւնը: «Այսօր մենք կը յիշենք Մեծ Եղեռնի Հայոց ցեղա-սպանութեան ժամանակ հայ ժողովուրդի ապրած վայրա-գութիւնները: 1915¬1923 թուականներուն շուրջ երկու միլիոն հայ տեղահանուած է եւ 1,5 միլիոն տղամարդիկ, կանայք եւ երեխաններ սպաննուած են: Յոյներ, ասորիներ, սուրիացիներ եւ այլ քրիստոնեաներ նոյնպէս յայտնուած են թիրախին մէջ: Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք կամ լուռ մնանք բնաջնջման այս սարսափելի եւ համակարգուած արշաւի մասին: Եւ մենք պէտք է յաւերժ յարգենք հայ ժողովուրդին հաստատակամութիւնը:
«Յատկապէս կարեւոր է ըսել այս բառերը եւ ոգեկոչել պատմութիւնը այն պահուն, երբ ամէն օր մեզ կը յիշեցնեն ճշմարտութեան ուժին, ինչպէս նաեւ ատելութեան դէմ կանգնելու մեր միասնական պատասխանատուութեան մասին, որովհետեւ լռութիւնը յանցակցութիւն է: Եթէ մենք ամբողջովին պիտի ընկալենք, չոգեկոչենք եւ չուսուցանենք երեխաները ցեղասպանութեան մասին, «այլեւս երբե՛ք» բառերը կը կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը: Փաստերը պէտք է յստակ ու նոյնքան ալ հզօր ըլլան հետագայ սերունդներու համար: Ձախողելով յիշել ցեղասպա-նութիւնը կամ անոր գործուած ըլլալուն գիտակցութիւնը չունենալով` մենք ուղի կը հարթենք ապագայ զանգուածային վայրագութիւններու համար:
«Ծերակոյտի մէջ աշխատած տարիներուս ես հպարտութեամբ կ՛առաջնորդէի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած ջանքերը: Անցեալ տարի հաւանութիւն տուի Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի մէջ որդեգրման երկկուսակցական օրէնսդրութեան, որով պաշտօնապէս կը ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եթէ ընտրուիմ, կը խոստանամ աջակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի յառաջխաղացման եւ իմ վարչակազմիս համար գլխաւոր առաջնահերթութիւն դարձնել համամարդկային մարդու իրաւունքները: Ես կանգնած եմ բոլոր հայերու եւ ամերիկահայ համայնքի կողքին, որ մեծապէս նպաստած է մեր երկիրին», կ՛ըսուի Պայտընի յայտարարութեան մէջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *