Այսoր Սփիւռքը խառնաշփոթ պատկեր մը կը պարզէ: Աւանդական Սփիւռքին եկաւ միանալու նոր սփիւռքը եւ այսօր փաստօրէն մեր գաղութներուն կը պակսի ներքին ներդաշնակութեան ու կազմակերպուածութեան առաւել ամրացումը: Սփիւռքի կազմակերպումը ես կը նկատեմ առաջնահերթ եւ ճիշդ անոր համար շուրջ երկու տարիներ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սկսաւ թեմերու կազմակերպման հաւաքական աշխատանքին:
Իմ հայեցակէտով այս գործընթացքը պէտք է կատարուի հանգրուանային կերպով՝ նախ թեմական շրջագծէն ներս, ապա յիշեալ գործընթացքին կազմա-կերպութիւններու ու միութիւններու ներառումով: Սա դիւրին աշխատանք մը չէ. ան կ՚ենթադրէ իրապաշտ ծրագրում ու հաւաքական մասնակցութիւն: Մեր թեմերը արդէն իսկ սկսած են այս աշխատանքին»:
Հարցումի մը պատասխանելով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ «Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման գծով եկեղեցւոյ կողքին երեք կուսակցութիւններու դերը առանցքային է: Այս մասին մի քանի առիթներով անդրադարձած եմ: Հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը սփիւռք է: Սփիւռքը հետզհետէ, եւ դժբախտաբար, կը ծաւալի ու կ՚ընդարձակուի: Հարկ է արագ շար-ժինք. երեք կուսակցութիւններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու մասնակցու-թեամբ անհրաժեշտ է համասփիւռքեան համագումար մը կազմակերպել:
Այս մասին խօսած եմ կուսակցական պատասխանատուներուն հետ: Յաճախ կը կրկնենք թէ՝ Հայաստանի հզօրացումը կ՚ենթադրէ Սփիւռքի հզօրացումը եւ՝ փոխադարձաբար: Սա պէտք չէ սոսկ լոզունգ մնայ, այլ՝ դառնայ յանձնառութիւն, ծրագրում ու գործընթացք: Անցնող տարիներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յաջորդական համագումարներ կազմակերպեց Սփիւռքի կրթական, մշակութային, հոգեւոր բնագաւարներուն առնչուած : Այս շարքին վերջին համագումարն էր.- ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ: Սա տեսական հարցադրում մը չէ, այլ՝ գոյութենական: Հայու ինքնաճանաչումը Սփիւռքին մէջ սկսած է իր արմատներէն, առանցքէն ու շրջագիծէն հեռանալ եւ գունաթափիլ ու դառնալ փխրուն: Ահա թէ ինչու, կը կրկնեմ, Սփիւռքի վերակազմակերպումը կը նկատեմ էական ու անյետաձգելի: Օր մը կարելի է նաեւ առանձնաբար խօսիլ Սփիւռքի վերակազմակերպման մօտեցումներուն եւ առնչակից այլ երեւոյթներուն մասին»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *