ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 2ՐԴ ԾՐԱԳԻՐԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ Է
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւնները, համագործակցութեամբ դաշնակցային իշխանութիւններուն հետ, կարիքաւոր տարեցներու յատուկ ուտեստեղէնի ապահովման ծրագիր մը մէջտեղ կը բերեն, «Քորոնա» ժահրէն տուժած նահանգին ճաշարանները եւս մասնակից դարձնելով անոր։
Տարեցներուն օրական երեք անգամ ճաշ պիտի տրամադրուի ճաշարաններու մէջ (միչեւ 16 տոլարի՝ նախաճաշ, միչեւ 17 տոլարի՝ կէսօրուան ճաշ եւ միչեւ 28 տոլարի՝ ընթրիք)։
Ծրագիրը պիտի իրականացուի գաւառներու իշխանութիւններուն կողմէ։ Ծրագիրէն կրնան օգտուիլ անոնք, որոնք տարեկան 76,000 տոլարէն նուազ եկամուտ ունին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրելի են՝ https://covid19.ca.gov/restaurants-deliver-home-meals-for-seniors/ կայքէջին վրայ։
Միւս կողմէ, Երկուշաբթի օր սկսան ընդունուիլ փոքրածաւալ գործարարութիւն ընողներու յատուկ նպաստներու եւ վարկերու դիմումները։ Նախորդ ծրարին համար նկատի առնուած մօտաւորապէս 350 միլիառ տոլարը սպառած էր 13 օրէն, եւ անցեալ շաբաթ Քոնկրեսին կողմէ վաւերացուած ծրարով յաւելեալ 310 միլիառ տոլար յատկացուեցաւ այս նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է նեցուկ կագնիլ գործարարներուն եւ քաջալերել անոնց, որ պաշտօնազրկումներու չդիմեն։
Նուազ քան 500 պաշտօնեաներ ունեցող հաստատութիւններուն տրամադրուած վարկը պիտի ներուի, եթէ անոնք առնուազն 8 շաբաթ գործէ չարձակեն իրենց պաշտօնեաները։
Դիմումներ կատարելու համար այցելել https://www.sba.gov/disaster-assistance/coronavirus-covid-19 կայքէջը։
Նաեւ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 29 Ապրիլի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած քաղաքացիներէն 29 եւս մահացած են գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակա-հատուածին արձանագրուած են վարակման 900 նոր պարագաներ։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 20,417 վարակումներ եւ 942 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւն-ները կը շարունակեն բազմանալ եւ կը մօտենան 124,000ի։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են աւելի քան 45,000 վարակումներ եւ մօտաւորապէս 1800 մահեր։