Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Իրանի Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ` նախ զայն շնորհաւորելով Ռամատանի տօնին առիթով:
Զրուցակիցները տեղեկատուութիւն փոխանակեցին «Քորոնա»-ի համաճարակին վերաբերեալ իրենց երկիրներուն մէջ տիրող իրավիճակին եւ անոր դէմ պայքարի առումով ձեռնարկուող քայլերուն մասին: Անոնք երկուստեք ցաւակցութիւն յայտնեցին համաճարակին պատճառով մահացածներուն համար: Նշուեցաւ, որ մարդկութիւնը պատուհասած այս վտանգին դիմակայելու համար շատ կարեւոր է միջազգային հանրութեան միասնական ջանքերու գործադրութիւնն ու երկկողմանի համագործակցութիւնը:
Կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին, որ, հակառակ հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ ժամանակաւոր սահմանափակումներուն, երկու երկիրները կը շարունակեն առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին այդ ուղղութեամբ հետագայ քայլերու ձեռնարկումը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Հասան Ռուհանի մասնաւորապէս ընդգծեցին առեւտրատնտեսական համագործակցութեան նախաճգնաժամային ծաւալներու վերականգնման նպատակով համապատասխան միջոցներու ձեռնարկման պատրաստակամութիւնը` պահպանելով ստեղծուած իրավիճակին պատճառով պարտադրուած սահմանափակումները: