Եպիսկոպոսական զարդ, տեսակ մը մեծ ու պատատեալ ուրար, աւելի ուղիղ հնչմամբ ոմոփորոն, որ է ուսանոց, բոլոր զգեստներուն վրայէն ուսերուն վրայ դրուած խաչաձեւ ի նշան խաչի։
Եմիփորոններ կը գործածեն ամէն եպիսկոպոսական աստիճան ունեցողներ, ամենէն կրտսեր եպիսկոպոսէն մինչեւ կաթողիկոսը։ (Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեան):
Եմիփորոնը մաս կը կազմէ եպիսկոպոսական պատարագի զգեստին։ Սակայն, ան կարելի է օգտագործել նաեւ այլ առիթներով, եթէ ենթական օրուայ պատա-րագիչը չէ։ Օրինակ՝ եկեղեցւոյ, Ս. խորանի, մկրտութեան աւազանի, սրբանկարի օծում, դպրաց ու սարկաւագաց ձեռնադրութիւն, եւ այլն, առանց պատարագի զգեստի, բաւական է միայն շուրջարը։
Ուրեմն, շուրջար եւ եմիփորոն։
Սակայն մեր օրերուն, ինչպէս կը նկատուի, կաթողիկոս, արքեպիսկոպոս եւ եպիսկոպոս, տեղի անտեղի, եմիփորոն կ’օգտագործեն։
Թաղումի, հարսանիքի, մկրտութեան, հոգեհանգիստի, Սրբատառ Կոնդակի ընթերցում, շքանշանի տուչութեան, ու շարքը երկար է։
Այս երեւոյթը կարելի է բացատրել հետեւեալ ձեւով։
Ա. Կամ մեր այս օրերու բարձրաստիճան եկեղեցականները տարրական գիտե-լիքներու պակասէն կը տառապին,
Բ. Եւ կամ ալ իրենց մեծաւորէն՝ կաթողիկոսէն օրինակ վերցնելով, ցուցամոլու-թեան հետամուտ կ’ըլլան։ Այլ բացատրութիւն չկայ։
Փարիզ, Ֆրանսայի մէջ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ներկայ կը գտնուի հանգուցեալ Շառլ Ազնավուրի թաղման արարողութեան, իր կողքին ունենալով երկու եպիսկոպոսներ։ Մինչեւ հոս ամէն ինչ բնական է։ Սակայն բնական չէ, երբ կը տեսնես, որ կաթողիկոս եւ եպիսկոպոսներ շուրջարով, եմիփորոնով, կաթողիկո-սական ու եպիսկոպոսական գաւազաններով ու ձեռաց խաչերով կը ներկայանան։ Տգիտութեան մարմնացում։ Ինչո՞ւ, ըսեմ։
Առաջին հերթին, կաթողիկոսը չի հանդիսապետէր, այլ՝ կը նախագահէ իր գահէն։
Երկրորդ՝ թեմի առաջնորդը կը հանդիսապետէ փիլոնով, գաւազանով ու ձեռաց խաչով։ Իսկ շուրջար կ’առնէ այն եկեղեցականը, որ պիտի կարդայ Աւետարանը։
Սակայն Փարիզի պատկերը ուրիշ բան կ’ըսէ:

Լոս Անճելոս, Քալիֆորնիա։ Ամենայն Հայոցը հրաւիրուած է, ու Ս. պատարագ պիտի մատուցէ, Պըր Պանքի առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջին հայեացքով, ներկայ գտնուող հաւատացեալները պահ մը կը տարուին մտածելու, թէ արդեօ՞ք կաթողիկոսը Ս. Միւռոնի օրհնութիւն պիտի կատարէ, եւ կամ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմին համար կաթողիկոս պիտի օծէ։
Ինչո՞ւ։ Պատճառը յստակ է։

Հրաշափառի երգեցողութեան ներքեւ մեր կաթողիկոսը եկեղեցի կ’առաջնորդուի չորս առընթերակայ եպիսկոպոսներով եւ չորս կիսազգեստ հոգեւորականներով։ Երկուքի պարագային ալ չափազանցութիւն կայ։ Զիս ամենէն շատ զարմացնողը, մասնակից եպիսկոպոսներու անփութութիւնն է։ Այսպիսի երեւոյթներ վայել են միայն անփառունակ մարդկանց, որոնք իրենց փառքը կ’ուզեն տեսնել ցուցամոլութեանց մէջ։
Ասոր մէջ ամենէն ցաւալին այն է, որ չորս առընթերակայ եպիսկոպոսնեէն երկուքը Երուսաղէմի միաբան են, մէկը՝ Տանն Կիլիկիոյ, իսկ վերջինը՝ յիսուն առ հարիւր Անթիլիասական եւ յիսուն առ հարիւր Էջմիածնական։ Եւ ոչ մէկ առարկող, որռվհետեւ մեր կաթողիկոսը առարկութիւն չուզէր: Ինքն է կարգն ու կանոնը, օրէնքն ու Ազգային Եկեղեցական Սահմանադրութիւնը:


Ինքն է անսխալականը:
Այս երեւոյթը կը կրկնուի նաեւ Արցախ աշխարհի մէջ, երբ մեր կաթողիկոսը կը հանդիսապետէ նորաշէն եկեղեցւոյ մը օծման արարողութեան, իր շուրջ ունե-նալով տասնեակ մը զգեստաւորուած եպիսկոպոսներ։ Ալէլուիա։
Չորս սխալ միանգամայն։

  1. Գահին վրայ բազմած պատա-րագիչ կաթողիկոսը իրաւունք չունի մէկ ձեռքին գաւազան, իսկ միւս ձեռքին խաչ բռնել։
  2. Պատարագիչը անգամ մը որ խորան բարձրանայ, կը հրաժարի գաւազանէն մինչեւ քարոզ, որու աւարտին կը վերա-դարձնէ զայն։ Ու ապա վերստին կը ստա-նայ պատարագի աւարտին։
  3. Հետեւաբար, գաւազանակրի ներկա-յութիւնը խորանին վրայ անիմաստ է’ ու անտեղի։
  4. Օրուայ Ճաշու Աւետարան ընթերցող առընթերակայ եպիսկոպոսը իրաւունք չունի խոյրը գլուխէն հանելու։ Եւ ոչ ալ վերաբերում կատարող առընթերակայ եպիսկոպոսը մերկանալու իր զարդերէն։ Իրենք պատարագիչը չե՛ն։
  1. Հաւատամքի պահուն, պատարագիչը կը մնայ իր տեղը, խորանին առջեւ, պատուանդանին վրայ եւ ոչ թէ կը միանայ օրուայ Ճաշու Աւետարանը ընթերցողին եւ խորանի այլ ծառայողներուն, որոնք կողք կողքի հորիզոնական կը կենան։ Չի բաւեր, որ մեր կաթողիկոսը կը միանայ, այլ երկրորդ սխալ մը եւս կ’ընէ, ձեռին գաւազան ու խաչ ունենալով։
    Այսքան տարրական գիտելիքներէ զուրկ կաթողիկոս մը, արժանի չէ նոյնիսկ լուսարարի պաշտօն ստանձնելու։ Հաւատացէ՛ք, մեր գիւղերու անգրագէտ լուսարարներն (ժամկոչներ) անգամ թոյլ պիտի չտային նման խախտումներու։
    Այս երեւոյթները ոչ թէ միայն ցաւալի են, այլ՝ թող ներուի տրուպիս, եթէ ըսեմ, ծիծաղելի է։
    Այս տխուր եւ ծիծաղելի երեւոյթներու պատասխանատուն, Մայր Աթոռի երի-տասարդ, սակայն եկեղեցւոյ Ծիսական Բառարանին անծանօթ Լուսարարապետն է։
    «Ինչպէս որ փուշը չի դառնալու վարդ,
    Այնպէս էլ կյանքում, ինչ ուզեք արեք,
    Մարդիկ կան, որոնք չեն դառնալու
    ՄԱՐԴ …»:
    Իմաստուն խորհուրդներ
    «Մզկիթը որքան մեծ ըլլայ,
    խոճան իր գիտցածը կը կարդայ»:
    Ժողովրդային ասացուածք
    Ահա այսպիսին է Գարեգին Բ. ծայրապետը
    Յարգանքներով՝
    Անթօ Սահակ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *